Առաջին այցելութեան ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրա՞ծ ես
Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկուի, կարգ մը տանտէրներ կ’ըսեն, թէ հետաքրքրուած չեն կամ թէ Աստուածաշունչը իրենց եկեղեցիին մէջ կ’ուսումնասիրեն։ Որովհետեւ անոնք չեն գիտեր, թէ մենք տարբեր կերպով կ’ուսումնասիրենք Աստուածաշունչը, անոնց մտքէն իսկ չ’անցնիր թէ անիկա ի՜նչ լուսաւորող ու հաճելի փորձառութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Հետեւաբար, փոխանակ ուսումնասիրութիւն մը պարզապէս առաջարկելու, ինչո՞ւ քանի մը վայրկեան չտրամադրես, որ առաջին այցելութեան ցուցադրես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը։ Լուսաբանենք. պարզապէս անոնց մի՛ ըսեր թէ լաւ խոհարար մըն ես ու մի՛ առաջարկեր յաջորդ անգամ ճաշ մը բերել. հապա անմիջապէս անոնց պատառ մը տուր որ համտեսեն։ Ահաւասիկ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ասիկա ընել՝ միայն քանի մը վայրկեանուան մէջ, օգտագործելով թելադրութիւն մը, որ յունուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 6–րդ էջին վրայ կը գտնուի.
«Կը խորհի՞ս թէ պիտի գայ օր մը, երբ սա խօսքը պիտի իրականանայ։ [Կարդա՛ Եսայի 33։24–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թոյլ տուր որ այս նիւթին շուրջ հետաքրքրական բան մը ցոյց տամ»։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը տանտիրոջ տուր եւ իր ուշադրութեան յանձնէ էջ 36–ի 22–րդ պարբերութիւնը։ Էջին ստորեւ գտնուող հարցումը կարդա՛, ապա տանտիրոջմէն խնդրէ որ պատասխանը փնտռէ, մինչ պարբերութիւնը կը կարդաս։ Ետքը, դարձեալ հարցումը ուղղէ եւ տանտիրոջ պատասխանը մտիկ ըրէ։ Անոր հետ համար մը եւս կարդա՛։ Հարցում մը ուղղէ, որուն պիտի պատասխանես յաջորդ այցելութեան, եւ վերայցելութեան համար հաստատ կարգադրութիւններ ըրէ։ Արդարեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսար։