Յիշատակատօնի հրաւիրագիրներու արշաւը կը սկսի մարտ 22–ին
Այս տարի մարդիկը Յիշատակատօնի հրաւիրելու մեր արշաւը կը սկսի մարտ 22–ին։ Բոլորին քաջալերութիւն կը տրուի որ լմա՛ն մասնակցութիւն բերեն։ Նաեւ՝ շաբաթավերջերուն պիտի առաջարկենք պարբերաթերթերը, եթէ յարմար է։ Ապրիլ ամսուան առաջին շաբաթ օրը, պիտի կեդրոնանանք հրաւիրագիրնե՛րը բաշխելուն, եւ ոչ թէ՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելուն վրայ։ Սակայն եթէ հանդիպինք անհատի մը, որ մասնայատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, տակաւին կրնանք ջանալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Ծառայութեան տեսուչը կրնայ որոշել, թէ հանրային վկայութեամբ հրաւիրագիրներ բաշխելը պիտի օգնէ՞ ժողովքին, որ թաղամասին մէջ աւելի շա՛տ մարդոց հասնի, կամ ոչ։ Հիմակուընէ ցանկ մը պատրաստէ, գրելով ազգականներուդ, գործակիցներուդ, դպրոցակիցներուդ, վերայցելութիւններուդ եւ ուրիշ ծանօթներու անունները, որոնց կ’ուզես հրաւիրել, եւ երբ արշաւը սկսի, հրաւիրագիրները տուր անոնց։ Յոյս ունինք որ շատեր մեզի պիտի միանան, մինչ պիտի յիշատակենք սիրոյ մեծագոյն երկու արտայայտութիւնները (Յովհ. 3։16. 15։13)։