Բժշկական ստիպողական պարագայի մը համար նախապատրաստուա՞ծ ես
Բժշկական ստիպողական պարագայ մը յանկարծ եւ առանց ազդարարութեան կրնայ պատահիլ (Յակ. 4։14)։ Հետեւաբար, խորագէտը կարելի եղածին չափ պիտի պատրաստուի (Առ. 22։3)։ Որոշա՞ծ ես բժշկական ո՛ր դարմանումները եւ գործընթացները պիտի ընդունիս, եւ որոշումդ գրի առա՞ծ ես։ Քեզի օգնելու համար, Ներարկումի փոխընտրութիւններ. վաւերագրական նիւթեր թուային տեսասկաւառակին երկրորդ տեսաֆիլմը՝ Ներարկումի փոխընտրութեան վերաբերեալ առողջապահական խնամք. հիւանդին կարիքներուն եւ իրաւունքներուն գոհացում տալ արտադրուած է։ Զայն դիտելով ջանա՛ պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն։ Քանի որ տեսաֆիլմը հակիրճ վիրաբուժական տեսարաններ կը բովանդակէ, ծնողները խոհականութեամբ պէտք է որոշեն, թէ իրենց փոքր երեխաները զայն դիտե՛ն կամ ոչ։
1) Բժշկական համայնքէն ոմանք ինչո՞ւ արեան ներարկումի գործածութիւնը կը վերարժեւորեն։ 2) Խրթին վիրահատութիւններու երեք օրինակներ տուր, որոնք առանց արեան ներարկումի կատարուեցան։ 3) Համայն աշխարհի մէջ ինչո՞ւ հազարաւոր բժիշկներ եւ վիրաբոյժներ իրենց կամեցողութիւնը յայտնած են, որ հիւանդները դարմանեն առանց արեան ներարկումի։ 4) Հիւանդանոցներու մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ի՞նչ յայտնած են արեան գործածութեան մասին։ 5) Արեան ներարկման առնչուած բժշկական վտանգները ի՞նչ են։ 6) Բազմաթիւ մասնագէտներ ներարկումի փոխընտրութիւններուն օգուտներուն նկատմամբ ի՞նչ եզրակացութեան յանգած են։ 7) Ի՞նչ բան սակաւարիւնութիւն կը պատճառէ, եւ անոր առնչութեամբ ի՞նչ կարելի է ընել։ 8) Հիւանդին մարմնին մէջ կարմիր գնդիկներու արտադրութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է խթանել։ 9) Վիրաբուժութեան ընթացքին արեան կորուստը նուազեցնելու համար ի՞նչ մեթոտներ կը գործածուին։ 10) Ներարկումի փոխընտրութիւնները ազդեցի՞կ են երեխաներուն կամ կեանքի սպառնացող ստիպողական վիճակի մէջ եղողներուն համար։ 11) Բժշկական լաւ խնամքի բարոյագիտական գլխաւոր սկզբունքներէն մէկը ի՞նչ է։
Տեսաֆիլմին մէջ ներկայացուած կարգ մը դարմանումները ընդունիլը՝ խղճմտանքին համաձայն առնուելիք որոշում մը ըլլալով, մի՛ սպասեր որ ստիպողական պարագայ մը դիմագրաւես, որպէսզի նկատի առնես թէ ի՛նչ պիտի ընդունիս։ «Աստուծոյ սէրը» գրքին 7–րդ գլուխը եւ անոր նշած աղբիւրները, ինչպէս նաեւ նոյեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածը, քեզի պիտի օգնեն սորվածներուդ հիման վրայ անձնական որոշումդ կայացնելու։ Ապա, եթէ մկրտուած ես, ընտրութիւններդ Մնայուն փոխանորդագիր (ՄՓ) քարտին մէջ նշէ եւ զայն ամէն ատեն քեզի հետ պահէ։
[Մէջբերում՝ էջ 3]
Որոշա՞ծ ես բժշկական ո՛ր դարմանումները եւ գործընթացները պիտի ընդունիս եւ զանոնք գրի առա՞ծ ես