Ընտրութիւններդ գիտե՞ս
Աշխարհի տարածքին հետզհետէ աւելի մեծ թիւով բժշկական կեդրոններու մէջ անարիւն վիրաբուժութիւն կը կատարուի։ Անարիւն դարմանումի մարզին մէջ բոլոր մատչելի ընտրութիւններուն քաջատեղեա՞կ ես։ Հարկ է որ գիտնաս, որպէսզի կարենաս բժշկական դարմանումի ու վիրաբուժութեան նկատմամբ իրազեկ որոշումներ կայացնել։ Դիտէ Բժշկութիւնը կը դիմագրաւէ արիւն չգործածելու մարտահրաւէրը տեսաերիզը։ Ապա ջերմեռանդ աղօթքով՝ սորվածդ վերաքաղ ըրէ, ներքոյիշեալ հարցումները գործածելով (ծանօթութիւն. որովհետեւ տեսաերիզը վիրաբուժական կարճ տեսարաններ կը բովանդակէ, ծնողները լաւ դատողութիւն գործածելով պէտք է որոշեն թէ իրենց զաւակները զայն դիտե՛ն կամ ոչ)։
1) Եհովայի վկաները ի՞նչ գլխաւոր պատճառով արեան ներարկումը կը մերժեն։ 2) Եհովայի վկաները բժշկական խնամքի նկատմամբ ի՞նչ կը փափաքին։ 3) Հիւանդները ի՞նչ հիմնական իրաւունք ունին։ 4) Ներարկումի փոխընտրութիւններ ընտրելը ինչո՞ւ տրամաբանական ու խոհեմութիւն է։ 5) Երբ շատ արիւնահոսութիւն ըլլայ, բժիշկները նախ կը ջանան ի՞նչ երկու բաներ ընել։ 6) Ի՞նչ են ներարկումի փոխընտրութեան մեթոտներուն չորս սկզբունքները։ 7) Բժիշկները ինչպէ՞ս կրնան ա) արիւնահոսութիւնը նուազեցնել, բ) արեան կարմիր գնդիկները խնայել, գ) արեան արտադրութիւնը արագացնել, եւ դ) կորսուած արիւնը փրկել։ 8) Նկարագրէ ա) արեան նօսրացումը եւ բ) բջիջի փրկութիւնը։ 9) Որեւէ ներարկումի փոխընտրութեան առնչութեամբ ի՞նչ բան պիտի ուզես գիտնալ։ 10) Կարելի՞ է լուրջ եւ բարդ վիրաբուժութիւններ կատարել առանց արիւն ներարկելու։ 11) Բժշկական հաւաքականութենէն ներս ի՞նչ դրական զարգացում տեղի կ’ունենայ։
Տեսաերիզին մէջ ներկայացուած կարգ մը դարմանումները ընդունիլը անհատական որոշում է, Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքին համաձայն։ Որոշա՞ծ ես թէ բժշկական ո՛ր դարմանումներն ու մեթոտները պիտի ընդունիս քեզի եւ զաւակներուդ համար, եւ ապա Մնայուն փոխանորդագիր քարտը լեցուցա՞ծ ես։ Այս հարցերուն շուրջ ընդհանուր քննարկութեան համար, ուշադրութեամբ վերաքաղ ըրէ «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան–ի 15 հոկտեմբեր 2000 եւ 15 յունիս 2000 թիւերուն մէջ։ Ապա գործածէ նոյեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածին մէջ՝ «Արեան կոտորակները եւ արիւնս պարփակող բժշկական գործընթացները ի՞նչպէս կը նկատեմ» յօդուածին հայթայթած հարցացուցակները, ո՛ր ընտրութիւնները ընդունելու կամ մերժելու շուրջ անձնական որոշումներդ կայացնելու։ Ի վերջոյ, վստահ եղիր որ ընտրութիւններդ ճշգրտօրէն յայտնես Մնայուն փոխանորդագիր քարտիդ մէջ։ Ընտրած առողջապահական գործակալներդ եւ ընտանիքիդ մէջ Եհովայի վկայ չեղողներն ալ որոշումներուդ լիովին տեղեակ պէտք է ըլլան։