Ներկայացումի նմոյշներ
Մարտ ամսուան առաջին շաբաթ օրը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Մեր այցելութեան նպատակն է՝ խօսիլ Յիսուսի մահուան յիշատակին մասին, որ այս տարի կը զուգադիպի ապրիլ 14–ին։ Ոմանք այդ օրը պիտի յիշատակեն, քանի որ Յիսուսի մահը կարեւո՛ր կը սեպեն։ Իսկ ուրիշներ անոր մահուան իմաստը չեն ըմբռնած։ Կը խորհի՞ք թէ Յիսուսի մահէն կրնանք օգտուիլ»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ցոյց տուր Դիտարան–ի 1 մարտ թիւին ետեւի կողքը եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին հարցումին տակ գտնուող նիւթն ու նշուած համարներէն առնուազն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։
Դիտարան 1 մարտ
«Շատեր հարց կու տան թէ Աստուած ինչո՞ւ անարդարութեան ու տառապանքին վերջ չի դներ։ Կը կարծէ՞ք թէ ան մեզմով հետաքրքրուած չէ, կամ կը խորհի որ տառապանքը մեր օգտին համար է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յովհաննէս 3։16։] Շատեր այս համարը կը մէջբերեն, որպէսզի ցոյց տան թէ Աստուած մեզ կը հոգայ. բայց չեն գիտեր, թէ Աստուծոյ Որդւոյն մահը իրենց ինչպէ՛ս կ’օգտէ։ Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, թէ Յիսուսի մահը ինչպէ՛ս կարելի կը դարձնէ, որ անարդարութիւնն ու տառապանքը անհետանան»։
Զարթի՛ր մարտ
«Հակիրճ կերպով կ’ուզենք այս համարին շուրջ սխալ հասկացողութիւն մը ճշդել։ [Կարդա՛ Ծննդոց 1։1։] Շատեր կը հաւատան թէ տիեզերքը ստեղծուած է, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Կրնա՞մ ձեր կարծիքը գիտնալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր ստեղծագործութեան չեն հաւատար, քանի որ կրօնական առաջնորդները կը սորվեցնեն բան մը, որ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ։ Այս պարբերաթերթը տիեզերքին սկիզբին մասին Աստուածաշունչի տրամաբանական եւ վստահելի բացատրութիւնը կու տայ»։