Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/14 էջ 4
  • Մասնայատուկ հրաւէր մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մասնայատուկ հրաւէր մը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հրաւէր մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Յիշատակատօնը ծանուցանող արշաւը կը սկսի մարտ 1–ին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Համաժողովի հրաւիրագիր բաշխելու արշաւ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Յիշատակատօնի հրաւիրագիրներու արշաւը կը սկսի մարտ 22–ին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
թծ 4/14 էջ 4

Մասնայատուկ հրաւէր մը

1. 2014–ի համաժողովներուն հրաւիրագիրները բաշխելու արշաւը ե՞րբ պիտի սկսի։

1 Եթէ կը ծրագրէիր բարեկամներուդ կամ ընտանիքիդ համար եփել յատուկ ճաշ մը, որուն պատրաստութիւնը շատ ջանք կը պահանջէ եւ ծախսի կը կարօտի, զիրենք հրաւիրելով հաւանաբար շատ խանդավառ պիտի ըլլայիր։ Համանման կերպով, շատ աշխատանք տարուեցաւ պատրաստելու հոգեւոր կոչունքը, որ պիտի ներկայացուի 2014–ի նահանգային եւ միջազգային համաժողովներուն ընթացքին։ Համաժողովին նախորդող երեք շաբաթներուն ընթացքին, ուրիշները հրաւիրելու առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ խանդավառութեամբ հրաւիրագիրները բաշխենք։

2. Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ, որ արշաւին լիովին մասնակցինք։

2 Պիտի մղուինք արշաւին լիովին մասնակցելու, երբ գնահատութեամբ մտածենք թէ անձամբ որքա՜ն կ’օգտուինք այն հոգեւոր խնճոյքէն, որ Եհովան մեր համաժողովներուն ընթացքին կը հայթայթէ (Եսա. 65։13, 14)։ Նաեւ, պէտք է յիշենք թէ մեր տարեկան արշաւը արդիւնաբեր կ’ըլլայ։ Մեր հրաւիրած անհատներէն ոմանք համաժողովին ներկայ պիտի գտնուին։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ հրաւէրին ընդառաջողներուն թիւը, արշաւին ընթացքին մեր ժրաջան ջանքերը Եհովան պիտի փառաբանեն եւ իր առատաձեռնութիւնը արտացոլեն (Սաղ. 145։3, 7. Յայտ. 22։17)։

3. Հրաւիրագիրները ինչպէ՞ս պիտի բաշխուին։

3 Իւրաքանչիւր երէցներու մարմին պէտք է որոշէ, թէ ժողովքի հրատարակիչները ինչպէ՛ս կրնան շատ թիւով հրաւիրագիրներ բաշխել, ներառեալ եթէ հարկ կայ տունը չեղողներուն դրան առջեւ հրաւիրագիրներ ձգել կամ զանոնք հանրային ծառայութեան ընթացքին բաշխել։ Շաբաթավերջերուն, պարբերաթերթերը պէտք է հրաւիրագիրներուն հետ ներկայացուին, երբ որ յարմար ըլլայ։ Եթէ ամսուան առաջին շաբաթ օրը արշաւին ատեն ըլլայ, կարեւորութիւն պէտք է տրուի հրաւիրագիրներ բաշխելու, քան՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Երբ արշաւը աւարտի, որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլանք գիտնալով, որ խանդավառօրէն մասնակցեցանք եւ կարելի եղածին չափ մարդիկ հրաւիրեցինք, որպէսզի Եհովային հայթայթած հոգեւոր խնճոյքին ընթացքին մեզի միանան։

[Շրջանակ՝ էջ 4]

Ի՞նչ պիտի ըսես։

Բարեւ տալէ ետք, կրնաս ըսել. «Մենք համաշխարհային արշաւի մը կը մասնակցինք, որպէսզի մարդիկը շատ կարեւոր առիթի մը հրաւիրենք։ Թուականը, ժամը եւ հասցէն նշուած են այս հրաւիրագրին մէջ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել