Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 սեպտեմբեր
«Լուրջ կենսոլորտային հարցեր պատճառ կ’ըլլան որ շատեր երկրագունդի ապագային նկատմամբ յոռետես ըլլան։ Քու կարծիքդ ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Սաղմոս 37։11–ը։] Այս պարբերաթերթը աչքառու կը դարձնէ լաւատես ըլլալու կարգ մը աստուածաշնչական պատճառներ»։
Sept.
«Կը խորհի՞ս թէ Աստուած մտադրած էր որ մարդիկ ներկայիս երկրագունդը հարուածող սովերէն տառապին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ այս հարցը լուծելու իր նպատակը։ [Կարդա՛ Սաղմոս 72։16–ը։] Այս յօդուածը կը բացատրէ թէ Աստուած ի՛նչպէս երկրի վրայ դրախտը պիտի վերահաստատէ»։ Էջ 7–ի վրայ եղող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 հոկտեմբեր
«Մատթէոս 6։9–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը շատերու ծանօթ են։ [Կարդալ։] Այսուհանդերձ շատերու համար որպէս Հայր՝ Աստուծոյ մօտիկ զգալը դժուար կը թուի։ Ըստ քեզի, ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ մօտենալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ մեր երկնաւոր Հօր զանազան յատկութիւնները եւ ի՛նչպէս կրնանք զինք իրապէս ճանչնալ»։
Oct.
«Համացանցը պիտանի գործիք մըն է, բայց երախաներուն համար անզուգական վտանգներ կը ներկայացնէ։ Ըստ քեզի, ի՞նչպէս կրնանք զիրենք պաշտպանել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հաճիս ուշադրութիւն ընծայէ սա գաղափարին։ [Կարդա՛ եւ կիրարկէ Առակաց 18։1–ը։] Ասիկա վեց աստուածաշնչական սկզբունքներէն մէկն է, որ այս յօդուածը աչքառու կը դարձնէ, ծնողներուն օգնելու որ իրենց զաւակները պաշտպանեն»։ Էջ 8–ի վրայ եղող յօդուածը ներկայացուր։