Քարոզելու տասներկու պատճառներ
Բարի լուրը ինչո՞ւ կը քարոզենք եւ կը սորվեցնենք։ Արդեօք գլխաւորաբար ազնուասիրտ մարդոց օգնելո՞ւ, որ կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալեն (Մատ. 7։14)։ Ասիկա վարի ցանկին առաջին պատճառն է, սակայն գլխաւորը չէ։ Քարոզելու հետեւեալ 12 պատճառներէն ո՞ր մէկը կը խորհիս որ ամէնէն կարեւորն է։
1. Քարոզելը կ’օգնէ կեանքեր փրկելու (Յովհ. 17։3)։
2. Քարոզելը ամբարիշտները կը զգուշացնէ (Եզեկ. 3։18, 19)։
3. Քարոզելը Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման կը նպաստէ (Մատ. 24։14)։
4. Քարոզելը Աստուծոյ արդարութիւնը կը յայտնէ։ Ո՛չ ոք կրնայ ըսել, թէ Եհովան չարերուն զղջալու պատեհութիւն չտուաւ, զանոնք բնաջնջելէ առաջ (Գործք 17։30, 31. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։
5. Քարոզելը թոյլ կու տայ որ գոցենք մեր պարտքը,– հոգեւոր օգնութիւն տալ մարդոց, որոնք Յիսուսի արիւնով գնուեցան (Հռով. 1։14, 15)։
6. Քարոզելը մեզ կարող կը դարձնէ, որ արիւնապարտութենէ խուսափինք (Գործք 20։26, 27)։
7. Քարոզելը մեր անձնական փրկութեան համար պահանջ մըն է (Եզեկ. 3։19. Հռով. 10։9, 10)։
8. Քարոզելը ընկերին հանդէպ սէր կը դրսեւորէ (Մատ. 22։39)։
9. Քարոզելը՝ Եհովային եւ իր Որդիին հանդէպ հնազանդութիւն ցոյց կու տայ (Մատ. 28։19, 20)։
10. Քարոզելը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է (Եբ. 13։15)։
11. Քարոզելը Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կ’արտայայտէ (Ա. Յովհ. 5։3)։
12. Քարոզելը Եհովայի անուան սրբացման կը նպաստէ (Եսա. 43։10-12. Մատ. 6։9)։
Անշուշտ, ասոնք քարոզչութեան մասնակցելու մեր միակ պատճառները չեն։ Օրինակ, քարոզելը մեր հաւատքը կը զօրացնէ, ինչպէս նաեւ մեզի իւրայատուկ պատեհութիւն կու տայ, որ Աստուծոյ գործակիցները ըլլանք (Ա. Կոր. 3։9)։ Սակայն, ծառայութեան մասնակցելու ամէնէն կարեւոր պատճառը՝ թիւ 12–ն է։ Մարդիկ մեզ լսեն կամ ոչ, ծառայութիւնը Աստուծոյ անուան սրբացման կը նպաստէ եւ Եհովային առիթ կու տայ, որ զինք անարգողին պատասխան տայ (Առ. 27։11)։ Արդարեւ, վաւերական պատճառներ ունինք բարի լուրը ‘անդադար սորվեցնելու ու քարոզելու’ (Գործք 5։42)։