Դուք «Տեսարան» Էք
1 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց»։ (Ա. Կորն. 4։9) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ներկայիս մեր ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։
2 Կորնթացիի մը համար, «տեսարան» բառը հաւանաբար իր միտքը բերէր հռովմէական սուսերամարտական մրցումի մը փակման հանգրուանը, որու ընթացքին դատապարտուած մարդիկ հազարաւոր հանդիսականներու առջեւ կը պտըտցուէին, անգթօրէն սպաննուելէ առաջ։ Նոյնպէս, մարդոցմէ ու հրեշտակներէ բաղկացած բազմաթիւ հանդիսականներ դիտեցին այն տառապանքները, զորս առաջին դարու Քրիստոնեաները կրեցին, քանի որ Թագաւորութեան համար վկայութիւն կու տային։ (Եբր. 10։32, 33) Անոնց ուղղամիտ ընթացքը բազմաթիւ հանդիսականներու ազդեց, ճիշդ ինչպէս որ մեր համբերութիւնը ուրիշներու կ’ազդէ արդի կրկէսին մէջ։ Մենք որո՞ւ տեսարան կ’ըլլանք։
3 Աշխարհին ու Մարդոց. Երբեմն լրատուական սպասարկութիւնները Եհովայի ժողովուրդին գործունէութեանց մասին տեղեկագրութիւններ կը հրատարակեն։ Մինչ կը գնահատենք մեր գործին վերաբերեալ եղած ճշգրիտ ու պարկեշտ տեղեկագրութիւնները, սակայն, կ’ակնկալենք որ մեզ քննադատողները ժամանակ առ ժամանակ սխալ տեղեկագրութիւններ ալ տարածեն։ Այսուհանդերձ, պէտք է շարունակենք մեր անձերը յանձնարարել որպէս Աստուծոյ ծառաներ, «թէ՛ գէշ ու թէ լաւ տեղեկագրութեամբ»։ (Բ. Կորն. 6։4, 8, ՆԱ) Պարկեշտ սիրտ ունեցող հանդիսականներուն համար, բացայայտ կը դառնայ թէ մենք Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտներն ենք։
4 Հրեշտակներուն. Հոգեղէն արարածներն ալ մեզ կը դիտեն։ Բանսարկուն եւ իր դեւերը կը դիտեն, սակայն՝ ‘զայրոյթով լեցուած’, ջանալով արգելք հանդիսանալ ‘Յիսուսի համար տրուած վկայութեան’։ (Յայտ. 12։9, 12, 17, Անթիլիաս) Աստուծոյ հաւատարիմ հրեշտակները կը դիտեն եւ կ’ուրախանան, նոյնիսկ երբ մէկ մեղաւոր զղջայ։ (Ղուկ. 15։10) Պէտք է մեզ զօրացնէ այն իրողութիւնը՝ թէ հրեշտակները մեր ծառայութիւնը կը նկատեն, որպէս երկրի վրայ այժմ տեղի ունեցող ամենէն ստիպողական ու օգտակար գործը։—Յայտ. 14։6, 7
5 Երբ հակառակութեան հանդիպիք կամ խորհիք թէ ձեր ծառայութիւնը արդիւնաբեր չէ, յիշեցէք թէ դուք տիեզերքին մէջ ուշադրութեան կեդրոն դարձած էք։ Ձեր հաւատարիմ համբերութիւնը շատ բան կը յայտնէ ձեր ուղղամտութեան մասին։ Ի վերջոյ, «հաւատքին բարի պատերազմը» պատերազմիլը, կարող պիտի դարձնէ ձեզ որ «յաւիտենական կեանքը» ամուր բռնէք։—Ա. Տիմ. 6։12