Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/07 էջ 1
  • Եհովան պաշտել որպէս ընտանիք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան պաշտել որպէս ընտանիք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Օգնութիւն ընտանիքներու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ընտանիքի Անդամները Ի՛նչպէս կը Համագործակցին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Հոգեւորապէս զօրաւոր ընտանիք մը կերտել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Ընտանեօք՝ կանոնաւորաբար ուսումնասիրեցէք Աստուծոյ Խօսքը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 8/07 էջ 1

Եհովան պաշտել որպէս ընտանիք

1 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ընտանիքի անդամներ միասնաբար բազմաթիւ գործունէութիւններ կ’ընէին։ Անոնք միասնաբար առօրեայ տնային մանր պարտականութիւններ կը կատարէին եւ յատկապէս ընտանեօք Եհովան կը պաշտէին։ (Ղեւտ. 10։12-14. Բ. Օր. 31։12) Շատ մը շրջաններու մէջ ներկայիս ընտանիքի անդամներ միասնաբար շատ քիչ գործունէութիւններ կ’ընեն։ Սակայն, Քրիստոնեաները կը գիտակցին ընտանեօք գործունէութիւններ ընելու արժէքին, մանաւանդ երբ անիկա պաշտամունքին առնչուած է։ Ընտանիքին ծագում Տուողը ո՜րքան կ’ուրախանայ երբ տեսնէ ընտանիքներ միասնաբար զինք կը պաշտեն։

2 Միասնաբար քարոզել. Բարի լուրը միասնաբար քարոզելը ընտանեկան կապերը կ’ամրապնդէ։ Հետեւաբար, ժողովքի անդամներուն հետ քարոզչութեան երթալէ զատ, երէց մը նաեւ իր կնոջ ու զաւակներուն հետ կանոնաւորաբար պիտի քարոզէ։ (Ա. Տիմ. 3։4, 5) Խճողուած յայտագիր ունենալով հանդերձ, ճամբորդող տեսուչները ժամանակ կը յատկացնեն որ իրենց կիներուն հետ ծառայութեան մասնակցին։

3 Իրենց զաւակներուն հետ քարոզող ծնողներ կրնան անոնց օգնել որ յառաջդիմեն որպէս աւետարանիչներ։ Զաւակներ ո՛չ միայն ծառայութեան մէջ իրենց ծնողքին ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը պիտի նշմարեն, այլ նաեւ պիտի տեսնեն թէ իրենց ծնողները Եհովայի եւ ընկեր արարածի հանդէպ իրենց սէրը կը ցուցաբերեն։ (Բ. Օր. 6։5-7) Զաւակներուն հետ քարոզելուն կարեւորութիւնը չի նուազիր մինչ անոնք կը մեծնան։ Ամոլ մը որ 15-21 տարեկան երեք տղաք ունին, տակաւին կանոնաւորաբար անոնց կ’ընկերակցին ծառայութեան մէջ։ Հայրը կ’ըսէ. «Ամէն անգամ իրենց բան մը կը սորվեցնենք եւ կը ջանանք որ ծառայութիւնը հաճելի ու քաջալերական փորձառութիւն մը ըլլայ»։

4 Միասնաբար նախապատրաստուիլ. Ընտանիքներ ծառայութեան համար միասնաբար նախապատրաստուիլը օգտակար գտած են։ Երախաներ յաճախ փորձի նիստերէն հաճոյք կ’առնեն, երբ ընտանիքի անդամներ հերթականութեամբ հրատարակիչի կամ տանտիրոջ դերը կ’առնեն։ Ոմանք ընտանեկան ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան քանի մը վայրկեան կը տրամադրեն ասիկա ընելու համար։

5 Մեր ուրախութիւնը կ’աւելնայ, երբ մեր սիրած անհատներուն հետ կարեւոր ու գոհունակութիւն տուող գործունէութիւններու մասնակցինք։ Ընտանիքի անդամներ ո՜րքան հաճոյք կ’առնեն երբ միասնաբար դաշտի ծառայութեան կը մասնակցին՝ տունէ տուն երթալով, վերայցելութիւններ ընելով եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելով։ Երբ ընտանիքիդ հետ Եհովան այս կերպով կը պաշտես, կրնաս ուրախութեամբ ըսել. «Ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։—Յես. 24։15

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել