Եհովայի վկաներու 2010–ի նահանգային համաժողով
1. Ինչո՞ւ պէտք է ծրագրենք 2010–ի նահանգային համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուիլ։
1 Անձկագին կը սպասենք 2010–ի նահանգային համաժողովին մեզի վերապահուած հոգեւոր կոչունքին։ Բոլորին յորդոր կը տրուի, որ երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուին։ Հոն զիրար պիտի քաջալերենք, որ ուղղամտութեամբ քալենք Եհովայի հետ որպէս մեր վահանը (Սաղ. 26։1, 11. Առ. 2։7)։ Ուսուցիչներուդ եւ գործատիրոջդ նախապէս իմացուր, թէ համաժողովը պաշտամունքիդ անհրաժեշտ մէկ մասն է։ Ծրագիրներդ հիմակուընէ ընելով եւ ի պահանջել հարկին ուրիշներուն օգնելով, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովա ջանքերդ պիտի օրհնէ (Սաղ. 37։5. Առ. 10։22)։
2. Ուրկէ՞ կրնանք համաժողովի վայրերուն եւ իջեւանի վերաբերեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել։
2 Տեղեկութիւններ ձեռք ձգել։ Բոլոր նահանգային համաժողովներուն ցանկը պիտի տրուի Դիտարան–ի 1 մարտ 2010 թիւին մէջ (անգլ.) կամ www.jw.org ցանցակայքին մէջ։ Եթէ ժողովքիդ նշանակուած համաժողովէն տարբեր համաժողովի մը ներկայ պիտի գտնուիս, կրնաս Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ը ձեռք ձգել, գրելով այդ համաժողովի իջեւանի կեդրոնատեղիին։ Հաճիս ներփակէ պահարան մը, որուն վրայ նամակադրոշմ դրուած է ու հասցէդ կը կրէ։ Ժողովքիդ քարտուղարը կրնայ հասցէն տալ քեզի։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք մասնայատուկ կարիքներ ունեցողներուն օգնել։
3 Մասնայատուկ կարիքներ։ Ժողովքիդ մէջ գիտե՞ս անհատ մը, որ համաժողովի երթալ–գալու համար օգնութեան կարիք ունի։ Ինչո՞ւ չառաջարկես օգնել (Առ. 19։17)։ Երբ հրատարակիչ մը իջեւանի համար օգնութիւն խնդրէ, Ժողովքի ծառայութեան յանձնախումբը պիտի որոշէ, թէ ան Մասնայատուկ կարիք ունեցողներու իջեւանի խնդրագիր ներկայացնելու որակեա՛լ է կամ ոչ։ Ժողովքի քարտուղարը խնդրագիրը Իջեւանի բաժանմունքին ուղարկելէ առաջ, Ժողովքի ծառայութեան յանձնախումբը պէտք է նկատի առնէ տրուած ուղեգիծները թէ՛ պատճէնին մէջ եւ թէ համաժողովի կարգադրութիւններուն վերաբերեալ 14 դեկտեմբեր 2008 թուակիր նամակին մէջ, որ ժողովքի մնայուն թղթածրարին մէջ կը գտնուի։
4. ա) Պանդոկի վերապահումը ինչպէ՞ս պէտք է ընենք (տե՛ս էջ 4–ի վրայ՝ «Իջեւանի վերաբերեալ հրահանգներ» շրջանակը)։ բ) Ի՞նչ յիշեցումներ մեզի պիտի օգնեն պանդոկի վարչութեան քով լաւ համբաւ մը պահպանելու։
4 Պանդոկի վերապահումդ ընել։ Պանդոկներու վերաբերեալ Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ը պիտի դրուի ժողովքի տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ, յունուար 4–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան ժողովէն ետք։ Պանդոկի վերապահումդ ընելէ առաջ, «Իջեւանի վերաբերեալ հրահանգներ» շրջանակը բծախնդրաբար աչքէ անցուր։ Երբ պանդոկի անձնակազմին հետ կը հաղորդակցինք, մեր խօսելակերպն ու վերաբերմունքը միշտ հոգիին պտուղը պէտք է արտացոլացնեն։ Ասիկա մեր Եհովա Աստուծոյ ‘վարդապետութիւնը պիտի զարդարէ’ (Տիտ. 2։7-10)։
5. 2010–ի նահանգային համաժողովին ի՞նչ օրհնութիւններ կ’ակնկալենք։
5 Մեր ամէնամեայ նահանգային համաժողովը մեզի մեծ պատեհութիւն պիտի տայ, որ թէ՛ աստուածային ուսուցում ստանանք եւ թէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ջերմ ընկերակցութիւնը վայելենք (Բ. Օր. 16։15)։ Թող Եհովա օրհնէ մեր ջանքերը, մինչ 2010–ի նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուելու կը նախապատրաստուինք։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Յայտագրին ժամերը.
Ուրբաթ ու շաբաթ
9։20 կ.ա. – 4։55 կ.ե.
Կիրակի
9։20 կ.ա. – 3։40 կ.ե.
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Իջեւանի վերաբերեալ հրահանգներ.
◼ Պանդոկի վերապահումդ մի՛ ըներ յունուար 4–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան ժողովէն առաջ։
◼ Միայն Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին նշած պանդոկներուն մէջ իջեւանէ։ Եթէ մատչելի սենեակներ չկան, ցանկին մէջ նշուած ուրիշ պանդոկի մը հեռաձայնէ։
◼ Միայն ցանկին նշած սակերը ընդունէ։ Վերապահումդ վաւերացնող թիւ մը խնդրէ, եւ կանխավճարդ տասը օրուան մէջ ըրէ վարկաքարտով կամ վճարագրով։
◼ Վերապահուած իւրաքանչիւր սենեակ, զայն գործածող անհատին անունով պէտք է ըլլայ։ Յաւելեալ սենեակներ մի՛ վերապահեր։ Առաջին վերապահումդ պահէ։
◼ Եթէ վերապահում մը չեղեալ պիտի սեպես, ասիկա կարելի եղածին չափ կանուխ ըրէ եւ անպայման ջնջումի թիւը ձեռք ձգէ։
◼ Հրդեհի վերաբերեալ օրէնքներուն ենթարկուելու համար, յարգէ պանդոկի սենեակին մէջ չափահասներուն արտօնուած առաւելագոյն թիւը, որ նշուած է ցանկին մէջ։
◼ Ցանկին մէջ չեղող պանդոկներուն մի՛ հեռաձայներ, հարցնելով թէ մեր համաժողովին համար յատուկ սակ ունի՛ն կամ ոչ։
◼ Եթէ ցանկին մէջ եղող ԲՈԼՈՐ պանդոկներուն հեռաձայնելէ ետք մատչելի սենեակներ չգտար կամ որոշ պանդոկի մը հետ խնդիր ունեցար, ժողովքիդ քարտուղարը տեղեակ պահէ։ Ան համաժողովի Իջեւանի բաժանմունքին հետ շփման մէջ պիտի գայ, Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին տուած տեղեկութիւնները գործածելով։