Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/06 էջ 3-4
  • Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրը տարածէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Երախտապարտ ենք որ Աստուծոյ շնորհքը կը ստանանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Շնորհքով ազատուած էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Բարութիւն ցուցաբերելով Եհովան հաճեցնենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 3/06 էջ 3-4

Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն

«Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ»։ Պօղոս այս ողջոյնը գործածեց, ժողովքներուն յղած իր կարգ մը նամակներուն մէջ։ Անիկա տեղին ըլլալով կ’արտայայտէ ի՛նչ որ կը մաղթենք ձեզի։—Եփ. 1։2, ԱՎ

Որքա՜ն երախտապարտ ենք Քրիստոս Յիսուսի փրկանքի զոհին միջոցով Եհովայի տուած շնորհքին համար։ Փրկանքին միջոցով, Աստուծոյ առջեւ ընդունելի կեցուածք ունինք։ Երբեք չէինք կրնար մեր ջանքերով ասիկա ձեռք ձգել, ո՛րքան ալ ժրաջանօրէն Աստուածաշունչը ուսումնասիրէինք, բարի լուրը քարոզէինք կամ այլ բարի գործեր կատարէինք։ Մեղքերու ներումը եւ յաւիտենական կեանքը մեզի հրամցուած են, ո՛չ թէ որպէս մեր ջանքերուն վճարումը, այլ՝ որպէս պարգեւներ, որոնք Յիսուս Քրիստոսի միջոցով Եհովայի շնորհքը կ’արտացոլացնեն։—Հռովմ. 11։6

Պօղոս իր հաւատակիցներուն գրեց. «Կ’աղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։ Վասն զի ‘Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի’, կ’ըսէ, ‘եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի’։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը»։ Առաջին դարուն Երուսաղէմի կործանումէն առաջ, «ընդունելի ժամանակ» մը կար։ Եհովան սիրող պարկեշտամիտ անհատները հոգեւորապէս փրկուեցան։ Իսկ Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմի կործանումէն առաջ, անկէ փախչող բոլոր հաւատարիմները նաեւ ֆիզիքապէս փրկուեցան։—Բ. Կորն. 6։1, 2

Ներկայիս ալ, «ընդունելի ժամանակի մը» եւ «փրկութեան օրուան մը» մէջ կ’ապրինք։ Այն անհատները որ Եհովա կ’ընդունի որպէս իր ծառաները եւ որոնք հոգեւորապէս կը փրկուին, մօտալուտ «Տէրոջը մեծ օր»էն ֆիզիքապէս փրկուելու հեռանկարը ունին։—Սոփ. 1։14

Եհովայի օրուան գալը մեր վրայ լուրջ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ։ Մէկ կողմէ, անոր նկատմամբ մարդիկը պէտք է ազդարարենք, իսկ միւս կողմէ, պարկեշտամիտ անհատներուն պէտք է օգնենք Եհովայի շնորհքէն օգտուելու, որպէսզի իրենք ալ կարենան փրկուիլ։ Պօղոս այս պատասխանատուութեան լրջութիւնը ըմբռնեց։ Ան գրեց. «Վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։ Ան նաեւ իր զգացումները արտայայտեց՝ ըսելով. «Իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։ Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ . . . աւետարանը քարոզել»։—Ա. Կորն. 9։16. Հռովմ. 1։14, 15

Եհովա մեզ համարատու պիտի նկատէ, եթէ մարդիկը ազդարարելու այս կենսական գործը անտեսենք։ Քաջատեղեակ ենք թէ Եհովա Եզեկիէլ մարգարէին ի՛նչ ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, քեզ դէտ կարգեցի Իսրայէլի տան։ Երբ խօսք մը լսես իմ բերանէս, զանոնք զգուշացո՛ւր իմ կողմէս։ Երբ ամբարիշտին ըսեմ. ‘Անշուշտ պիտի մեռնիս’, բայց դուն զայն չզգուշացնես, ամբարիշտին չխօսիս որ խրատուելով իր վատ ընթացքէն հեռանայ եւ ողջ մնայ, այդ ամբարիշտը իր անօրէնութեան մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ»։—Եզեկ. 3։17, 18, ԱՎ

Այս վերջին օրերը դաժան ժամանակներ են։ Դիւրին չէ հաւասարակշռել ընտանեկան հարցերը, աշխարհիկ գործը, ժողովքային գործունէութիւնները եւ քարոզչութիւնը։ Ասկէ զատ, ձեզմէ շատեր կը դիմագրաւեն հիւանդութիւնը, ընկճուածութիւնը, ծերութիւնը եւ նոյնիսկ հակառակութիւնը։ Ձեր մեծամասնութիւնը «բեռնաւորուած» է։ Կ’ուզենք Յիսուսի խօսքերուն համաձայն մեր կարեկցութիւնը արտայայտել. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ (Մատթ. 11։28) Ջերմօրէն կը գովենք ձեզ, քանի որ կը ջանաք շարունակել հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել, հակառակ ամէն դժուարութեան։

Ձեր նախանձախնդիր քարոզչութեան եւ ուսուցանելու գործունէութեան ու Եհովայի օրհնութեան շնորհիւ, համայն աշխարհի մէջ ամէն շաբաթ միջին հաշուով 4,764 հոգի կը մկրտուի։ Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, 1,417 նոր ժողովքներ կազմուեցան։ Կը յուսանք ու կ’աղօթենք որ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ նոր գիրքը, որ արդէն աւելի քան 120 լեզուներով մատչելի է, միլիոնաւորներու օգնէ որ այս «փրկութեան օրուան» ընթացքին Եհովայի տուած շնորհքէն ու խաղաղութենէն օգտուին։

Վստահ եղէք որ Կառավարիչ Մարմինը ձեզ կը սիրէ եւ ձեզի համար կ’աղօթէ։ Նաեւ շնորհակալ ենք որ մեզի ի նպաստ կ’աղօթէք։

Ձեր եղբայրները,

Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել