Աստուած փառաւորող վարք մը
1. Եհովայի վկաները ինչո՞ւ դիւրութեամբ կը զատորոշուին, երբ նահանգային համաժողովի մը ներկայ կը գտնուին։
1 Մենք շատ դիւրութեամբ կը զատորոշուինք, երբ նահանգային համաժողովներու ներկայ կը գտնուինք։ Համաժողովներու շատ մը քաղաքներու մէջ, տեղական լրատուամիջոցները մեր մասին կը տեղեկացնեն շրջանի մարդոց։ Պանդոկներն ու ճաշարանները յաճախ խճողուած կ’ըլլան պատուիրակներով, եւ տեղացիները շուտով կը նշմարեն համաժողովի լանջանշաններ կրող բազմաթիւ այցելուները։ Ստորեւ նշուած են կարգ մը յիշեցումներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն Աստուած փառաւորելու, մինչ համաժողովի քաղաքին մէջ լաւ վարք կը դրսեւորենք (Ա. Պետ. 2։12)։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած փառաւորել մեր համեստ հագուելակերպով՝ մինչ համաժողովի քաղաքին մէջ ենք։
2 Համեստ հագուելակերպ։ Յայտագրի ընթացքին մեր պատշաճ հագուելակերպը յաճախ դիտորդները կը տպաւորէ։ Սակայն մարդիկ շատ աւելի մեծ տպաւորութիւն կրնան ստանալ, երբ մեր հագուելակերպը նկատեն ուրիշ առիթներու, ինչպէս՝ պանդոկ ժամանելու ատեն, ճաշարաններու մէջ ուտելու ատեն, գնումի ատեն, եւ այլն։ Ճիշդ է որ այդպիսի առիթներուն պէտք չունինք պաշտօնական հագուելու, բայց եւ այնպէս, ինչ որ ալ հագնինք, պէտք է համեստ եւ արժանավայել ըլլայ եւ ոչ թէ չափազանց անպաշտօն։ Դիտորդներ պէտք է կարենան տարբերութիւնը տեսնել մեր եւ անհաւատներու միջեւ (Հռով. 12։2)։ Ասկէ զատ, հարկ է որ կրենք համաժողովի մեր լանջանշանները, որոնք համաժողովը կը ծանուցանեն, վկայելու առիթներ կը ստեղծեն եւ թոյլ կու տան որ ուրիշ պատուիրակներ մեզ զատորոշեն։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք համբերութիւն եւ քաղաքավարութիւն դրսեւորել։
3 Համբերութիւն եւ քաղաքավարութիւն։ Անձնակեդրոն եւ անշնորհակալ մարդոցմով շրջապատուած աշխարհի մը մէջ, մեր համբերութիւնն ու քաղաքավարութիւնը մեծապէս պիտի թարմացնէ որոշ դիտորդներ, ինչպէս՝ պանդոկի կամ ճաշարանի անձնակազմեր (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Երբ աթոռներ կը գրաւենք կամ համաժողովին լոյս տեսած հրատարակութիւնները ստանալու համար շարքի կը կայնինք, ոչ թէ մեր օգուտը պիտի փնտռենք, հապա մեր ընկերինը (Ա. Կոր. 10։23, 24)։ Հետաքրքրուած անհատ մը, երբ առաջին անգամ համաժողովի ներկայ գտնուեցաւ, յետագային ըսաւ. «Չեմ յիշեր թէ այդ օրը ի՛նչ դասախօսութիւններ տրուեցան, բայց Վկաներուն վարքը մտքիս մէջ տակաւին դրոշմուած է»։
4. Ինչո՞ւ պէտք է մտածենք կամաւորաբար օգնելու մասին, եթէ մեր պարագաները կը ներեն։
4 Անձնուրաց կամաւորներ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները բնորոշուած են յօժարակամ հոգիով (Սաղ. 110։3)։ Կրնա՞ս կամաւորաբար օգնութեան ձեռք տալ համաժողովին մէջ։ Որոշ համաժողովի մը մէջ, շուրջ 600 եղբայրներ ու քոյրեր յօժարակամ եղան՝ համաժողովը սկսելէն առաջ մաքրութեան գործեր ընելու։ Անձնակազմը նշեց. «Մինչեւ օրս այսպիսի զարմանալի բան չէինք տեսած։ Դժուար է պատկերացնել թէ այս բոլորը կամաւորներ են»։ Մենք անձկութեամբ կը սպասենք 2013–ի նահանգային համաժողովներուն եւ մեր առջեւ դրուած առիթին՝ ոչ միայն լսելու եւ սորվելու, այլեւ՝ Աստուած փառաւորելու։
[Շրջանակ՝ էջ 3-6]
2013–ի նահանգային համաժողովի յիշեցումներ
◼ Յայտագրին ժամերը։ Դռները պիտի բացուին առաւօտեան ժամը 8։00–ին։ Երեք օրերուն ալ, բացման երաժշտութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։20–ին։ Այդ ատեն, բոլորս մեր տեղերը պէտք է նստինք, որպէսզի յայտագիրը յարգալից կերպով սկսի։ Փակման երգն ու աղօթքը ուրբաթ ու շաբաթ օրերը պիտի ըլլան կէսօրէ ետք ժամը 4։50–ին, իսկ կիրակի օրը՝ 3։35–ին։
◼ Կայանատեղեր։ Այն համաժողովը, որուն ընթացքին կառավայրի վրայ վերահսկելը մեզի վստահուած է, մատչելի տեղերը ինքնաշարժ շարելը անվճար պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ սովորաբար կայանատեղերը սահմանափակ են, ինքնաշարժները կարելի եղածին չափ անձերով լեցուն պէտք է ըլլան։ Միայն ան, որ իր ինքնաշարժին վրայ արտօնագիր կը կրէ թէ ֆիզիքապէս անկարող է, պիտի կարենայ զայն շարել հո՛ն՝ ուր անկարողներուն վերապահուած է։
◼ Նստարաններ ապահովել։ Կարելի է աթոռներ ապահովել միմիայն ձեզի հետ ինքնաշարժով եկողներուն կամ ձեզի հետ նոյն տան մէջ ապրողներուն համար, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնց հետ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք։ Տարեցներուն եւ անկարողներուն յատկացուած աթոռներուն թիւը սահմանափակ է, ուստի թերեւս կարելի չըլլայ որ իրենց ընտանիքի բոլոր անդամները իրենց հետ նստին։ Հաճեցէք թոյլ տալ, որ միայն տարեցները, անկարողները եւ անոնց հոգ տանողները նստին այդ նստարաններուն վրայ (Ա. Կոր. 13։5)։
◼ Ճաշ։ Հաճեցէք ձեզի հետ բերել թեթեւ ճաշ մը, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելով այլուր ճաշելու։ Կրնաք գործածել պզտիկ պաղարան մը, որ կրնայ աթոռին տակ զետեղուիլ։ Մեծ պաղարաններ եւ ապակեայ պահեստամաններ համաժողովի վայրերէն ներս արտօնուած չեն։
◼ Նուիրատուութիւն։ Համաժողովի կարգադրութիւններուն հանդէպ կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ՝ համաշխարհային գործին ի նպաստ ինքնայօժար նուիրատուութիւններ ընելով համաժողովին մէջ։ Վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Եհովայի վկաներու քրիստոնէական ժողովք»ին անունով պէտք է ըլլան։ Նուիրատուութիւնները նաեւ կարելի է կատարել պարտքի արձանագրութեան կամ վարկաքարտերու միջոցով։
◼ Դեղեր։ Եթէ դեղագիրի մը համաձայն որոշ դեղերու պէտք ունիք, վստահ եղէք որ ձեզի հետ բաւարար չափով բերէք զանոնք, քանի որ համաժողովին մէջ ոչինչ մատչելի պիտի ըլլայ։ Համաժողովին եւ պանդոկներուն մէջ, շաքարախտի համար գործածուած ներարկիչները եւ ասեղները պատշաճ կերպով պէտք է թափուին վտանգաւոր նիւթերու համար յատկացուած աղբակալին մէջ, եւ ոչ թէ սովորական աղբակալին մէջ։
◼ Կօշիկ։ Ամէն տարի կօշիկի, մանաւանդ բարձր կրունկով կօշիկի, առնչուած վնասուածքներ կը պատահին։ Լաւագոյն բանն է ընտրել համեստ ու հանգստաւէտ կօշիկներ, որոնք անհատին թոյլ պիտի տան, որ աստիճաններուն եւ ա՛յլ բաներու վրայ ապահովութեամբ քալէ։
◼ Լսողութեան տկարութիւն։ Լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի մէկ ալիքին վրայ։ Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ձեզի հետ պէտք է բերէք մարտկոցներով աշխատող պզտիկ FM ձայնասփիւռ մը եւ ընկալուչներ։
◼ Մանկասայլակներ ու ծալաթոռներ։ Համաժողովի վայրերուն մէջ մանուկներու կառքեր ու ծալելիք աթոռներ պէտք չէ բերուին։ Սակայն ընդունելի են մանուկներու յատուկ այն աթոռները, որոնք կրնան ծնողքին քովի աթոռին վրայ ամրացուիլ։
◼ Օծանելիքներ։ Համաժողովներուն մեծամասնութիւնը տեղի կ’ունենայ գոց վայրերու մէջ, ուր մեքենական օդափոխութիւն կը գործածուի։ Հետեւաբար բարութիւն դրսեւորած կ’ըլլանք, եթէ սահմանափակենք զօրաւոր օծանելիքներու գործածութիւնը, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ շնչառական կամ յարակից խնդիրներէ տառապող անհատներու վրայ (Ա. Կոր. 10։24)։
◼ Հաճեցէք այցելել պատճէնները (S-43)։ Հաճեցէք այցելել պատճէն մը պէտք է գործածուի տեղեկութիւն հայթայթելու ոեւէ անհատի մասին, որ համաժողովի օրերուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ՝ անպաշտօն վկայութեան շնորհիւ։ Պատճէնները լեցնելէ ետք, կրնաք զանոնք յանձնել Հրատարակութիւններու բաժանմունքին կամ ժողովքի քարտուղարին՝ երբ վերադառնաք։
◼ Ճաշարաններ։ Ճաշարաններուն մէջ ձեր ընտիր վարքով Եհովայի անունը պատուեցէք։ Քրիստոնէավայել կերպով հագուեցէք։ Եթէ սովորութիւն է՝ ձեռաձիր մը ձգեցէք։
◼ Պանդոկներ։
1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակին մէջ արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։
2) Միայն ստիպողական պարագայի մը համար ձեր վերապահումը ջնջեցէք, եւ անմիջապէս պանդոկին տեղեկացուցէք ասիկա, որպէսզի բնակարան փնտռող ուրիշ անհատներ կարենան սենեակը գործածել (Մատ. 5։37)։ Եթէ վերապահում մը չեղեալ պիտի սեպէք, ջնջումի թիւը ձեռք ձգեցէք։ Սենեակ մը կրնաք ջնջել առաւելագոյնը 48 ժամ առաջ, ապա թէ ոչ ձեր կանխավճարը ձեզի չի վերադարձուիր։
3) Հաճեցէք ի մտի ունենալ, որ եթէ պանդոկին մէջ գրանցուելու ատեն ձեր վրայ պարտք արձանագրուի կամ վարկաքարտ գործածէք, սովորութիւն է որ պանդոկը ձեր հաշիւէն գումար մը սառեցնէ, որպէսզի ձեր սենեակի ընդհանուր սակը ե՛ւ ձեր կեցութեան ընթացքին պատահելիք վնասներու կամ արկածներու ծախսերը գոցէ։ Այդ գումարը պիտի չկարենաք գործածել, մինչեւ որ ձեր հաշիւը փակուի՝ ձեր մեկնելէն քանի մը օր ետք։
4) Ապրանք տեղափոխելու կառքը առէք միայն երբ պատրաստ էք զայն գործածելու, եւ անմիջապէս վերադարձուցէք, որպէսզի ուրիշներ ալ զայն գործածեն։
5) Եթէ ձեր շրջանին մէջ սովորութիւն է, պանդոկի գործաւորներուն ձեռաձիր տուէք երբ ձեր պայուսակները կը կրեն, իսկ սենեակին հոգ տանողին ամէն օր ձեռաձիր ձգեցէք։
6) Մի՛ եփէք այն սենեակներուն մէջ, ուր եփելը արգիլուած է։
7) Մի՛ շահագործէք պանդոկին անվճար նախաճաշը, սուրճը կամ սառը, որոնք բոլոր իջեւանողներուն համար են։
8) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ ամէն ատեն հոգիին պտուղին երեսակները ցուցաբերեցէք։ Անոնք բազմաթիւ հիւրերու հոգ կը տանին եւ կը գնահատեն մեր ազնուութիւնը, համբերութիւնն ու խոհեմութիւնը։
9) Ծնողներ ամէն ատեն պէտք է իրենց զաւակներուն վրայ հսկեն պանդոկին մէջ, ներառեալ՝ լողաւազանին, նախասրահին եւ մարմնամարզանքի սրահին մէջ եւ այլուր։
10) Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին վրայ նշուած սենեակին սակը՝ մէկ օրուան լման գինն է, բացի տուրքէն։ Եթէ ձեզմէ յաւելեալ գումար պահանջուի, մերժեցէք վճարել եւ անմիջապէս համաժողովի Իջեւանի բաժանմունքին տեղեկացուցէք։
11) Եթէ ձեր պանդոկի սենեակին վերաբերեալ խնդիր մը ծագի, Իջեւանի բաժանմունքին տեղեկացուցէք մինչ համաժողովի վայրն էք, որպէսզի կարենայ ձեզի օգնել։
◼ Կամաւոր սպասարկութիւն։ Ոեւէ անհատ, որ կը փափաքի կամաւոր ըլլալ, համաժողովին մէջ պէտք է տեղեկացնէ Կամաւոր սպասարկութեան բաժանմունքին։ Այն երեխաները, որոնք 16 տարեկանէն վար են, կրնան բաժին բերել, գործելով ծնողի կամ խնամակալի եւ կամ անոնցմէ մէկուն հաւանութիւնը ունեցող չափահասի մը ուղղութեան ներքեւ։