Բժշկական Կարեւոր Հոսանք մը Աչքառու Դարձնող Պատկերիզ մը
Օրինական ու առողջապահական մասնագէտներ հիւանդներուն բարոյագիտական տեսակէտներուն եւ իրաւունքներուն հետզհետէ աւելի ուշադրութիւն կ’ընծայեն։ Ասիկա նոր դարմաններ եւ մեթոտներ յառաջ մղած է, որոնցմէ Եհովայի Վկաները կրնան օգտուիլ։ (Գործք 15։28, 29) Այս կէտին վրայ կը կեդրոնանայ՝ Արեան Ներարկման Փոխընտրութեան Վերաբերեալ Առողջապահական Խնամք—Հիւանդին Կարիքներուն եւ Իրաւունքներուն Գոհացում Տալ խորագրով պատկերիզը։ Զայն դիտեցէք, ապա ձեր սորվածը վերաքաղ ըրէք։—Նշմար. Որովհետեւ պատկերիզը վիրաբուժական հակիրճ տեսարաններ կը բովանդակէ, ծնողները խոհականութիւն պէտք է գործածեն զայն դիտելու համար իրենց փոքր երախաներուն հետ։
(1) Բժշկական համայնքը ինչո՞ւ կը վերարժեւորէ արեան ներարկումներու գործածութիւնը։ (2) Խրթին վիրահատութիւններու երեք օրինակներ տուէք, որոնք առանց արեան ներարկումներու կը կատարուին։ (3) Համայն աշխարհի մէջ քանի՞ բժիշկ եւ վիրաբոյժ իրենց կամեցողութիւնը յայտնած են որ հիւանդները դարմանեն առանց արեան ներարկումներու։ Անոնք ինչո՞ւ յօժար են ասիկա ընելու։ (4) Հիւանդանոցներու մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ի՞նչ յայտնած են արեան գործածութեան մասին։ (5) Արեան ներարկումներու հետ առնչուած բժշկական վտանգները ի՞նչ են։ (6) Շատ մը մասնագէտներ ներարկման փոխընտրութիւններուն օգուտներուն նկատմամբ ի՞նչ եզրակացութեան յանգած են։ (7) Ի՞նչ բան սակաւարիւնութիւն կը պատճառէ։ Մարդկային մարմինը ո՞ր աստիճան կրնայ անոր տոկալ։ Անոր առնչութեամբ ի՞նչ կարելի է ընել։ (8) Հիւանդին մարմնին մէջ կարմիր գնդիկներու արտադրութիւնը ի՞նչպէս կարելի է խթանել։ (9) Վիրաբուժութեան ընթացքին արեան կորուստը նուազեցնելու համար ի՞նչ մեթոտներ կը գործածուին։ (10) Ներարկման փոխընտրութիւնները ազդեցի՞կ են երախաներուն կամ կեանքի սպառնացող ստիպողական վիճակի մէջ եղողներուն համար։ (11) Բժշկական լաւ խնամքի բարոյագիտական գլխաւոր սկզբունքներէն մէկը ի՞նչ է։ (12) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Քրիստոնեաները անարիւն դարմանումի վերաբերեալ իրենց ընտրութիւնները կանխաւ ընեն։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։
Պատկերիզին մէջ ներկայացուած կարգ մը դարմանումները ընդունիլը անհատական որոշում է, Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքին համաձայն։ Որոշա՞ծ էք թէ ներարկման ո՛ր փոխընտրութիւնները պիտի ընդունիք ձեզի ու ձեր երախաներուն համար։ Վկայ չեղող ընտանիքի անդամներն ալ ձեր որոշումներէն եւ անոնց պատճառներէն լիովին տեղեակ պէտք է ըլլան։—Տես «Հարցումներ Ընթերցողներէն», Դիտարան 15 Յունիս 2000 եւ 15 Հոկտեմբեր 2000 թիւերուն մէջ։