Առաջին շաբաթ օրը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլը շեշտել
Մայիս 2011–էն սկսեալ, հրատարակիչներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ իւրաքանչիւր ամսուան առաջին շաբաթ օրը փորձեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Մեզի օգնելու համար, յատկանշական երեսակ մը պատրաստուած է Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութեան մէջ, «Աստուածաշունչին պատասխանները» բնաբանով։ Ուստի առաջին շաբաթ օրը կայացուելիք դաշտի ծառայութեան ժողովը պէտք է ցոյց տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս երեսակը գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար, ինչպէս նաեւ պէտք է պարփակէ ներկայացումի մը ցուցադրութիւնը։
Առաջին շաբաթ օրուան համար, երէցները կրնան ընտրել որ կա՛մ դաշտի ծառայութեան իւրաքանչիւր խումբ առանձին հաւաքուի, կամ ալ բոլոր խումբերը մէկտեղ հաւաքուին, թերեւս Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Սակայն եթէ շատ մը ժողովքներ կը գործածեն սրահը, ոչ մէկ ժողովք պէտք է յետաձգէ՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու յատկացուած այս մասնայատուկ օրը ուրիշ օրուան, այն պատճառով որ ժողովքին խումբերը կարենան դաշտի ծառայութեան ժողովը միասին ունկնդրել։