Արդիւնաբեր արշաւ մը
Համաժողովը նախորդող երեք շաբաթներուն ընթացքին, ժողովքներ անգամ մը եւս պիտի մասնակցին արշաւի մը, որուն նպատակն է թաղամասին մէջի հետաքրքրուած անհատները համաժողովին հրաւիրել։ Այս տարեկան արշաւը կայացուելուն վաւերական պատճառ կայ։ Անոնք որոնք կ’ընդունին հրաւիրագիրը եւ համաժողովի կու գան, յաճախ կը տպաւորուին՝ աստուածաշնչական դասախօսութիւններով, բոլորովին կամաւորներու կողմէ վարուած ու լաւ կազմակերպուած բաժանմունքներով, եւ մեր միութեամբ ու ցուցաբերած ընտիր վարքով (Սաղ. 110։3. 133։1. Եսա. 65։13, 14)։ Այսուհանդերձ, արդեօք մեր արշաւը արդիւնաբեր կ’ըլլա՞յ, մա՛նաւանդ այն շրջաններուն մէջ, ուր հետաքրքրուած անհատներ պէտք է բաւական ճամբայ կտրեն համաժողովին ներկայ գտնուելու համար։
2011–ի նահանգային համաժողովէն ետք, մասնաճիւղ մը նամակ ստացաւ կնոջմէ մը, որ հրաւիրագիր մը գտած էր իր դրան առջեւ։ Ինք ընդհանրապէս կը պահուըտէր, երբ Եհովայի վկաները իր դուռը զարնէին։ Կինը գրեց. «Ես գեղեցիկ տուն եւ հիանալի ամուսին մը ունէի, եւ կը կարծէի թէ ամէն ինչ ունիմ որպէսզի ուրախ ըլլամ։ Բայց ցաւօք սրտի, տակաւին ուրախ չէի եւ կեանքս իրապէս նպատակ մը չունէր։ Ուստի որոշեցի 320 քմ կտրել ինքնաշարժով, որպէսզի շաբաթ օրուան յայտագրին ներկայ գտնուիմ»։ Ան այնքա՛ն հաճոյք առաւ համաժողովէն, որ իր ամուսինին հեռաձայնեց, ըսելով թէ այդ օրը հոն պիտի գիշերէր, որպէսզի կիրակի օրն ալ ներկայ գտնուէր։ «Բոլոր դասախօսութիւնները մտիկ ըրի, բազմաթիւ Եհովայի վկաներու ծանօթացայ եւ մտքիս մէջ ըսի որ երանի թէ վերջ չգտնէր»։ Տուն վերադառնալէ ետք կինը սկսաւ ուսումնասիրել, եւ չորս ամիս ետք չմկրտուած հրատարակիչ մը եղաւ։ «Շա՜տ ուրախ եմ որ դրանս առջեւ այդ հրաւիրագիրը գտայ, քանի որ հիմա կեանքս ի՛րապէս նպատակ ունի»։
Հրաւիրագիր ստացողներէն ոմանք ներկայ պիտի գտնուին։ Հետեւաբար, նախանձախնդրօրէն մասնակցէ այս կարեւոր արշաւին։ Աւելցած բոլոր հրաւիրագիրները հետդ տար այն քաղաքը, ուր համաժողով պիտի ըլլայ եւ զանոնք գործածէ անպաշտօն վկայութեան համար։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Ինչպէ՞ս պիտի առաջարկենք հրաւիրագիրը։
Մեր թաղամասը ծածկելու համար, հարկ է որ հակիրճ կերպով խօսինք։ Կրնանք համանման բան մը ըսել. «Բարեւ։ Մենք կը մասնակցինք համաշխարհային արշաւի մը, այս հրաւիրագիրը բաժնելու համար։ Ասիկա ձեր օրինակն է։ Հրաւիրագրին մէջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի գտնէք»։ Խանդավա՛ռ եղիր։ Երբ շաբաթավերջերուն կը մասնակցինք այս արշաւին, պարբերաթերթերն ալ պէտք է առաջարկենք, եթէ յարմար է։