Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրել՝ գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը
Ինչո՛ւ կարեւոր է։ Շատեր չեն գիտեր ի՛նչ ըսել կ’ուզենք, երբ իրենց կ’ըսենք թէ Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութիւն կ’առաջարկենք։ Թերեւս խորհին թէ պէտք է ուսումնասիրութեան խումբի մը մէկ անդամը դառնան կամ նամակագրութեամբ դասընթացքներ առնեն։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկելու փոխարէն, կրնաս զայն ներկայացումով մը ցոյց տալ։ Քանի մը վայրկեանուան մէջ,– նոյնիսկ դրան առջեւ,– անհատին կրնաս ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը ի՜նչ դիւրին եւ օգտաւէտ փորձառութիւն է։
Ինչպէ՛ս ցուցադրել։
• Դուն քեզ ծանօթացնելէ ետք, տանտիրոջ հարցուր որ ապագայով մտահոգուա՞ծ է։
• Նշէ թէ շատեր համանման մտահոգութիւններ ունին, եւ իրեն ցոյց տուր Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին բովանդակութիւնը։ Բացատրէ թէ այս գիրքին մէջ կան դիւրահասկնալի դասեր, որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ ապագային եւ ուրիշ նիւթերու մասին, եւ հարցուր թէ ո՛ր նիւթը զինք կը հետաքրքրէ։
• Գրքէն օրինակ մը տուր եւ բաց իր ընտրած գլուխը։ Բացատրէ թէ գլուխին սկիզբը նշուած հարցումները պատասխանուած են պարբերութիւններուն մէջ։
• Տանտիրոջմէն խնդրէ, որ եթէ կը փափաքի, առաջին պարբերութիւնը կարդայ։ Ապա այդ պարբերութեան հարցումը կարդա՛ եւ միասնաբար պատասխանը նկատի առէք։ Բաց եւ քննարկէ պատասխանին թիկունք կանգնող նշուած համարները։ Անոր ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս գրքիդ մէջ պատասխանը ընդգծած ես։
• Յաջորդ պարբերութիւնը նկատի առ, բայց այս անգամ տանտիրոջմէն խնդրէ, որ ի՛նք փորձէ իր բառերով պատասխանել։
• Զինք գովէ եւ կարգադրութիւն ըրէ վերադառնալու, որպէսզի դասը ամբողջացնէք։
• Եթէ յարմար է, իրեն ցուցուր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ խորագրով տեսաերիզը, որ կը գտնուի jw.org կայքին մէջ։
Այս ամսուան ընթացքին, հետեւեալը փորձէ.
• Եհովային աղօթէ, որ Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւն մը սկսելու ջանքերդ օրհնէ (Փլպ. 2։13)։
• Ծառայութեան մէջ, առնուազն մէկ անգամ փորձէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրել,– գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը,– կամ տանտիրոջ ցոյց տալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ տեսաերիզը։