Բժշկական ամենէն բարձրորակ խնամքը ի՞նչ է
«Անարիւն դարման ստացող հիւանդը, իրականութեան մէջ, ամենէն բարձրորակ վիրաբուժութեան ենթարկուող անհատն է»։ Այսպէս ըսաւ Բժ. Մայքըլ Ռոզ, հիւանդանոցի տնօրէն ու անզգայացնող։ «Անարիւն դարման»ը ի՞նչ գործընթացներ եւ ներարկումի փոխընտրութիւններ կրնայ պարփակել։ Ասոնք պէտք է գիտնաս, որպէսզի կարենաս բժշկական դարմանումի եւ վիրաբուժութեան վերաբերեալ իրազեկ որոշումներ կայացնել։ Բժշկութիւնը կը դիմագրաւէ արիւն չգործածելու մարտահրաւէրը խորագրով տեսաերիզը դիտէ։ Անկէ ետք, հասկացողութիւնդ փորձի ենթարկէ՝ ստորեւ նշուած հարցումները գործածելով։—Նշում. որովհետեւ տեսաերիզը վիրաբուժական կարճ տեսարաններ կը բովանդակէ, ծնողները լաւ դատողութիւն գործածելով պէտք է որոշեն թէ իրենց զաւակները զայն դիտե՛ն կամ ոչ։
(1) Եհովայի Վկաները ի՞նչ գլխաւոր պատճառով կը մերժեն արեան ներարկումը։ (2) Եհովայի Վկաները բժշկական խնամքի նկատմամբ ի՞նչ կը փափաքին։ (3) Հիւանդները հիմնական ի՞նչ իրաւունք ունին։ (4) Ներարկման փոխընտրութիւններ ընտրելը ինչո՞ւ տրամաբանական ու խոհեմութիւն է։ (5) Երբ շատ արիւն կորսուի, բժիշկները նախ կը ջանան ի՞նչ երկու բաներ ընել։ (6) Ի՞նչ են ներարկումի փոխընտրութեան մեթոտներուն չորս սկզբունքները։ (7) Բժիշկները ի՞նչպէս կրնան (ա) արիւնահոսութիւնը նուազեցնել, (բ) արեան կարմիր գնդիկները խնայել, (գ) արեան արտադրութիւնը արագացնել, եւ (դ) կորսուած արիւնը վերադարձնել։ (8) Նկարագրէ (ա) արեան նօսրացումը եւ (բ) բջիջի փրկութիւնը։ (9) Որեւէ ներարկումի փոխընտրութեան առնչութեամբ ի՞նչ բան պիտի ուզես գիտնալ։ (10) Կարելի՞ է լուրջ եւ բարդ վիրաբուժութիւններ կատարել, առանց արիւն ներարկելու։ (11) Բժշկական հաւաքականութենէն ներս ի՞նչ դրական զարգացում տեղի կ’ունենայ։
Տեսաերիզին մէջ ներկայացուած կարգ մը դարմանումները ընդունիլը անհատական որոշում է, Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքին համաձայն։ Որոշա՞ծ ես թէ ո՛ր ներարկման փոխընտրութիւնները պիտի ընդունիս քեզի ու զաւակներուդ համար։ Ընտանիքի Վկայ չեղող անդամներն ալ որոշումներէդ եւ անոնց պատճառներէն լիովին տեղեակ պէտք է ըլլան։—Տեսնել «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 2000 եւ 15 Յունիս 2000 թիւերուն մէջ։