Կիներու պատուական դերը Աստուծոյ նախկին ծառաներուն մէջ
«Տէր Աստուած ըսաւ. ‘Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար [որպէս լրացուցիչ մը (ՆԱ)]’»։—ԾՆՆԴՈՑ 2։18
1. Աստուածաշունչի բառարան մը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ հին ժամանակներուն կիներու վիճակը։
«ՎԱՂԵՄԻ Միջերկրական կամ Մերձաւոր Արեւելքի ոչ մէկ երկրի մէջ կիները ունէին այն ազատութիւնը զոր անոնք կը վայելեն արդի Արեւմտեան ընկերութեան մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, կիները այր մարդոցմէ ստորադաս էին, ճիշդ ինչպէս որ գերիները ազատ քաղաքացիներէն ստորադաս էին, իսկ երիտասարդները՝ տարեցներէն։ ... Արու զաւակները շատ աւելի կը գնահատուէին քան իգական սեռի զաւակները եւ երբեմն աղջիկ նորածինները մեռնելու կը լքուէին»։ Աստուածաշունչի բառարան մը այսպէս կը նկարագրէ հին ժամանակներուն կիներու վիճակը։
2, 3. (ա) Ըստ տեղեկագրութեան մը, ներկայիս շատ մը կիներու վիճակը ի՞նչ է։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանուին։
2 Ներկայիս, աշխարհին շատ մը մասերու մէջ կացութիւնը շատ չէ բարելաւուած։ 1994–ին, Միացեալ Նահանգներու Պետական Բաժինը մարդկային իրաւանց մասին իր տարեկան տեղեկագրութեան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, շեշտ դրաւ կիներու հանդէպ վերաբերմունքին վրայ։ «193 Երկիրներէ Տըւեալներ Ցոյց Կու Տան որ Խտրականութիւնը Առօրեայ Իրողութիւն մըն Է», նշեց Նիւ Եորք Թամզի (Անգլ.) խորագիր մը այս տեղեկագրութեան մասին։
3 Քանի որ համայն աշխարհի Եհովայի ժողովուրդին ժողովքներուն մէջ մշակութային տարբեր միջավայրերէ եկող մեծ թիւով կիներ կը գտնուին, կարգ մը հարցումներ կը յարուցանուին. Վերը նկարագրուած կիներու հանդէպ վերաբերմունքը կը համապատասխանէ՞ այն վերաբերմունքին զոր Աստուած սկիզբը մտադրած էր։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Եհովայի երկրպագուներուն մէջ ի՞նչ էր կիներու վիճակը։ Իսկ ներկայիս կիներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ։
«Օգնական մը» եւ «Լրացուցիչ մը»
4. Առաջին մարդը որոշ ժամանակ մը Եդեմի պարտէզին մէջ առանձին ըլլալէ ետք, Եհովա ի՞նչ դիտողութիւն ըրաւ, եւ ապա Աստուած ի՞նչ ըրաւ։
4 Ադամ որոշ ժամանակ մը Եդեմի պարտէզին մէջ առանձին ըլլալէ ետք, Եհովա դիտել տուաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար [որպէս լրացուցիչ մը (ՆԱ)]»։ (Ծննդոց 2։18) Թէեւ Ադամ կատարեալ մարդ մըն էր, սակայն ան ուրիշ բանի մը կարիքը ունէր Ստեղծիչին նպատակը իրագործելու համար։ Այս կարիքը լեցնելու համար, Եհովա կինը ստեղծեց եւ առաջին ամուսնութիւնը կատարեց։—Ծննդոց 2։21–24
5. (ա) Աստուածաշունչը գրողները «օգնական» թարգմանուած Եբրայերէն բառը յաճախ ինչպէ՞ս կը գործածեն։ (բ) Այն իրողութիւնը թէ Եհովա առաջին կնոջ ակնարկեց որպէս «լրացուցիչ մը» ի՞նչ ցոյց կու տայ։
5 «Օգնական» եւ «լրացուցիչ» բառերը ցոյց կու տան որ կնոջ աստուածատուր դերը նուաստացուցի՞չ էր։ Ընդհակառակը։ Աստուածաշունչը գրողները յաճախ Աստուծոյ կիրարկած են «օգնական» թարգմանուած Եբրայերէն բառը (էզէր)։ Օրինակի համար, Եհովա «մեր օգնութիւնը ու մեր վահան»ն է։ (Սաղմոս 33։20. Ելից 18։4. Բ. Օրինաց 33։7) Ովսեայ 13։9–ին մէջ, Եհովա նոյնիսկ իր անձին կ’ակնարկէ որպէս Իսրայէլի «օգնութիւն»ը։ Իսկ «լրացուցիչ» թարգմանուած Եբրայերէն բառին (նէղէտ) մասին, Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը բացատրէ. «Ակնկալուած օգնութիւնը առօրեայ գործին կամ որդեծնութեան մէջ պարզ աջակցութիւն մը չէ ..., այլ փոխադարձ օժանդակութիւնը զոր մէկու մը ընկերակցութիւնը կը հայթայթէ»։
6. Կնոջ ստեղծուելէն ետք ի՞նչ ըսուեցաւ եւ ինչո՞ւ։
6 Հետեւաբար, Եհովա ոչ մէկ կերպով կը նուաստացնէր կինը, երբ զայն կը նկարագրէ որպէս «օգնական մը» եւ «լրացուցիչ մը»։ Կինը իր հոգեկան, զգացական եւ ֆիզիքական իւրայատուկ կազմուածքը ունէր։ Ան յարմար հակամաս մը, անթերի լրացուցիչ մըն էր մարդուն համար։ Անոնք իրարմէ տարբեր էին, բայց երկուքին ալ կարիքը կար ‘երկիրը լեցնել’ու համար, Ստեղծիչին նպատակին համաձայն։ Բացայայտօրէն, թէ՛ մարդուն եւ թէ կնոջ ստեղծուելէն ետքն էր որ «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։—Ծննդոց 1։28, 31
7, 8. (ա) Եդեմի մէջ մեղքը մուտք գործելով, կնոջ դերը ինչպէ՞ս ազդուեցաւ։ (բ) Եհովայի երկրպագուհիներուն մէջ Ծննդոց 3։16–ի կատարման նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանուին։
7 Մեղքը մուտք գործելով, մարդուն եւ կնոջ վիճակը փոխուեցաւ։ Եհովա երկուքըն ալ դատապարտեց որպէս մեղաւորներ։ «Քու յղութեանդ ցաւերը պիտի շատցնեմ», ըսաւ Եհովա Եւային այս դառն պատահականութեան մասին խօսելով, զոր ան կը թոյլատրէ, որպէս թէ ինք պիտի պատճառէր։ Ան աւելցուց. «Ցաւով զաւակ [պիտի] ծնանիս ու փափաքդ էրկանդ [պիտի] ըլլայ ու անիկա քու վրադ [պիտի] իշխէ»։ (Ծննդոց 3։16) Այդ ժամանակէն ի վեր, շատ մը ամուսիններ յաճախ բրտօրէն իշխած են իրենց կիներուն վրայ։ Փոխանակ զանոնք արժեւորելու որպէս օգնականներ եւ լրացուցիչներ, անոնք շատ յաճախ կիներուն հետ վարուած են որպէս թէ ծառաներ կամ ստրուկներ ըլլային անոնք։
8 Սակայն, Ծննդոց 3։16–ի կատարումը ի՞նչ կը նշանակէր Եհովայի երկրպագուհիներուն համար։ Անիկա ստրկական եւ աւելի նուաստ դի՞րք մը կը վիճակէր անոնց։ Բնա՛ւ երբեք։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել կիներու ազդող սովորութիւններուն մասին զորս Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ, սովորութիւններ որոնք ներկայիս որոշ ընկերութիւններու մէջ անընդունելի պիտի թուէին։
Սուրբ Գրային Սովորութիւնները Հասկնալ
9. Երբ Աստուածաշունչի ժամանակներուն կիներու առնչութեամբ սովորութիւններ նկատի կ’առնենք, ո՞ր երեք ազդակները ի մտի պէտք է ունենանք։
9 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Աստուծոյ ծառաներուն մէջ կիներու հանդէպ լաւ վերաբերմունք կը ցուցաբերուէր։ Անշուշտ, երբ այդ օրերուն կիներու առնչութեամբ սովորութիւններ նկատի կ’առնենք, բազմաթիւ ազդակներ ի մտի պէտք է ունենանք։ Առաջին, երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ամբարիշտ մարդոց անձնասէր իշխանութեան պատճառաւ անհաճելի վիճակներ գոյացան, ատիկա չի նշանակեր որ Աստուած կը հաճէր կիներու հանդէպ ցուցաբերուած այսպիսի վերաբերմունքի։ Երկրորդ, թէեւ Եհովա ժամանակ մը իր ծառաներուն մէջ որոշ սովորութիւններու հանդուրժեց, սակայն ան կանոնագրեց զանոնք կիները պաշտպանելու համար։ Երրորդ, պէտք է զգուշանանք հին սովորութիւնները արդի չափանիշներով դատելէ։ Ներկայիս ապրող մարդոց անհաճելի երեւցող կարգ մը սովորութիւններ անպայմանօրէն նուաստացուցիչ չէին սեպուեր այդ ժամանակուան կիներու կողմէ։ Կարգ մը օրինակներ առնենք։
10. Եհովա բազմակնութեան սովորութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէր, իսկ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ ան միակնութիւնը՝ իր սկզբնական չափանիշը՝ բնաւ չլքեց։
10 Բազմակնութիւն.a Ըստ Եհովայի սկզբնական նպատակին, կին մը իր ամուսինը պէտք չէր բաժնէր ուրիշ կնոջ մը հետ։ Աստուած միայն մէկ կին ստեղծեց Ադամին համար։ (Ծննդոց 2։21, 22) Եդեմի ըմբոստութենէն ետք, բազմակնութեան սովորութիւնը նախ Կայէնի շառաւիղին մէջ երեւան եկաւ։ Անիկա վերջապէս սովորութիւն մը դարձաւ, զոր Եհովայի երկրպագուներէն ոմանք որդեգրեցին։ (Ծննդոց 4։19. 16։1–3. 29։21–28) Թէեւ Եհովա թոյլատրեց բազմակնութիւնը որ Իսրայէլի բնակչութեան աւելնալուն նպաստեց, բայց ան կիներու հանդէպ նկատառութիւն ցուցաբերեց այս սովորութիւնները կանոնագրելով, այնպէս որ կիները եւ անոնց զաւակները պաշտպանուէին։ (Ելից 21։10, 11. Բ. Օրինաց 21։15–17) Ասկէ զատ, Եհովա միակնութիւնը՝ իր սկզբնական չափանիշը՝ բնաւ չլքեց։ Նոյ եւ իր որդիները, որոնց ‘աճելու ու երկիրը լեցնելու’ պատուէրը կըրկնուեցաւ, բոլորն ալ միակիներ էին։ (Ծննդոց 7։7. 9։1. Բ. Պետրոս 2։5) Երբ Իսրայէլին հետ իր յարաբերութիւնը կը խորհրդանշէր, Աստուած ինքզինք ներկայացուց որպէս միակին ամուսին մը։ (Եսայեայ 54։1, 5) Ապա միակնութիւնը՝ Աստուծոյ սկզբնական չափանիշը՝ վերահաստատուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ եւ անիկա գործադրուեցաւ Քրիստոնէական նախկին ժողովքին մէջ։—Մատթէոս 19։4–8. Ա. Տիմոթէոս 3։2, 12
11. Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ինչո՞ւ հարսնեգին մը կը վճարուէր, եւ ասիկա կիները կը նուաստացնէ՞ր։
11 Հարսնեգին մը վճարել. Գիրք մը (Ancient Israel—Its Life and Institutions) կը նշէ. «Աղջկան ընտանիքին որոշ գումար մը, կամ անոր համարժէքը, վճարելու այս պարտաւորութիւնը բացայայտօրէն գնումի մը արտաքին երեւոյթը կու տար Իսրայելական ամուսնութեան։ Բայց այնպէս կը թուի որ [հարսնեգինը] աւելի ընտանիքին տրուած հատուցում մըն է, քան թէ՝ կնոջ համար վճարուած գին մը»։ (Շեղագիրը մեզմէ։) Ուստի, հարսնեգինի մը վճարումը ընտանիքը հատուցանելու կը ծառայէր կնոջ ծառայութիւններու կորուստին եւ անոր հոգ տանելու մէջ ընտանիքին թափած ջանքերուն ու ծախսերուն համար։ Ուստի, փոխանակ կինը նուաստացնելու, հարսնեգինը անոր արժէքը կը հաստատէր ընտանիքին աչքին։—Ծննդոց 34։11, 12. Ելից 22։16. տես Դիտարան Յունուար 15, 1989–ի Անգլերէն թիւը, էջ 21–24։
12. (ա) Սուրբ Գրութիւններուն մէջ երբեմն ինչպէ՞ս կ’ակնարկուէր ամուսնացած այր մարդոց եւ կիներուն, եւ այս բառերը կիներուն համար վիրաւորակա՞ն էին։ (բ) Եդեմի մէջ Եհովայի գործածած բառերուն մէջ ի՞նչ բան նկատողութեան արժանի է։ (Տես ստորանիշը։)
12 Ամուսիններ որպէս «սեփականատէրեր». Հ.Դ.Ա. շուրջ 1918–ին, Աբրահամի ու Սառայի կեանքին մէջ դէպք մը ցոյց կու տայ որ այն ատեն բացայայտօրէն սովորութիւն դարձած էր ամուսնացած այր մարդը նկատել որպէս «սեփականատէր»ը (Եբրայերէն՝ պաղալ), իսկ ամուսնացած կինը՝ որպէս «սեփական»ը (Եբրայերէն՝ Պէղուլահ)։ (Ծննդոց 20։3, ՆԱ) Ասկէ ետք, այս արտայայտութիւնները Սուրբ Գրութիւններուն մէջ երբեմն կը գործածուին, բայց ոչ մէկ բան ցոյց կու տայ որ նախա–Քրիստոնէական շրջանի կիները վիրաւորական կը գտնէին զանոնք։b (Բ. Օրինաց 22։22) Սակայն, կիներուն հետ պէտք չէր վարուէին որպէս ստացուածքներ։ Կարելի էր ստացուածք մը կամ հարստութիւն մը գնել, ծախել եւ նոյնիսկ ժառանգել, բայց այսպէս չէր կնոջ պարագան։ «Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են», կ’ըսէ Աստուածաշունչի առակ մը, «բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է»։—Առակաց 19։14. Բ. Օրինաց 21։14
Պատուական Դեր մը
13. Երբ աստուածավախ այր մարդիկ Եհովայի օրինակին հետեւէին եւ իր Օրէնքին հնազանդէին, կիներուն համար արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլար։
13 Արդ, նախա–Քրիստոնէական ժամանակներուն, Աստուծոյ ծառաներուն մէջ կիներու դերը ի՞նչ էր։ Անոնք ինչպէ՞ս նկատուած էին եւ անոնց հետ ինչպէ՞ս կը վարուէին։ Պարզ խօսքերով, երբ աստուածավախ այր մարդիկ Եհովայի օրինակին հետեւէին եւ իր Օրէնքին հնազանդէին, կիները իրենց արժանապատուութիւնը կը պահէին եւ շատ մը իրաւունքներ ու առանձնաշնորհումներ կը վայելէին։
14, 15. Ի՞նչ ապացոյցներ կան թէ Իսրայէլի մէջ կիները կը յարգուէին, իսկ Եհովա ինչո՞ւ կրնար իր արու երկրպագուներէն իրաւացիօրէն ակնկալել, որ կիները յարգեն։
14 Կիները պէտք էր յարգուէին։ Իսրայէլի տուած Աստուծոյ Օրէնքը կը պատուիրէր որ թէ՛ հայրերն եւ թէ մայրերը յարգուին։ (Ելից 20։12. 21։15, 17) «Ամէն մարդ իր մայրն ու իր հայրը պէտք է յարգէ», կ’ըսէ Ղեւտացւոց 19։3–ը։ Երբ Բերսաբէ, առիթով մը, իր որդւոյն՝ Սողոմոնին՝ առջեւ ներկայացաւ, «թագաւորը զանիկա դիմաւորելու համար ոտքի ելաւ ու անոր խոնարհութիւն ըրաւ» որպէս յարգանքի նշան։ (Գ. Թագաւորաց 2։19) Համայնագիտարան մը (Encyclopaedia Judaica) դիտել կու տայ. «Իսրայէլի հանդէպ Աստուծոյ սիրոյ եւ իր կնոջ հանդէպ ամուսինի մը սիրոյ միջեւ եղող մարգարէական բաղդատութիւնները կարելի էր ընել մի՛միայն ընկերութեան մը մէջ, որու մէջ կիները կը յարգուէին»։
15 Եհովա իր արու երկրպագուներէն կ’ակընկալէ, որ կիները յարգեն, քանի որ ինք կը յարգէ զանոնք։ Ասոր ապացոյցները կը գտնենք այն համարներուն մէջ, ուր Եհովա կիներու փորձառութիւնը պատկերալից կերպով կը գործածէ եւ իր անձնական զգացումները կը նմանցնէ կիներու զգացումներուն։ (Եսայեայ 42։14. 49։15. 66։13) Ասիկա կ’օգնէ ընթերցողին որ հասկնայ թէ Եհովա ի՛նչ կը զգայ։ Հետաքրքրականօրէն, «ողորմութիւն» կամ «գութ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը, զոր Եհովա իրեն կը վերագրէ, շատ սերտ յարակցութիւն ունի «արգանդ» թարգմանուած բառին հետ եւ կարելի է նկարագրել որպէս «մայրական զգացում»։—Ելից 33։19. Եսայեայ 54։7
16. Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ բարեպաշտ կիներու խրատը կ’արժեւորուէր։
16 Բարեպաշտ կիներու խրատը կ’արժեւորուէր։ Երբ աստուածավախ Աբրահամ, առիթով մը, վարանեցաւ իր բարեպաշտ կնոջ՝ Սառայի՝ խրատին անսալ, Եհովա անոր ըսաւ. «Սառային ... խօսքը մտիկ ըրէ»։ (Ծննդոց 21։10–12) Եսաւի Քետացի կիները «Իսահակին ու Ռեբեկային սրտի ցաւ եղան»։ Վերջապէս, Ռեբեկայ արտայայտուեցաւ այն անձկութիւնը զոր ան պիտի զգար, եթէ իրենց որդին՝ Յակոբն՝ ալ Քետացիի մը հետ ամուսնանար։ Իսահակի հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Իսահակ կանչեց Յակոբը, օրհնեց զանիկա եւ անոր պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ’»։ Այո, թէեւ Ռեբեկա ուղղակիօրէն խրատ չտուաւ, բայց իր ամուսինը որոշում մը տուաւ, որ անոր զգացումները նկատի կ’առնէր։ (Ծննդոց 26։34, 35. 27։46. 28։1) Հետագային, Դաւիթ Թագաւոր արիւնապարտութենէ խուսափեցաւ, քանի որ Աբիգիայի խնդրանքին մտիկ ըրաւ։—Ա. Թագաւորաց 25։32–35
17. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ կիները որոշ հեղինակութիւն ունէին ընտանիքին մէջ։
17 Կիները որոշ հեղինակութիւն ունէին ընտանիքին մէջ։ Զաւակներուն հետեւեալ յորդորը տրուած էր. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր»։ (Առակաց 1։8) Առակաց 31–րդ գլուխին մէջ ‘առաքինի կնոջ’ նկարագրութիւնը կը յայտնէ որ ամուսնացած աշխատասէր կին մը ոչ միայն տունը կը դարձնէր, այլ նաեւ կրնար կալուածներ ձեռք ձգելու գործառնութեամբ զբաղիլ, արգասաբեր արտ մը մշակել, պզտիկ առեւտուր մը դարձնել եւ իր իմաստուն խօսքերուն համար ճանչցուիլ։ Ամենէն կարեւորը, գովասանքի արժանի կնոջ Եհովայի հանդէպ ունեցած ակնածու վախն էր։ Զարմանալի չէ որ այսպիսի կնոջ մը արժէքը «գոհարներէն շատ աւելի» էր։ Թանկագին կարմիր գոհարներուն արժէքը մեծ էր, որոնք գոհարեղէններ շինելու կը ծառայէին։—Առակաց 31։10–31
Աստուծոյ Կողմէ Մասնայատուկ Հաճութիւն Ստացած Կիներ
18. Աստուածաշունչի ժամանակներուն, կարգ մը կիներու ի՞նչ կերպերով մասնայատուկ հաճութիւն շնորհուեցաւ։
18 Կիներու հանդէպ Եհովայի նկատառութիւնը կ’արտացոլացուի Աստուածաշունչի ժամանակներուն անոնցմէ ոմանց Իր շնորհած մասնայատուկ հաճութիւններուն մէջ։ Հագար, Սառա եւ Մանուէի կինը հրեշտակներու այցելութիւնը ունեցան, որոնք աստուածային ուղղութիւն հաղորդեցին անոնց։ (Ծննդոց 16։7–12. 18։9–15. Դատաւորաց 13։2–5) Տաղաւարին մէջ «կիներ» կային, իսկ Սողոմոնի պալատին մէջ՝ «երգչուհիներ»։—Ելից 38։8. Ա. Թագաւորաց 2։22. Ժողովողի 2։8
19. Երբեմն, Եհովա ի՞նչ կերպով կիներ գործածեց զինք ներկայացնելու համար։
19 Իսրայէլի պատմութեան մէջ բազմաթիւ անգամներ Եհովա կին մը գործածած է զինք ներկայացնելու կամ իր կողմէ խօսելու համար։ Դեբօրա մարգարէուհիին մասին կը կարդանք. «Իսրայէլին որդիները դատաստանի համար անոր կ’ելլէին»։ (Դատաւորաց 4։5) Իսրայէլ Քանանացի թագաւորը՝ Յաբինը՝ պարտութեան մատնելէ ետք, Դեբօրա իրապէս մասնայատուկ առանձնաշնորհում մը ունեցաւ։ Բացայայտօրէն Դեբօրան յօրինեց, առնուազն մաս մը, այն յաղթանակի երգը որ վերջապէս Եհովայի ներշնչեալ արձանագրութեան մաս կազմեց։c (Դատաւորաց գլուխ 5) Դարեր ետք, Եհովայի հարցնելու համար, Յովսիա Թագաւոր Ողդա մարգարէուհիին պատուիրակութիւն ղրկեց, որու մէջ կը գտնուէր քահանայապետը։ Ողդա կրցաւ հեղինակութեամբ պատասխանել. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ»։ (Դ. Թագաւորաց 22։11–15) Այդ առիթով, թագաւորը պատուիրեց որ պատուիրակութիւնը մարգարէուհիի մը դիմէ, բայց ասիկա Եհովայէ ուղղութիւն ստանալու համար էր։—Բաղդատել Մաղաքեայ 2։7։
20. Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ Եհովա կիներու զգացումներով եւ բարօրութիւնով կը հետաքրքրուի։
20 Կիներու բարօրութիւնով Եհովայի հետաքրքրութիւնը բացայայտ է իր երկրպագուհիներէն ոմանց ի նպաստ իր գործած կարգ մը արարքներէն։ Երկու անգամ, ան միջամտեց Աբրահամի գեղեցիկ կինը՝ Սառան՝ բռնաբարուելէ պաշտպանելու համար։ (Ծննդոց 12։14–20. 20։1–7) Աստուած Յակոբի կողմէ նուազ սիրուած կնոջ՝ Լիայի՝ հանդէպ հաճութիւն ցուցաբերեց ‘անոր արգանդը բանալով’, որպէսզի ան որդի մը ունենայ։ (Ծննդոց 29։31, 32) Երբ աստուածավախ երկու Իսրայելացի մանկաբարձներ իրենց կեանքը վտանգեցին Եգիպտոսի մէջ Եբրայեցի արու զաւակները խնայելու համար, Եհովա, զանոնք գնահատելով, «անոնց տուներ շինեց [ընտանիքներ տուաւ (ՆԱ)]»։ (Ելից 1։17, 20, 21) Ան նաեւ Աննայի ջերմեռանդ աղօթքին պատասխանեց։ (Ա. Թագաւորաց 1։10, 20) Իսկ երբ մարգարէի մը որբեւարին պարտատէրի մը դիմաց գտնուեցաւ, որ կը պատրաստուէր իր զաւակները իր ձեռքէն առնել իր պարտքին փոխարէն, Եհովա այդ կինը երեսի վրայ չձգեց։ Աստուած, սիրալիր կերպով, Եղիսէ մարգարէն ի վիճակի դարձուց այդ կնոջ ունեցած իւղը շատցնելու համար, այնպէս որ ան կրցաւ իր պարտքը վճարել։ Այս կերպով, ան իր ընտանիքը եւ իր արժանապատուութիւնը պահպանեց։—Ելից 22։22, 23. Դ. Թագաւորաց 4։1–7
21. Եբրայերէն Գրութիւնները կիներու վիճակին մասին ի՞նչ հաւասարակշռուած պատկեր կը ներկայացնեն։
21 Ուստի, փոխանակ Աստուծոյ ծառաներուն մէջ կիներու հանդէպ անարգական տեսակէտ մը քաջալերելու, Եբրայերէն Գրութիւնները անոնց վիճակին մասին հաւասարակշռուած պատկեր մը կը ներկայացնեն։ Թէեւ Եհովա իր երկրպագուհիները Ծննդոց 3։16–ի կատարումէն չէ պաշտպանած, սակայն Եհովայի օրինակին հետեւած եւ իր Օրէնքը պահած բարեպաշտ այր մարդիկ անոնց հետ արժանապատուութեամբ ու յարգանքով կը վարուէին։
22. Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, կիներու դերը ինչպէ՞ս փոխուած էր, եւ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանուին։
22 Եբրայերէն Գրութիւններուն ամբողջացումին յաջորդած դարերուն, Հրեաներուն մէջ կիներու դերը փոխուեցաւ։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ եկաւ, ռաբբունական աւանդութիւնները մեծապէս կաշկանդած էին կիները անոնց կրօնական առանձնաշնորհումներուն եւ ընկերային մարզերուն մէջ։ Այդ աւանդութիւնները կիներու հանդէպ Յիսուսի վերաբերմունքին ազդեցի՞ն։ Քրիստոնեայ կիներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ ներկայիս։ Յաջորդ յօդուածին մէջ այս հարցումներուն պիտի պատասխանենք։
[Ստորանիշ էջ 23]
a Ըստ Մալխասեանց Հայերէն Բացատրական Բառարանին, «Բազմամուսին» բառը կը սահմանուի որպէս «շատ ամուսին (մարդ կամ կին) ունեցող կամ ունեցած, մի քանի անգամ ամուսնացած»։ Աւելի մասնայատուկ «բազմակնութիւն» բառը կը սահմանուի որպէս «միաժամանակ մի քանի կին ունենալ»ու սովորութիւն։
[Ստորանիշ էջ 24]
b Բոլոր Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ ամուսնացած այր մարդոց եւ կիներուն շատ աւելի յաճախ ակնարկուած է որպէս «այր» (Եբրայերէն՝ իշ), իսկ «կին» (Եբրայերէն՝ իշշա)։ Եդեմի մէջ, զոր օրինակ, Եհովա «սեփականատէր» եւ «սեփական» բառերը չգործածեց, այլ՝ «այր» եւ «կին»։ (Ծննդոց 2։24. 3։16, 17) Ովսէի մարգարէութիւնը կը գուշակէր որ աքսորէ վերադառնալէ ետք, Իսրայէլ, զղջալով, Եհովան պիտի կոչէր «Իմ այրս» եւ ոչ թէ «իմ Տէրս [սեփականատէրս (ՆԱ)]»։ Ասիկա թերեւս կը թելադրէ որ «այր» բառը աւելի քնքուշ կը հնչէր քան «սեփականատէր» բառը։—Ովսեայ 2։16
[Ստորանիշ էջ 26]
c Նկատողութեան արժանի է որ Դատաւորաց 5։7–ին մէջ, Դեբօրա առաջին դէմքը կը գործածէ։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ «Օգնական» եւ «լրացուցիչ» բառերը կնոջ աստուածատուր դերին մասին ի՞նչ ցոյց կու տան։
◻ Երբ Աստուածաշունչի ժամանակներուն կիներու ազդող սովորութիւններ նկատի կ’առնենք, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։
◻ Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ հին ժամանակներուն, կիները պատուական դեր մը ունէին Աստուծոյ ծառաներուն մէջ։
◻ Եհովա ի՞նչ կերպերով նախա–Քրիստոնէական ժամանակներուն կիներու մասնայատուկ հաճութիւն շնորհեց։