Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/08 էջ 6
  • Զայն կը յետաձգե՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զայն կը յետաձգե՞ս
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Զայն կը յետաձգե՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Բժշկական կարեւոր հոսանք մը աչքառու դարձնող տեսաերիզ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Բժշկական Կարեւոր Հոսանք մը Աչքառու Դարձնող Պատկերիզ մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Բժշկական ստիպողական պարագայի մը համար նախապատրաստուա՞ծ ես
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 1/08 էջ 6

Զայն կը յետաձգե՞ս

Ի՞նչ բան։ Մնայուն Փոխանորդագիր (ՄՓ) պատճենը լեցնելը, որ մկրտուած Վկաներուն համար հայթայթուած է։ Քանի որ ‘ոչինչ գիտենք վաղուան մասին’, էական է որ կանխաւ որոշենք եւ գրաւոր կերպով նշենք թէ բժշկական ստիպողական պարագային՝ ի՛նչ դարմանումներ ու գործընթացներ պիտի ընդունինք։ (Յակ. 4։14. Գործք 15։28, 29) Քեզի օգնելու համար, Ներարկումի փոխընտրութեան վերաբերեալ առողջապահական խնամք՝ հիւանդին կարիքներուն եւ իրաւունքներուն գոհացում տալ տեսաերիզը պատրաստուած է։ Զայն դիտէ, ապա աղօթքով՝ սորվածդ վերաքաղ ըրէ։—Ծանօթութիւն. Որովհետեւ պատկերիզը վիրաբուժական հակիրճ տեսարաններ կը բովանդակէ, ծնողները խոհականութիւն պէտք է գործածեն զայն դիտելու համար իրենց փոքր երախաներուն հետ։

(1) Բժշկական համայնքէն ոմանք ինչո՞ւ կը վերարժեւորեն արեան ներարկումի գործածութիւնը։ (2) Խրթին վիրահատութիւններու երեք օրինակ տուր, որոնք առանց արեան ներարկումի կը կատարուին։ (3) Համայն աշխարհի մէջ քանի՞ բժիշկ եւ վիրաբոյժ իրենց կամեցողութիւնը յայտնած են որ հիւանդները դարմանեն առանց արեան ներարկումի։ Անոնք ինչո՞ւ յօժար են ասիկա ընելու։ (4) Հիւանդանոցներու մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ի՞նչ յայտնած են արեան գործածութեան մասին։ (5) Արեան ներարկման առնչուած բժշկական վտանգները ի՞նչ են։ (6) Բազմաթիւ մասնագէտներ ներարկումի փոխընտրութիւններուն օգուտներուն նկատմամբ ի՞նչ եզրակացութեան յանգած են։ (7) Ի՞նչ բան սակաւարիւնութիւն կը պատճառէ։ Մարդկային մարմինը ո՞ր աստիճան կրնայ անոր տոկալ։ Անոր առնչութեամբ ի՞նչ կարելի է ընել։ (8) Հիւանդին մարմնին մէջ կարմիր գնդիկներու արտադրութիւնը ի՞նչպէս կարելի է խթանել։ (9) Վիրաբուժութեան ընթացքին արեան կորուստը նուազեցնելու համար ի՞նչ մեթոտներ կը գործածուին։ (10) Ներարկումի փոխընտրութիւնները ազդեցի՞կ են երախաներուն կամ կեանքի սպառնացող ստիպողական վիճակի մէջ եղողներուն համար։ (11) Բժշկական լաւ խնամքի բարոյագիտական գլխաւոր սկզբունքներէն մէկը ի՞նչ է։ (12) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Քրիստոնեաները անարիւն դարմանումի վերաբերեալ իրենց ընտրութիւնները կանխաւ ընեն։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։

Տեսաերիզին մէջ ներկայացուած կարգ մը դարմանումները ընդունիլը անհատական որոշում է, Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքին համաձայն։ Որոշա՞ծ ես թէ ո՛ր բժշկական դարմանումներն ու գործընթացները պիտի ընդունիս քեզի ու քու զաւակներուդ համար։ Այս հարցերուն մասին ամբողջական քննարկութեան համար, տես՝ «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը Դիտարան 15 Յունիս 2000 եւ 15 Հոկտեմբեր 2000 թիւերուն մէջ, եւ Նոյեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածը՝ «Արեան կոտորակները եւ արիւնս պարփակող բժշկական գործընթացները ի՞նչպէս կը նկատեմ» խորագրով։ Քու ընտրած առողջապահական գործակալներդ եւ ընտանիքիդ Վկայ չեղող անդամները, որոշումներուդ լիովին տեղեակ պէտք է ըլլան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել