Կեանքդ ի՞նչ կերպով պիտի գործածես
1 Երբեմն երախաներուն կը հարցուի. «Երբ մեծնաս, ի՞նչ կ’ուզես ըլլալ»։ Երբ տղեկ էիր, արդեօք ըսի՞ր թէ կ’ուզես օդաչու, հրշէջ կամ շրջանային տեսուչ մը ըլլալ։ Կամ երբ աղջնակ էիր, արդեօք ըսի՞ր թէ կ’ուզես թատերապար կատարող, հիւանդապահուհի կամ միսիոնար մը ըլլալ։ Հիմա որ մեծցար, դուն քեզի ուրիշ հարցում մը պէտք է ուղղես. ‘Կեանքս ի՞նչ կերպով պիտի գործածեմ’։ Որոշում մը կայացնելու պատրա՞ստ ես։
2 Կարելի եղած լաւագոյն որոշումը կայացնելու մէջ քեզի օգնական ըլլալու համար, Եհովայի կազմակերպութիւնը հրատարակեց Պատանիները կը հարցնեն՝ կեանքս ի՞նչ կերպով գործածեմ խորագրով DVD։ Հաճիս զայն դիտէ եւ անոր պարունակութեան մասին լրջօրէն մտածէ, ի ներառեալ՝ թատերախաղը, տեսակցութիւնները եւ յաւելեալ տեղեկութիւնները։ Բովանդակութիւնը ուրուագծուած է «Գլխաւոր ցուցակ» շրջանակին մէջ։
3 Թատերախաղը. Մինչ թատերախաղը կը դիտես, հետեւեալ հարցումները նկատի առ. (1) Անտրէի եւ քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ նշուած Տիմոթէոսի միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։ (Գործք 16։1. Ա. Տիմ. 4։8. Բ. Տիմ. 1։5) (2) Անտրէի վրայ ի՞նչպէս ճնշում բանեցուեցաւ որ մարզախաղի մէջ ուրիշները գերազանցէ, եւ որո՞ւն կողմէ։ (3) Ո՞վ Տիմոթէոսի ու Անտրէի վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ, եւ ի՞նչ կերպերով։ (Բ. Տիմ. 1։1-4. 3։14, 15) (4) Մատթէոս 6։24 եւ Փիլիպպեցիս 3։8–ի բովանդակած յորդորները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան Անտրէի վրայ, եւ քեզի ի՞նչպէս կ’ազդեն։
4 Ընտրուած տեսարաններ. Թատերախաղը լման դիտելէ ետք, հետեւեալ տեսարանները դարձեալ դիտէ եւ հարցումներուն պատասխանէ։ «Պօղոս եւ Տիմոթէոս». Ի՞նչ էր Պօղոսի վերջին յորդորը Տիմոթէոսի։ (Բ. Տիմ. 4։5) «Լաւագոյնդ տուր Եհովայի». Ի՞նչպիսի հոգեւոր նպատակակէտեր ունիս։ «Եհովայի կողքին դիրք բռնել». Իսկական երջանկութիւնը ուրկէ՞ կու գայ։ «Մեծ մօր խրատը». Սատանայի աշխարհին մէջ աստղ մը ըլլալ փափաքիլը ինչո՞ւ սխալ է։ (Մատթ. 4։9) «Չեմ զղջացած». Ո՞ր յայտնաբերումը կրնայ քեզի օգնել կեանքի մէջ գոհունակութիւն գտնելու։—Առ. 10։22
5 Տեսակցութիւններ. Մինչ հետեւեալ իւրաքանչիւր մաս կը դիտես, տեսածներէդ ի՞նչ բաներ կրնաս ընել որ Եհովայի լաւագոյնդ տաս։ (1) «Նուիրուիլ ունայն հետապնդումներո՞ւ թէ Աստուծոյ» (Ա. Յովհ. 2։17), (2) «Ի՛նչպէս կրնաս ծառայութենէդ հաճոյք առնել» (Սաղմ. 27։14), եւ (3) «Ծառայութեան համար բացուած դուռ»։—Մատթ. 6։33
6 Յետադարձ ակնարկ մը նետել. Կրնա՞ս պատասխանել. (1) Եղբայրը եւ քոյրը ի՞նչ ասպարէզներ կը հետապնդէին եւ ինչո՞ւ։ (2) Անոնք ո՞ր տարողութեամբ յաջողած էին։ (3) Իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ ի՞նչ դարձակէտ մը տեղի ունեցաւ։ (Բ. Կորն. 5։15) (4) Աստուածպետական ո՞ր ասպարէզները փոխարինեցին անոնց նախկին ասպարէզները, եւ անոնք ինչո՞ւ խորհեցան թէ չէին կրնար երկուքին հետամուտ ըլլալ։ (5) Անոնք զղջացա՞ծ են որ իրենց կեանքի նպատակակէտը փոխած են։ (6) Անոնց ըսած ո՞ր խօսքը յատկապէս քեզ մղեց խորհելու թէ կեանքդ ի՛նչ կերպով պէտք է գործածես։
7 Յաւելեալ տեսակցութիւններ. Այս տեսակցութիւններէն ի՞նչ սորվեցար որ քեզ կը մղէ Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելի ջանք թափելու։ (1) «Անձնական ուսումնասիրութեան արժէքը», (2) «Վկայութեան տարբեր տեսակներ», (3) «Պէթէլի ծառայութիւն», (4) «Գաղաադի միսիոնարական մարզում», եւ (5) «Ծառաներու Մարզումի Դպրոց»։ Աչքէ անցուր՝ «Յարակից նիւթերուն շուրջ հրատարակուած տեղեկութիւններու ցանկ»ը, եւ քեզ մեծապէս հետաքրքրող նիւթին մասին ա՛լ աւելի կարդա՛։
8 Այժմ որոշա՞ծ ես թէ կեանքդ ի՛նչ կերպով պիտի գործածես։ Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։ (Ա. Տիմ. 4։15) Նմանապէս քեզ կը քաջալերենք որ խոկաս այս DVD–ին մէջ տեսած եւ լսած բաներուդ վրայ։ Եհովայէ խնդրէ որ քեզի օգնէ իմաստուն որոշում մը կայացնելու, որ քեզի իսկական ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պիտի ապահովէ հի՛մա, ինչպէս նաեւ՝ վարձահատոյց ու երջանիկ ապագայ մը։
[Շրջանակ՝ էջ 6]
ԳԼԽԱՒՈՐ ՑՈՒՑԱԿ
Թատերախաղը դիտել
Տեսարաններ (11 ընտրութիւն)
Տեսակցութիւններ
Բոլորը դիտել
Մասեր (3 ընտրութիւն)
Յետադարձ ակնարկ մը նետել
Յաւելեալ տեղեկութիւններ
Յաւելեալ տեսակցութիւններ
Յարակից նիւթերուն շուրջ հրատարակուած տեղեկութիւններու ցանկ
Ենթագիրներ
Լսողութեան տկարութիւն
Ոչինչ
Որեւէ ցուցակի ընտրութիւններուն համար, կրնաս գործածել Յաջորդ ▶, ◀ Նախորդ եւ Գլխաւոր Ցուցակ կոճակները։