Հրաւէր մը
1. Համաժողովի հրաւիրագիրները բաշխելու արշաւը ե՞րբ պիտի սկսի։
1 Եթէ կը ծրագրէիր բարեկամներուդ կամ ընտանիքիդ համար եփել յատուկ ճաշ մը, որուն պատրաստութիւնը շատ ջանք կը պահանջէ եւ ծախսի կը կարօտի, հաւանաբար զիրենք հրաւիրելով շատ խանդավառ պիտի ըլլայիր։ Համանման կերպով, շատ աշխատանք տարուեցաւ պատրաստելու հոգեւոր կոչունքը, որ պիտի ներկայացուի գալիք համաժողովին ընթացքին։ Համաժողովին նախորդող երեք շաբաթներուն ընթացքին, Եհովան մեզի առանձնաշնորհումը տուած է ուրիշները հրաւիրելու։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ խանդավառութեամբ հրաւիրագիրները բաշխենք։
2. Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ, որ արշաւին լիովին մասնակցինք։
2 Պիտի մղուինք արշաւին լիովին մասնակցելու, երբ գնահատութեամբ մտածենք թէ անձամբ որքա՜ն կ’օգտուինք այն թարմացուցիչ ցուցմունքներէն, որոնք Եհովան մեր համաժողովներուն ընթացքին կը հայթայթէ (Եսա. 65։13, 14)։ Նաեւ, պէտք է յիշենք թէ մեր տարեկան արշաւը արդիւնաբեր կ’ըլլայ (տե՛ս «Արշաւը արդիւնաբեր է» շրջանակը)։ Մեր հրաւիրած անհատներէն ոմանք համաժողովին ներկայ պիտի գտնուին, իսկ ոմանք՝ ո՛չ։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ հրաւէրին ընդառաջողներուն թիւը, արշաւին ընթացքին մեր ժրաջան ջանքերը Եհովան կը փառաբանեն եւ իր առատաձեռնութիւնը կ’արտացոլեն (Սաղ. 145։3, 7. Յայտ. 22։17)։
3. Հրաւիրագիրները ինչպէ՞ս պիտի բաշխուին։
3 Իւրաքանչիւր երէցներու մարմին պէտք է որոշէ, թէ ժողովքը ինչպէ՛ս կրնայ շատ թիւով հրաւիրագիրներ բաշխել, ներառեալ եթէ հարկ կայ տունը չեղողներուն դրան առջեւ հրաւիրագիրներ ձգել կամ զանոնք հանրային ծառայութեան ընթացքին բաշխել իրենց թաղամասին մէջ։ Շաբաթավերջերուն, պարբերաթերթերը պէտք է հրաւիրագիրներուն հետ ներկայացուին, երբ որ յարմար ըլլայ։ Երբ արշաւը աւարտի, որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլանք գիտնալով թէ խանդավառօրէն մասնակցեցանք եւ թէ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ մեզի միացան Եհովային հայթայթած հոգեւոր խնճոյքին։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Ի՞նչ պիտի ըսես։
Բարեւ տալէ ետք, կրնաս ըսել. «Մենք համաշխարհային արշաւի մը կը մասնակցինք, որպէսզի այս հրաւիրագիրով ձեզ շատ կարեւոր առիթի մը հրաւիրենք։ Թուականը, ժամը եւ հասցէն նշուած են հրաւիրագրին մէջ»։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Արշաւը արդիւնաբեր է
• Քանի մը տարի առաջ, երբ քոյր մը հրաւիրագիրները բաշխելու արշաւին կը մասնակցէր, հարց տուաւ թէ արդեօք կ’արժէ՛ր այդքան ջանք թափել։ Ան մտածեց. ‘Մարդիկ իրապէս պիտի ընդառաջե՞ն եւ մեզի հետ համաժողովին ներկայ պիտի գտնուի՞ն’։ Շաբաթ առաւօտ, համաժողովին օրը, ան նկատեց թէ սիխ երիտասարդ մը իրեն մօտիկ տեղ մը նստած է, ուստի որոշեց ինքզինք ծանօթացնել։ Ի յայտ եկաւ թէ ան համաժողովին ներկայ էր, քանի որ հրաւիրագիր մը ստացած էր։ Ան ունէր շատ հարցումներ, որոնց քոյրը կրնար պատասխանել։ Ան ըսաւ թէ շա՛տ հաճոյքով կ’ունկնդրէր յայտագիրը եւ թէ շա՛տ տպաւորուած էր պատուիրակներուն տեսքով եւ վարքով։ Նոյն օրը, քոյրը խօսակցութիւն ունեցաւ իրեն մօտ նստած զոյգի մը հետ։ Անոնք եւս հրաւիրագիր ստացած էին, եւ հանրակառքով համաժողովի եկած էին։ Անոնք համաժողովի յայտագիրը հաճոյքով մտիկ կ’ընէին եւ կը ծրագրէին կիրակի օրն ալ ներկայ գտնուիլ։ Այն ատեն քոյրը անդրադարձաւ թէ մեր տարեկան արշաւը որքա՛ն կարեւոր է։
• Վերջերս համաժողովի մը ընթացքին, ռահվիրայ զոյգ մը ծանօթացաւ տարիքով աւելի մեծ զոյգի մը, որ առաջին անգամ ըլլալով համաժողովին ներկայ կը գտնուէր։ Կանոնաւոր ռահվիրաները հարցուցին. «Ո՞վ ձեզ հրաւիրեց»։ Անոնք պատասխանեցին. «Օր մը երբ տուն վերադարձանք, մեր դրան տակ հրաւիրագիր մը գտանք»։ Անոնք հրաւիրագիրը կարդացին եւ նոյնիսկ ետեւի կտրօնը լեցուցին։ Համաժողովին ուրիշ պատուիրակներ այս զոյգին ճաշ հրամցուցին։ Անոնք յայտագիրը այնքա՛ն սիրեցին, որ որոշեցին յաջորդ օրն ալ ներկայ գտնուիլ։ Կարգադրութիւններ եղան որ հրատարակիչներ իրենց այցելեն եւ իրենց հետաքրքրութիւնը հետապնդեն։