Պէ՞տք է կենաս
Դաշտի ծառայութեան ատեն, կարգ մը հրատարակիչներ սովորաբար որոշ ժամի մը կանգ կ’առնեն, օրինակ՝ կէսօրին։ Անշուշտ, թերեւս ոմանք իրենց ծառայութիւնը կեցնեն որոշ ժամի մը, քանի որ իրենց պարագաները այդպէս կը պահանջեն։ Բայց արդեօք քարոզչութիւնդ կը կեցնես, պարզապէս անոր համար որ խումբին մէջ ուրիշնե՞ր այդպէս կ’ընեն, կամ՝ շրջանիդ մէջ որոշ ժամի մը կանգ առնելը սովորութի՞ւն է։ Կրնա՞ս քանի մը վայրկեան աւելի ծառայել եւ հանրային վկայութեան որոշ կերպի մը մասնակցիլ, ինչպէս՝ փողոցի ծառայութիւնը։ Կրնա՞ս տուն վերադառնալու ատեն, մէկ կամ երկու վերայցելութիւն ընել։ Պահ մը խորհէ թէ որքա՛ն օգուտ պիտի բերես, եթէ առնուազն մէկ հետաքրքրուած անհատ դարձեալ տունը գտնես կամ մէկ պարբերաթերթ եւս տեղաւորես անցորդի մը։ Եթէ պատճառ չունինք կանգ առնելու, քանի մը վայրկեան աւելի քարոզելը պարզ կերպ մըն է՝ մեր «օրհնութեան պատարագ»ը աւելցնելու (Եբ. 13։15)։