Ներկայացումի նմոյշներ
Յիշատակատօնի հրաւիրագիրներու արշաւին համար
«Եկած ենք ձեր ընտանիքին այս հրաւիրագիրը տալու, որ ներկայ գտնուիք տարեկան կարեւոր տօնակատարութեան մը, որ համայն աշխարհի մէջ տեղի պիտի ունենայ մարտ 26–ին։ Ասիկա Յիսուսի մահը յիշատակելու օրն է։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը պիտի տրուի, որ կը բացատրէ թէ իր մահը ինչպէ՛ս կ’օգնէ մեզի։ Մուտքը ձրի է։ Հրաւիրագրին վրայ նշուած են ժամն ու վայրը»։
Դիտարան 1 մարտ
«Ոմանք այս հարցը կու տան. ‘Ուրկէ՞ ստոյգ գիտենք թէ Յիսուս յարութիւն առաւ’։ Բնաւ մտածա՞ծ էք ասոր մասին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատեցէք թէ պատասխանը ինչո՛ւ կարեւոր է։ [Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։14։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, թէ ուրկէ՛ գիտենք, որ յարութիւնը կեղծիք չէր»։
Զարթի՛ր մարտ
«Չէ՞ք համաձայնիր, թէ այս օրերուն զաւակ կրթելը դժուարացած է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ծնողներէն շատեր լաւ խրատներ գտած են Աստուածաշունչին մէջ։ Օրինակ, այս համարը հայրերուն օգնած է որ առիթներ փնտռեն իրենց երեխաները գովելու եւ անոնց ինքնավստահութիւնը աւելցնելու։ [Կարդա՛ Կողոսացիս 3։21։] Այս յօդուածը հինգ հիմնական սկզբունքներ կու տայ հայրերուն օգնելու համար»։