Բժշկական կարեւոր հոսանք մը աչքառու դարձնող տեսաերիզ
Օրինական ու առողջապահական մասնագէտներ հետզհետէ աւելի ուշադրութիւն կ’ընծայեն հիւանդին բարոյագիտական տեսակէտներուն եւ իրաւունքներուն։ Ասիկա նոր դարմաններ եւ մեթոտներ յառաջ մղած է, որոնցմէ Եհովայի Վկաները կրնան օգտուիլ։ (Գործք 15։28, 29) Այս կէտին վրայ կը կեդրոնանայ՝ Ներարկումի փոխընտրութեան վերաբերեալ առողջապահական խնամք՝ հիւանդին կարիքներուն եւ իրաւունքներուն գոհացում տալ խորագրով տեսաերիզը։ Զայն դիտէ, ապա սորվածդ վերաքաղ ըրէ։—Նշում. որովհետեւ տեսաերիզը վիրաբուժական կարճ տեսարաններ կը բովանդակէ, ծնողները խոհականութիւն պէտք է գործածեն՝ զայն դիտելու համար իրենց փոքր զաւակներուն հետ։
(1) Բժշկական համայնքէն ոմանք ինչո՞ւ կը վերարժեւորեն արեան ներարկումի գործածութիւնը։ (2) Խրթին վիրահատութիւններու երեք օրինակներ տուր, որոնք առանց արեան ներարկումի կը կատարուին։ (3) Համայն աշխարհի մէջ քանի՞ բժիշկ եւ վիրաբոյժ իրենց կամեցողութիւնը յայտնած են որ հիւանդները դարմանեն առանց արեան ներարկումի։ Անոնք ինչո՞ւ յօժար են ասիկա ընելու։ (4) Հիւանդանոցներու մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ի՞նչ յայտնած են արեան գործածութեան մասին։ (5) Արեան ներարկման առնչուած բժշկական վտանգները ի՞նչ են։ (6) Բազմաթիւ մասնագէտներ ներարկումի փոխընտրութիւններուն օգուտներուն նկատմամբ ի՞նչ եզրակացութեան յանգած են։ (7) Ի՞նչ բան սակաւարիւնութիւն կը պատճառէ։ Մարդկային մարմինը ո՞ր աստիճան կրնայ անոր տոկալ։ Անոր առնչութեամբ ի՞նչ կարելի է ընել։ (8) Հիւանդին մարմնին մէջ կարմիր գնդիկներու արտադրութիւնը ի՞նչպէս կարելի է խթանել։ (9) Վիրաբուժութեան ընթացքին արեան կորուստը նուազեցնելու համար ի՞նչ մեթոտներ կը գործածուին։ (10) Ներարկումի փոխընտրութիւնները ազդեցի՞կ են երախաներուն կամ կեանքի սպառնացող ստիպողական վիճակի մէջ եղողներուն համար։ (11) Բժշկական լաւ խնամքի բարոյագիտական գլխաւոր սկզբունքներէն մէկը ի՞նչ է։ (12) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Քրիստոնեաները անարիւն դարմանումի վերաբերեալ իրենց ընտրութիւնները կանխաւ ընեն։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։
Տեսաերիզին մէջ ներկայացուած կարգ մը դարմանումները ընդունիլը անհատական որոշում է, Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքին համաձայն։ Որոշա՞ծ էք թէ ներարկման ո՛ր փոխընտրութիւնները պիտի ընդունիք ձեզի ու ձեր զաւակներուն համար։ Ընտանիքի Վկայ չեղող անդամներն ալ որոշումներէդ եւ անոնց պատճառներէն լիովին տեղեակ պէտք է ըլլան։—Տես «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 2000 եւ 15 Յունիս 2000 թիւերուն մէջ։