Պատանիները կը հարցնեն. կեանքս ի՞նչ կերպով գործածեմ (մաս 1)
Մինչ պատանիները չափահասութեան կը հասնին, կարեւոր որոշումներ պէտք է կայացնեն։ Իրենց օգնելու համար, պատրաստուած է՝ Պատանիները կը հարցնեն. կեանքս ի՞նչ կերպով գործածեմ տեսասկաւառակը։ Գլխաւոր ցուցակէն ընտրէ՛ Դիտել թատերախաղը բաժինը եւ փորձէ պատասխանել 2–րդ պարբերութեան հարցումներուն։ Ետքը ընտրէ՛ Տեսակցութիւններ բաժինին Յետադարձ ակնարկ մը նետել մասը եւ ապա փորձէ 3–րդ պարբերութեան հարցումներուն պատասխանել։
Թատերախաղը. 1) Տիմոթէոսի վիճակը ինչպէ՞ս կը նմանէր շատ մը արդի քրիստոնեայ պատանիներու վիճակին, 2) Անտրէն ի՞նչ ճնշում դիմագրաւեց՝ գերազանց մարզիկ մը դառնալու համար, 3) Եղբայր Ֆլայսիքը Անտրէին ի՞նչ ըսաւ՝ ա) թէ՛ Եհովային եւ թէ մարզանքին նուիրուելուն մասին (Մատ. 6։24), բ) իսկական երջանկութեան աղբիւրին մասին, գ) այն մասին, թէ ի՛նչ կը յիշէր երբ տեսնէր համակեդրոնացման ճամբարէն մնացած իր պնակը, դ) այն մարդոց մասին, որոնց հետ նկարուած էին ինքն ու իր կինը, ե) այն մասին, որ եթէ զղջացած էր իր նպատակակէտերը փոխելուն համար (Փլպ. 3։8), 4) Անտրէին մեծմայրը ինչպէ՞ս պատասխանեց իր այս հարցումին. «Սխա՞լ է որ փափաքիմ հռչակաւոր մարզիկ մը դառնալ» (Ղուկ. 4։5-7), 5) մրցումը շահիլը իսկական գոհունակութիւն բերա՞ւ Անտրէին, 6) Անտրէին ուղղուած Եղբայր Ֆլայսիքին վերջին նամակէն ի՞նչ տպաւորութիւն ստացար (Առ. 10։22), 7) Եղբայր Ֆլայսիքը Անտրէին օգնեց որ ի՞նչ բանի անդրադառնայ։
Յետադարձ ակնարկ մը նետել. 8) եղբայրը եւ քոյրը ի՞նչ ասպարէզներ կը հետապնդէին եւ ինչո՞ւ, 9) անոնք ո՞ր տարողութեամբ յաջողած էին, 10) իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ ի՞նչ դարձակէտ մը տեղի ունեցաւ (Բ. Կոր. 5։15), 11) աստուածպետական ո՞ր ասպարէզները փոխարինեցին անոնց նախկին ասպարէզները, եւ անոնք ինչո՞ւ խորհեցան թէ չէին կրնար երկուքին հետամուտ ըլլալ, 12) անոնք զղջացի՞ն իրենց կեանքի նպատակակէտը փոխելնուն համար, 13) անոնց ըսած ո՞ր խօսքը յատկապէս քեզ մղեց խորհելու թէ կեանքդ ի՛նչ կերպով պէտք է գործածես։
Հաճիս դիտէ միւս տեսակցութիւններն ու յաւելեալ տեղեկութիւնները, եւ պատրա՛ստ եղիր անոնց մասին մեկնաբանութիւններ տալու, երբ յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան ժողովին քննարկուին։