Ներկայացումի նմոյշներ
Դեկտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Մենք ձեզի կ’այցելենք, քանի որ կ’ուզենք ձեր կարծիքը առնել հարցի մը շուրջ։ Շատ մը ծնողներ կ’ուզեն որ իրենց զաւակները Աստուած սիրեն։ Կը կարծէ՞ք որ ասիկա բան մըն է որ ծնողներ պէտք է իրենց զաւակներուն սորվեցնեն, թէ ոչ զաւակները իրե՛նք պէտք է սորվին Աստուած սիրել»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ցոյց տուր Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր թիւին ետեւի կողքը եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին հարցումին տակ գտնուող նիւթն ու նշուած համարներէն առնուազն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։
Դիտարան 1 դեկտեմբեր
«Մենք մարդոց կ’այցելենք խօսելու համար Աստուծոյ մասին։ Գիտենք թէ ամէն մարդ Աստուծոյ մասին իր անձնական կարծիքը ունի։ Կը կարծէ՞ք որ մարդոց մեծամասնութիւնը զինք կը նկատէ որպէս բնութեան անդէմ մէկ ուժը կամ՝ բարեկամ մը, որ անձամբ հետաքրքրուած է իրենցմով։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչի այս համարը մեզի կ’ըսէ, թէ Աստուած ինչպիսի՛ փոխյարաբերութիւն կ’ուզէ որ իրեն հետ վայելենք։ [Կարդա՛ Յակոբոս 4։8ա։] Այս պարբերաթերթը կը շեշտէ երեք բաներ, որոնք կրնանք ընել Աստուծոյ աւելի մօտ զգալու համար»։
Զարթի՛ր դեկտեմբեր
«Մենք ձեզի կ’այցելենք քանի որ մտահոգուած ենք առողջապահական սովորական խնդիրով մը։ Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, մտային խանգարումները, ինչպէս ընկճուածութիւնը, չորս անհատէն մէկուն պիտի ազդեն՝ իրենց կեանքի որոշ մէկ հանգրուանին։ Կը կարծէ՞ք որ մտային խանգարումները երթալով աւելի՛ սովորական կը դառնան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզի յոյս կու տայ, թէ ապագային երկրի վրայ կեանքը հիւանդութենէ եւ ցաւէ զերծ պիտի ըլլայ։ [Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4։] Այս պարբերաթերթը կը շեշտէ մտային խանգարումներու առնչուող կարգ մը բաներ, որոնց մասին մարդիկ պէտք է գիտնան»։