Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/11 էջ 2
  • Փողոցի վկայութիւն՝ որ ազդու է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Փողոցի վկայութիւն՝ որ ազդու է
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ազդեցիկ Անպաշտօն Վկայութեան Միջոցաւ Հետաքրքրուող Անհատներ Գտնենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Բարի Լուրը Ամէնուրեք Քարոզենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Հանրային վկայութեան նոր կերպեր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Հանրային վայրերու մէջ ազդուօրէն վկայենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
թծ 6/11 էջ 2

Փողոցի վկայութիւն՝ որ ազդու է

1. Յիսուսը ընդօրինակելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

1 Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս չվարանեցաւ խօսելու մարդոց հետ, որոնց հանդիպեցաւ ճամբան եւ հանրային այլ վայրերու մէջ (Ղուկ. 9։57-61. Յովհ. 4։7)։ Ան ուզեց իր կարեւոր պատգամը բաժնել կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հետ։ Ներկայիս, փողոցի վկայութիւնը հոյակապ կերպ մըն է մարդոց օգնելու, որ աստուածային իմաստութիւն ձեռք ձգեն (Առ. 1։20)։ Մեր յաջողութիւնը պիտի աւելնայ, եթէ նախաքայլը առնենք եւ խորատեսութիւն գործադրենք։

2. Նախաձեռնութիւնը ի՞նչ դեր ունի փողոցի վկայութեան մէջ։

2 Նախաքայլը ա՛ռ։ Ընդհանրապէս նախընտրելի է անհատներուն մօտենալ, փոխանակ մէկ տեղ կայնելու կամ նստելու, սպասելով որ անցորդ մը քեզի մօտենայ։ Ժպտէ՛, աչքի հաղորդակցութիւն պահէ եւ հանդարտ ու բարեկամական կեցուածք ունեցիր։ Եթէ ուրիշ հրատարակիչներու հետ կը ծառայես, սովորաբար աւելի լաւ է որ անջատաբար մարդոց մօտենաք։ Նախաձեռնութիւնը նաեւ անհրաժեշտ է, որպէսզի ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը հետապնդես։ Եթէ յարմար է, խօսակցութեան վերջաւորութեան ազնուօրէն անհատին հարցուր, թէ ինչպէ՛ս կրնաս իրեն հետ դարձեալ կապ պահել։ Կարգ մը հրատարակիչներ, կանոնաւորաբար նոյն վայրին մէջ փողոցի վկայութիւն կ’ընեն, ինչ որ զիրենք կարող կը դարձնէ, որ նոյն անհատներուն հետ խօսին եւ հետաքրքրութիւնը աւելցնեն։

3. Ինչպէ՞ս կրնանք խորատեսութիւն ի գործ դնել, փողոցի վկայութեան ընթացքին։

3 Խորատեսութիւն գործադրէ։ Լաւ դատողութիւն գործածէ, երբ կ’որոշես թէ ո՛ւր կայնիս եւ որո՛ւ մօտենաս։ Անհրաժեշտ չէ իւրաքանչիւր անցորդի վկայել։ Ուշադի՛ր եղիր։ Եթէ անհատը աճապարանօք է, զոր օրինակ, աւելի լաւ կ’ըլլայ եթէ անոր հետ չխօսիս։ Երբ խանութի մը առջեւ կը քարոզես, իմաստութեամբ վարուէ, որպէսզի խանութպանին անտեղի մտահոգութիւն չպատճառես։ Յաճախ նախընտրելի է յաճախորդներուն վկայել, երբ խանութէն կ’ելլեն քան՝ երբ խանութ պիտի մտնեն։ Մօտեցումիդ կերպը թող անհատը չվախցնէ կամ չցնցէ։ Խորատես եղիր նաեւ երբ հրատարակութիւններ կը ներկայացնես։ Եթէ անհատները քիչ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն, կրնաս պարբերաթերթերու փոխարէն թերթիկ մը առաջարկել։

4. Փողոցի վկայութիւնը ինչո՞ւ քարոզչութեան օգտակար եւ հաճոյալի մէկ կերպն է։

4 Փողոցի վկայութեամբ կրնանք կարճ ժամանակի մէջ, ճշմարտութեան շատ մը սերմեր ցանել (Ժող. 11։6)։ Կարգ մը մարդիկ՝ որոնց կը հանդիպինք, թերեւս ըլլան անոնք, զորս տունէ–տուն ծառայութեան ընթացքին չենք գտներ։ Ինչո՞ւ կարգադրութիւններ չընես, որ փողոցի վկայութեան մասնակցիս, որ դաշտի ծառայութեան հաճոյալի եւ ազդու մէկ կերպն է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել