Զայն կը յետաձգե՞ս
Ի՞նչ բան յետաձգել։ Մնայուն փոխանորդագիր (ՄՓ) քարտը լեցնելը, որ մկրտուած Վկաներուն համար հայթայթուած է։ Քանի որ ‘ոչինչ գիտենք վաղուան մասին’, էական է որ կանխաւ որոշենք եւ գրաւոր կերպով նշենք, թէ բժշկական ստիպողական պարագային ի՛նչ դարմանումներ ու գործընթացներ պիտի ընդունինք (Յակ. 4։14, 15. Գործք 15։28, 29)։ Քեզի օգնելու համար, Ներարկումի փոխընտրութեան վերաբերեալ առողջապահական խնամք. հիւանդին կարիքներուն եւ իրաւունքներուն գոհացում տալ պատկերիզը պատրաստուած է։ Զայն դիտէ, ապա աղօթքով՝ սորվածդ վերաքաղ ըրէ, ներքոյիշեալ հարցումներուն օգնութեամբ (ծանօթութիւն. որովհետեւ պատկերիզը հակիրճ վիրաբուժական տեսարաններ կը բովանդակէ, ծնողները խոհականութեամբ պէտք է որոշեն, թէ իրենց փոքր երեխաները զայն դիտե՛ն կամ ոչ)։
1) Բժշկական համայնքէն ոմանք ինչո՞ւ արեան ներարկումի գործածութիւնը կը վերարժեւորեն։ 2) Խրթին վիրահատութիւններու երեք օրինակներ տուր, որոնք առանց արեան ներարկումի կատարուեցան։ 3) Համայն աշխարհի մէջ քանի՞ բժիշկ եւ վիրաբոյժ իրենց կամեցողութիւնը յայտնած են, որ հիւանդները դարմանեն առանց արեան ներարկումի։ Անոնք ինչո՞ւ յօժար են ասիկա ընելու։ 4) Հիւանդանոցներու մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ի՞նչ յայտնած են արեան գործածութեան մասին։ 5) Արեան ներարկման առնչուած բժշկական վտանգները ի՞նչ են։ 6) Բազմաթիւ մասնագէտներ ներարկումի փոխընտրութիւններուն օգուտներուն նկատմամբ ի՞նչ եզրակացութեան յանգած են։ 7) Ի՞նչ բան սակաւարիւնութիւն կը պատճառէ։ Մարդկային մարմինը ո՞ր աստիճան կրնայ անոր տոկալ։ Անոր առնչութեամբ ի՞նչ կարելի է ընել։ 8) Հիւանդին մարմնին մէջ կարմիր գնդիկներու արտադրութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է խթանել։ 9) Վիրաբուժութեան ընթացքին արեան կորուստը նուազեցնելու համար ի՞նչ մեթոտներ կը գործածուին։ 10) Ներարկումի փոխընտրութիւնները ազդեցի՞կ են երեխաներուն կամ կեանքի սպառնացող ստիպողական վիճակի մէջ եղողներուն համար։ 11) Բժշկական լաւ խնամքի բարոյագիտական գլխաւոր սկզբունքներէն մէկը ի՞նչ է։ 12) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ քրիստոնեաները անարիւն դարմանումի վերաբերեալ իրենց ընտրութիւնները կանխաւ ընեն։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։
Պատկերիզին մէջ ներկայացուած կարգ մը դարմանումները ընդունիլը անհատական որոշում է, Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքին համաձայն։ Որոշա՞ծ ես թէ ո՛ր բժշկական դարմանումներն ու գործընթացները պիտի ընդունիս քեզի ու քու զաւակներուդ համար, ապա ՄՓ քարտը լեցուցա՞ծ ես։ Այս հարցերուն մասին ամբողջական քննարկութեան համար, ուշադրութեամբ վերաքաղ ըրէ «Աստուծոյ սէրը» գրքին 7–րդ գլուխը եւ անոր նշած աղբիւրները։ Տես նաեւ նոյեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածը՝ «Արեան կոտորակները եւ արիւնս պարփակող բժշկական գործընթացները ի՞նչպէս կը նկատեմ» վերնագրով։ Ի վերջոյ, վստահ եղիր որ ընտրութիւններդ ճշգրտօրէն ՄՓ քարտիդ մէջ գրած ես։ Քու ընտրած առողջապահական գործակալներդ եւ ընտանիքիդ Վկայ–չեղող անդամները, որոշումներուդ լիովին տեղեակ պէտք է ըլլան։
[Շրջանակ՝ էջ 7]
• Որոշա՞ծ ես թէ ո՛ր բժշկական դարմանումներն ու գործընթացները պիտի ընդունիս քեզի ու քու զաւակներուդ համար
• Ամբողջացած ՄՓ քարտ մը կը կրե՞ս, ստիպողական վիճակներուն համար