Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 օգոստոս
«Մեզմէ շատեր վստահ չեն եղած, թէ ի՛նչ ըսեն բարեկամի մը, որ լուրջ կամ մահացու հիւանդութեամբ բռնուած է։ Ի՞նչ կը խորհիս սա խրատին մասին։ [Կարդա՛ Յակոբոս 1։19–ն, ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը աստուածաշնչական սկզբունքներու վրայ հիմնուած կարգ մը գործնական թելադրութիւններ կու տայ»։ Էջ 12–ի վրայ սկսող յօդուածը ներկայացուր։
Դիտարան 1 սեպտեմբեր
«Շատեր կը վախնան որ կորիզային պատերազմ մը կամ կլիմայի փոփոխութիւն մը երկրագունդը պիտի քանդէ կամ կործանէ։ Կը խորհի՞ս թէ ասիկա տեղի պիտի ունենայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը այս նիւթին շուրջ ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Յայտնութիւն 11։18–ը]։ Այս պարբերաթերթը աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս սովորական հարցումներու կը պատասխանէ»։