Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 11/15 էջ 13-18
  • Ձեր Մեծ Ստեղծիչը յիշեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ձեր Մեծ Ստեղծիչը յիշեցէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընտիր Օրինակներ՝ Անցեալէն
  • Եհովան Հիմա՛ Յիշեցէք
  • Յառաջացած Տարիքի Ազդեցութիւնները
  • Յիշողներուն Ի՞նչ Ապագայ Վերապահուած Է
  • Աստուծոյ հանդէպ ձեր ամբողջ պարտականութիւնը կը կատարէ՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Թշուառութեան օրերը չեկած՝ Եհովային ծառայենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ձեր Ստեղծիչը—սորվեցէք թէ ան ի՛նչպիսի մէկն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 11/15 էջ 13-18

Ձեր Մեծ Ստեղծիչը յիշեցէք

«Քու [«Մեծ», ՆԱ] Ստեղծիչդ . . . յիշէ, դեռ թշուառութեան օրերը չեկած»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12։1

1. Աստուծոյ նուիրուած երիտասարդները իրենց պատանեկութիւնն ու կորովը ի՞նչպէս գործածել պէտք է ուզեն։

ԵՀՈՎԱ իր ծառաներուն զօրութիւն կու տայ, որ իր կամքը կատարեն։ (Եսայեայ 40։28-31) Այս է պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլայ իրենց տարիքը։ Բայց Աստուծոյ նուիրուած երիտասարդները յատկապէս պէտք է ուզեն իրենց պատանեկութիւնն ու կորովը իմաստութեամբ գործածել։ Ուստի, «Ժողովողին»՝ վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորին՝ տուած խրատը լուրջի կ’առնեն։ Ան յորդորեց. «Քու [«Մեծ», ՆԱ] Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ, դեռ թշուառութեան օրերը չեկած ու այն տարիները չհասած, որոնց մէջ պիտի ըսես՝ ‘Անոնց չեմ հաւնիր’»։—Ժողովողի 1։1. 12։1

2. Նուիրուած Քրիստոնեաներու զաւակները ի՞նչ պէտք է ընեն։

2 Մեծ Ստեղծիչը երիտասարդութեան օրերուն մէջ յիշելու մասին Սողոմոնի տուած յորդորը նախ ուղղուած էր Իսրայելացի պատանիներուն եւ պատանուհիներուն։ Անոնք Եհովայի նուիրուած ազգի մը մէջ ծնած էին։ Ի՞նչ կրնանք ըսել ներկայիս նուիրուած Քրիստոնեաներու զաւակներուն մասին։ Վստահաբար, անոնք իրենց Մեծ Ստեղծիչը պէտք է յիշեն։ Եթէ այդպէս ընեն, անոնք զինք պիտի պատուեն ու անձնապէս անկէ պիտի օգտուին։—Եսայեայ 48։17, 18

Ընտիր Օրինակներ՝ Անցեալէն

3. Յովսէփ, Սամուէլ եւ Դաւիթ ի՞նչպիսի օրինակներ հանդիսացան։

3 Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ շատ մը պատանիներ իրենց Մեծ Ստեղծիչը յիշելու մէջ լաւ օրինակ հանդիսացած են։ Յակոբի որդին՝ Յովսէփ, իր մատղաշ տարիքէն սկսաւ իր Ստեղծիչը յիշել։ Երբ Պետափրէսի կինը փորձութեան ենթարկեց Յովսէփը որպէսզի իրեն հետ սեռային անբարոյութիւն գործէ, ան հաստատօրէն մերժեց ու ըսաւ. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ (Ծննդոց 39։9) Ղեւտացի Սամուէլը իր Ստեղծիչը յիշեց ոչ միայն մանկութեան շրջանին, այլ՝ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան։ (Ա. Թագաւորաց 1։22-28. 2։18. 3։1-5) Բեթլէհէմացի դեռահասակ Դաւիթ վստահաբար իր Ստեղծիչը իր մտքին մէջ պահեց։ Աստուծոյ վրայ իր ունեցած վստահութիւնը բացայայտ եղաւ, երբ Փղշտացի հսկայ Գողիաթին դիմաց ելաւ ու ըսաւ. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ։ Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ ու ես քեզ պիտի մեռցնեմ ու վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ . . . որպէս զի բոլոր երկիր գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սրով ու նիզակով չազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է ու անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ»։ Շատ չանցած, Գողիաթ մեռաւ ու Փղշտացիները փախան։—Ա. Թագաւորաց 17։45-51

4. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Սուրիոյ մէջ գերեվարուած Իսրայելացի աղջնակ մը եւ երիտասարդ Յովսիա Թագաւորը մեր Մեծ Ստեղծիչը յիշեցին։ (բ) 12 ամեայ Յիսուսը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ իր Ստեղծիչը կը յիշէր։

4 Գերեվարուած Իսրայելացի աղջնակ մը ուրիշ դեռատի մըն էր, որ իր Մեծ Ստեղծիչը յիշեց։ Ան Սուրիացի զօրագլուխին՝ Նէեմանի՝ կնոջ ա՛յնպիսի լաւ վկայութիւն մը տուաւ որ Նէեման Աստուծոյ մարգարէին քով գնաց, բորոտութենէ բժշկուեցաւ եւ Եհովան պաշտող մը եղաւ։ (Դ. Թագաւորաց 5։1-19) Երիտասարդ Յովսիա Թագաւոր քաջաբար Եհովայի մաքուր պաշտամունքը յառաջ մղեց։ (Դ. Թագաւորաց 22։1–23։25) Սակայն, մատղաշ տարիքի մէջ Մեծ Ստեղծիչը յիշելու լաւագոյն օրինակը եղաւ Նազովրեցի Յիսուս։ Նկատի առէք թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ, երբ ան 12 տարեկան էր։ Անոր ծնողքը զինք Երուսաղէմ տարաւ Պասեքին համար։ Վերադարձի ժամանակ, անոնք նկատեցին Յիսուսի բացակայութիւնը, ուստի Երուսաղէմ վերադարձան զինք փնտռելու համար։ Երրորդ օրը, անոնք զինք գտան տաճարին մէջ, ուր սուրբ գրային հարցումներու մասին կը զրուցէր ուսուցիչներու հետ։ Իր մտահոգուած մօր հարցումին պատասխանելով, Յիսուս ըսաւ. «Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։ (Ղուկաս 2։49) Յիսուսի համար օգտակար էր հոգեւոր արժէք ունեցող տեղեկութիւններ ստանալ տաճարին՝ ‘իր Հօր տան’՝ մէջ։ Ներկայիս, Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահը հոյակապ վայր մըն է մեր Մեծ Ստեղծիչին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելու համար։

Եհովան Հիմա՛ Յիշեցէք

5. Ձեր բառերով ի՞նչպէս կ’արտայայտէք Ժողովողի 12։1–ի մէջ արձանագրուած Ժողովողին խօսքերը։

5 Եհովան ամբողջ սրտով պաշտող մը կը փափաքի անոր ծառայութեան ձեռնարկել կարելի եղածին չափ շուտ, եւ անոր ծառայել իր կեանքի մնացեալ օրերուն մէջ։ Սակայն, ի՞նչ են այն անհատին հեռանկարները, որ իր Ստեղծիչը չյիշելով, իր երիտասարդութիւնը փուճ կերպով վատնած է։ Աստուածային ներշնչման ներքեւ, Ժողովողը կ’ըսէ. «Քու [«Մեծ», ՆԱ] Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ, դեռ թշուառութեան օրերը չեկած ու այն տարիները չհասած, որոնց մէջ պիտի ըսես՝ ‘Անոնց չեմ հաւնիր’»։—Ժողովողի 12։1

6. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ տարեց Սիմէօնն ու Աննան իրենց Մեծ Ստեղծիչը յիշեցին։

6 Ծերութեան «թշուառութեան օրեր»էն ո՛չ ոք հաճոյք կ’առնէ։ Բայց Աստուած յիշող տարեցները ուրախ են։ Զոր օրինակ, տարեց Սիմէօն տաճարին մէջ Յիսուս մանուկը իր գիրկը առաւ եւ ուրախութեամբ բացագանչեց. «Ալ հիմա, ո՛վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ որ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր, լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ»։ (Ղուկաս 2։25-32) Ութսունչորս տարեկան Աննան ալ իր Ստեղծիչը յիշեց։ Ան տաճարէն չէր զատուեր, եւ հոն էր, երբ Յիսուս մանուկը բերուեցաւ։ «Ասիկա նոյն ժամուն եկաւ ու Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին»։—Ղուկաս 2։36-38

7. Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իրենց տարիքը առնողներուն կացութիւնը ի՞նչ է։

7 Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իրենց տարիքը առած Եհովայի արդի Վկաները թերեւս կը տառապին յառաջացած տարիքի պատճառած ցաւերէն ու սահմանափակումներէն։ Այսուհանդերձ, անոնք որքա՜ն ուրախ են, իսկ մենք որքա՜ն կը գնահատենք անոնց հաւատարիմ ծառայութիւնը։ Անոնք «Եհովայի ուրախութիւնը» ունին, քանի որ գիտեն թէ ան երկրին նկատմամբ իր անյաղթելի իշխանութիւնը ստանձնած է եւ գահակալած է Յիսուս Քրիստոսը որպէս երկնային հզօր Թագաւոր։ (Նէեմեայ 8։10, ՆԱ) Հիմա ժամանակն է որ երիտասարդներ ու տարեցներ հետեւեալ յորդորին անսան. «Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, ծերեր ու տղաքներ։ Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն, վասն զի միայն անոր անունը բարձր է, անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է»։—Սաղմոս 148։12, 13

8, 9. (ա) «Թշուառութեան օրեր»ը որո՞նց համար վարձահատոյց չեն եւ ինչո՛ւ։ (բ) Ժողովողի 12։2–ը ի՞նչպէս պիտի բացատրէիք։

8 Ծերութեան «թշուառութեան օրեր»ը անվարձահատոյց՝ հաւանաբար տագնապալից՝ են անոնց համար, որոնք բնաւ չեն մտածեր իրենց Մեծ Ստեղծիչին մասին եւ տեղեակ չեն անոր փառաւոր նպատակներէն։ Անոնք չունին այն հոգեւոր հասկացողութիւնը, որ կրնայ հակակշռել ծերութեան փորձութիւնները եւ, Սատանան երկինքէն վար ձգուելէն ի վեր, մարդկութիւնը հարուածող վայերը։ (Յայտնութիւն 12։7-12) Հետեւաբար, Ժողովողը մեզ կը քաջալերէ որ մեր Ստեղծիչը յիշենք՝ «արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չխաւարած ու անձրեւին ետեւէն ամպերը չդարձած»։ (Ժողովողի 12։2) Այս խօսքերուն նշանակութիւնը ի՞նչ է։

9 Սողոմոն երիտասարդութեան ժամանակը կը նմանցնէ Պաղեստինի ամրան, երբ արեւը, լուսինն ու աստղերը իրենց լոյսը կը սփռեն անամպ երկինքէն։ Այն ատեն ամէն բան շատ պայծառ կը թուի։ Սակայն, յառաջացած տարիքի մէջ, անհատի մը օրերը կը նմանին ձմրան ցուրտ ու անձրեւոտ եղանակին, երբ խնդիրներ կը տեղան մէկը միւսին ետեւէն։ (Յոբայ 14։1) Ի՜նչ ցաւալի է Ստեղծիչին մասին տեղեկանալ բայց թերանալ անոր ծառայել կեանքի ամրան մէջ։ Կեանքի ձմրան՝ ծերութեան՝ մէջ, ամէն բան կը մթագնի, յատկապէս անոնց համար, որոնք փուճ բաներու ետեւէ ըլլալով, իրենց երիտասարդութեան օրերուն Եհովայի ծառայելու պատեհութիւնները կորսնցուցած են։ Սակայն, մեր տարիքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, թող որ ‘բոլոր սրտով Եհովայի հնազանդինք’, ինչպէս ըրաւ հաւատարիմ Քաղէբ՝ Մովսէս մարգարէին հաւատարիմ մէկ ընկերակիցը։—Յեսուայ 14։6-9

Յառաջացած Տարիքի Ազդեցութիւնները

10. Ի՞նչ կը ներկայացնեն (ա) «տանը պահապանները», (բ) «զօրաւոր մարդիկը»։

10 Սողոմոն յաջորդիւ կը նշէ դժուարութիւնները, «այն օրը որ տանը պահապանները պիտի դողան ու զօրաւոր մարդիկը պիտի ծռին եւ աղացողները քիչ մնալնուն համար պիտի դադարին ու պատուհաններէն նայողները պիտի մթննան»։ (Ժողովողի 12։3) ‘Տունը’ կ’ակնարկէ մարդկային մարմնին։ (Մատթէոս 12։43-45. Բ. Կորնթացիս 5։1-8) Անոր «պահապանները» բազուկներն ու ձեռքերն են, որոնք մարմինը կը պաշտպանեն ու անոր կարիքները կը հայթայթեն։ Ծերութեան ժամանակ անոնք յաճախ կը դողան տկարութեան, ջղագրգռութեան եւ անդամալուծութեան պատճառաւ։ «Զօրաւոր մարդիկը»՝ սրունքները, այլեւս տոկուն սիւներ չեն, այլ՝ տկարացած ու ծռած են, այնպէս որ անոնք իրենց ոտքերը քստքստացնելով կը քալեն։ Սակայն, ուրախ չէ՞ք տարեց հաւատակիցները տեսնելով քրիստոնէական ժողովներուն։

11. Այլաբանօրէն խօսելով, որո՞նք են «աղացողները» եւ «պատուհաններէն նայողները»։

11 «Աղացողները քիչ մնալնուն համար պիտի դադարին». ասիկա ի՞նչպէս կ’ըլլայ։ Ակռաները կրնան փտած կամ քաշուած ըլլալով քիչ մնացած, կամ՝ բնաւ չըլլալ։ Կարծր կերակուրներ ծամելը դժուար կամ բոլորովին անկարելի կը դառնայ։ «Պատուհաններէն նայողները»՝ աչքերը եւ մտային կարողութիւնները, որոնցմով կը տեսնենք՝ կ’աղօտին կամ ամենեւին կը մթագնին։

12. (ա) Ի՞նչպէս «փողոցներուն մէջ դռները պիտի գոցուին»։ (բ) Թագաւորութեան տարեց հրատարակիչները ի՞նչպէս կը նկատէք։

12 Ժողովողը կը շարունակէ ըսել. «Ու երբ աղօրիքին ձայնը տկարանայ, փողոցներուն մէջ դռները պիտի գոցուին, եւ թռչունի ձայնով պիտի արթննան ու բոլոր երգող աղջիկները նկուն պիտի ըլլան»։ (Ժողովողի 12։4) Բերնին երկու դռները՝ շրթները՝ այլեւս գրեթէ, կամ երբեք չեն բացուիր, Աստուծոյ չծառայող տարեցներու «տան», կամ մարմնին, մէջ եղածը արտայայտելու համար։ Հանրային կեանքի «փողոց»ը ղրկելիք ոչինչ ունին։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել Թագաւորութեան նախանձախնդիր տարեց հրատարակիչներուն մասին։ (Յոբայ 41։14) Անոնք թերեւս դանդաղօրէն կը քալեն տունէ տուն, եւ ոմանք թերեւս դժուարութեամբ կը խօսին, բայց անոնք վստահաբար կը փառաբանեն Եահը։—Սաղմոս 113։1

13. Ժողովողը ի՞նչպէս կը նկարագրէ տարեցներու ունեցած այլ խնդիրները, իսկ տարեց Քրիստոնեաներուն պարագան ի՞նչ է։

13 Աղօրիքին ձայնը կը տկարանայ, մինչ կերակուրը կը ծամուի ակռաներէ զուրկ լինտերով։ Տարեց անհատը իր անկողնին վրայ հանգիստ չի քնանար։ Թռչունի մը ճռուողիւնն անգամ զինք կը խանգարէ։ Ան շատ քիչ կ’երգէ, իսկ որեւէ մեղեդի տկարութեամբ դուրս կու գայ։ «Բոլոր երգող աղջիկները»՝ երաժշտական նօթերը՝ «նկուն պիտի ըլլան»։ Տարեցը դժուարաւ կը լսէ ուրիշներուն նուագածն ու երգածը։ Սակայն, տարեց օծեալներն ու անոնց ընկերակիցները, որոնցմէ ոմանք նաեւ որոշ տարիքի մէջ են, քրիստոնէական ժողովներուն կը շարունակեն իրենց ձայները բարձրացնել, Աստուած փառաբանող երգեր երգելով։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ անոնք մեր կողքին Եհովան կը փառաբանեն ժողովքին մէջ։—Սաղմոս 149։1

14. Ի՞նչ վախեր կը պատեն տարեցները։

14 Ի՜նչ ցաւալի է տարեցներու պարագան, յատկապէս անոնց՝ որոնք իրենց Ստեղծիչը անտեսած են։ Ժողովողը կ’ըսէ. «Բարձրէն պիտի վախնան, ճամբուն մէջ վախկոտ պիտի ըլլան։ Եւ նշենին պիտի ծաղկի ու մարախը ծանրութիւն պիտի սեպուի [«ինքզինք կը քաշքշէ», ՆԱ] եւ ախորժակը պիտի դադրի [«կապարի հատապտուղը կը ճաքի», ՆԱ]. վասն զի մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայ ու լացողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին»։ (Ժողովողի 12։5) Երբ բարձր սանդուխի մը վերեւը գտնուին, տարեցներէն շատեր կը վախնան որ իյնան։ Նոյնիսկ բարձր բանի մը նայիլը կրնայ գլխու պտոյտ պատճառել իրենց։ Երբ ստիպուած ըլլան խճողուած փողոցներու մէջ քալել, վնասուելու կամ կողոպտուելու գաղափարը զիրենք կը սարսափեցնէ։

15. Ի՞նչպէս «նշենին պիտի ծաղկի», իսկ ի՞նչպէս մարախը «ինքզինք կը քաշքշէ»։

15 Տարեցի մը պարագային, ‘նշենին կը ծաղկի’, երեւութապէս ակնարկելով անոր մազին մոխրագոյն՝ ապա ձիւնասպիտակ դառնալուն։ Սպիտակ մազերը կը թափին նշենիին ճերմակ ծաղիկներուն նման։ Մինչ «ինքզինք կը քաշքշէ»՝ թերեւս կռնակը ծռած ու ձեռքերը կախուած, կամ, ձեռքերը կոնքին վրայ հանգչած ու արմուկները դէպի վեր, ան մարախի մը կը նմանի։ Եթէ մեզմէ ոեւէ մէկը ձեւով մը այդ կերպարանքը ունի, ուրիշներ թող նկատեն որ մենք Եհովայի աշխոյժ ու արագաշարժ մարախներու բանակին մէջ ենք։—Տես՝ Ուսումնասիրութեան Նիւթերու Գրքոյկ, Բ. Մաս, էջ 3-6։

16. (ա) ‘Կապարի հատապտուղին ճաքիլը’ ի՞նչ կը թելադրէ։ (բ) Մարդուն «յաւիտենական տունը» ի՞նչ է, եւ մօտալուտ մահուան ո՞ր նշանները բացայայտ կ’ըլլան։

16 Տարեց անհատ մը այլեւս սուր ախորժակ չունենար, նոյնիսկ եթէ իր առջեւ դրուած կերակուրը կապարի հատապտուղին չափ համով ըլլայ։ Այս հատապտուղները վաղուց կը գործածուէին ախորժակ գրգռելու համար։ ‘Կապարի հատապտուղին ճաքիլը’ կը թելադրէ որ երբ տարեցի մը ախորժակը նուազի, նոյնիսկ այս պտուղը չի կրնար կերակուրի հանդէպ անոր փափաքը արթնցնել։ Այս բաները ցոյց կու տան որ ան «իր յաւիտենական տունը»՝ գերեզմանը՝ երթալու կը մօտենայ։ Անիկա իր յաւիտենական տունը պիտի ըլլայ, եթէ իր Ստեղծիչը չէ յիշած եւ այնպիսի չար ընթացքի մը հետեւած է, որ Աստուած զինք պիտի չյիշէ յարութեան մէջ։ Մօտալուտ մահուան նշանները կը տեսնուին տարեցին բերնի դռներէն ելած ողբերէն ու դժգոհութեան հառաչանքէն։

17. «Արծաթէ թելը» ի՞նչպէս կը փրթի, իսկ «ոսկիէ բաժակը» ի՞նչ կրնայ ներկայացնել։

17 Մեզի յորդոր կը տրուի որ մեր Ստեղծիչը յիշենք «դեռ արծաթէ թելը չփրթած, ոսկիէ բաժակը չկոտրած, սափորը աղբիւրին քով չփշրուած ու ջրհորին վրայի անիւը չկոտրուած»։ (Ժողովողի 12։6) «Արծաթէ թելը» կրնայ ողնածուծը ըլլալ։ Մահը անխուսափելի կ’ըլլայ, երբ դէպի ուղեղ տանող ներմղումներու այս հոյակապ ճամբան անդարմանելիօրէն վնասուի։ «Ոսկիէ բաժակը» կրնայ ուղեղին ակնարկել, բաժականման գանկին մէջ զետեղուած, որու կցուած է ողնածուծը։ Ոսկիի նման թանկագին եղող ուղեղը, երբ գործելէ դադրի՝ մահ կը յառաջացնէ։

18. Ի՞նչ է այլաբանական «սափորը աղբիւրին քով», եւ ի՞նչ կը պատահի երբ փշրուի։

18 ‘Աղբիւրին քովի սափորը’՝ սիրտն է, որ արեան հոսանքը կ’ընդունի ու ետ կը ղրկէ զայն, ամբողջ մարմնին մէջ շրջան ընելու համար։ Մահուան ժամանակ, սիրտը կոտրուած սափորի մը նման կ’ըլլայ, աղբիւրին քով փշրուած ըլլալով, անիկա մարմնին սնուցման ու կազդուրման համար կենսական եղող արիւնը այլեւս չի կրնար ստանալ, պարունակել ու ղրկել։ ‘Ջրհորին վրայի կոտրուած անիւը’ դառնալէ կը դադրի, վերջ դնելով կենսապահ արեան շրջանին։ Այսպիսով, Եհովա Սողոմոնի յայտնեց արեան շրջանը ԺԷ. դարէն շատ առաջ, երբ բժիշկ Ուիլիըմ Հարվի ցոյց տուաւ թէ արիւնը շրջան կ’ընէ։

19. Ժողովողի 12։7–ի խօսքերը ի՞նչպէս կը կիրարկուին մահուան ժամանակ։

19 Ժողովողը աւելցուց. «Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս ու հոգին [«ոգին», ՆԱ] Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ»։ (Ժողովողի 12։7) «Ջրհորին վրայի անիւը» կոտրուելով, մարդկային մարմինը, որ սկիզբը գետնի հողէն շինուած էր, հողին կը վերադառնայ։ (Ծննդոց 2։7. 3։19) Հոգին կը մեռնի, քանի որ Աստուծմէ տրուած ոգին՝ կամ կեանքի ոյժը, մեր Ստեղծիչին կը վերադառնայ ու իր քով կը մնայ։—Եզեկիէլ 18։4, 20. Յակոբու 2։26

Յիշողներուն Ի՞նչ Ապագայ Վերապահուած Է

20. Սաղմոս 90։12–ի մէջ Մովսէս իր աղօթքով ի՞նչ կը խնդրէր։

20 Սողոմոն սուր կերպով ցոյց տուաւ թէ մեր Մեծ Ստեղծիչը յիշելը որքա՜ն կարեւոր է։ Վստահաբար, Եհովան իրենց մտքին մէջ պահող ու ամբողջ սրտով իր կամքը կատարողներուն համար, համեմատաբար այս կարճ ու տառապալից կեանքէն աւելին վերապահուած է։ Անոնք ըլլան երիտասարդ թէ տարեց, Մովսէսի կեցուածքը կը բաժնեն, որ աղօթեց. «Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։ Աստուծոյ խոնարհ մարգարէն ջերմեռանդօրէն փափաքեցաւ որ Եհովա սորվեցնէր իրեն, ու Իսրայէլ ազգին, թէ ի՛նչպէս իմաստութեամբ արժեւորէին ‘իրենց կեանքի օրերը’ եւ Աստուծոյ ընդունելի կերպով գործածէին զանոնք։—Սաղմոս 90։10, 12

21. Եթէ մեր օրերը պիտի համրենք Եհովայի փառքին համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

21 Մասնաւորաբար Քրիստոնեայ պատանիները պէտք է վճռեն անսալ, Ստեղծիչը յիշելու Ժողովողի տուած խրատին։ Անոնք Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու ի՜նչ գեղեցիկ պատեհութիւններ ունին։ Սակայն, մեր տարիքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, եթէ սորվինք մեր օրերը Եհովայի փառքին համար համրել այս «վերջին ժամանակ»ին, հաւանաբար պիտի կարենանք զանոնք համրել յաւիտեան։ (Դանիէլ 12։4. Յովհաննու 17։3) Ասիկա ընելու համար, անշուշտ մեր Մեծ Ստեղծիչը պէտք է յիշենք։ Նաեւ, Աստուծոյ հանդէպ մեր ամբողջ պարտաւորութիւնը պէտք է կատարենք։

Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Ինչո՞ւ երիտասարդներուն յորդոր կը տրուի որ իրենց Ստեղծիչը յիշեն։

◻ Իրենց Մեծ Ստեղծիչը յիշող սուրբ գրային օրինակներէն ոմանք որո՞նք են։

◻ Սողոմոնի նկարագրած ծերութեան ազդեցութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։

◻ Եհովան յիշողներուն ի՞նչ ապագայ վերապահուած է։

[Նկարներ՝ էջ 15]

Դաւիթ, գերեվարուած Իսրայելացի աղջնակը, Աննա եւ Սիմէօն Եհովան յիշեցին

[Նկարներ՝ էջ 16]

Եհովայի տարեց Վկաները ուրախութեամբ մեր Մեծ Ստեղծիչին սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել