«Հրատարակութիւնդ կ’առնեմ եթէ ի՛մս առնես»
Կարգ մը տանտէրեր այդպէս կ’առաջարկեն։ Սակայն Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող մեր հրատարակութիւնները մենք չենք փոխարիներ որեւէ կրօնական հրատարակութեամբ, որ սխալ ուսուցում կը տարածէ։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք փափկանկատութեամբ պատասխանել (Հռով. 1։25)։ Կրնանք ըսել. «Շնորհակալ եմ ձեր առաջարկին համար։ Անիկա ի՞նչ կ’ըսէ մարդկութեան խնդիրներուն լուծումին մասին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Եթէ ան քեզմէ խնդրէ որ իր հրատարակութիւնը կարդալո՛վ պատասխանը գտնես, կրնաս իրեն յիշեցնել թէ դուն հրատարակութիւնդ չառաջարկեցիր առանց իրեն ըսելու թէ անիկա ի՛նչ կը պարունակէ։ Ապա կարդա՛ կամ մէջբերէ՛ Մատթէոս 6։9, 10։] Յիսուս ըսաւ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պատճառ պիտի դառնայ որ Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ։ Ուստի միակ կրօնական հրատարակութիւնը որ ես կը կարդամ՝ կը շեշտէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Կարելի՞ է որ ձեզի Աստուածաշունչէն ցոյց տամ կարգ մը մասնայատուկ բաներ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի իրագործէ»։