Հարցումներ ընթերցողներէն
◼ Պատշա՞ճ է որ Քրիստոնեայ կին մը գոհարեղէն գործածէ, շպարուի, մազերը ներկէ կամ նոյնանման բաներ ընէ։
Անցեալին եւ ներկայիս, Աստուածաշունչի հետեւիլ դաւանող կարգ մը անհատներ զարդարանքի մասին զօրաւոր եւ շատ տարբեր տեսակէտ մը զարգացուցած են։a
Կարգ մը եկեղեցիներու պատկանող կիներ բոլորովին կը զգուշանան շպարումէ եւ գոհարեղէններէ։ Օրինակի համար, Ամիշ Ժողովուրդը խորագրով գիրքը կը տեղեկագրէ, թէ անոնք «իրենց ֆիզիքական երեւոյթը հսկողութեան տակ կը պահեն, քանի որ կը խորհին թէ ոեւէ անդամ որ շատ հետաքրքրուած է աշխարհային երեւոյթով՝ սպառնալիքի ներքեւ է, քանի որ [այդ] հետաքրքրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ հոգեւոր նկատողութիւններու շուրջ քան թէ ֆիզիքական։ Ոմանք ... նոյնիսկ համարներ կը մէջբերեն»։
Անոնց մէջբերած համարն է Ա. Թագաւորաց 16։7–ը. «Տէրը Սամուէլին ըսաւ. ‘Անոր երեւոյթին կամ հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, ... քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ Սակայն, այս համարը Դաւիթի եղբօր՝ Եղաբի հասակին բարձրութեան կ’ակնարկէ։ Բովանդակութենէն յստակօրէն կը տեսնուի որ հոս Աստուած շպարումի մասին չի խօսիր. ակնարկում մը չկայ թէ Դաւիթ կամ իր եղբայրները իրենց մազերը յարդարած կամ իրենց հագուստներուն վրայ զարդարանքներ դրած էին։—Ծննդոց 38։18. Բ. Թագաւորաց 14։25, 26. Ղուկաս 15։22
Ասիկա ցոյց կու տայ թէ այդ անհատները որոնք կը պնդեն որ Քրիստոնեաները բոլորովին պարզ պէտք է ըլլան, առանց շպարումի կամ գոհարեղէնի, համարներու սխալ կիրառում մը կ’ընեն։ Իրականութեան մէջ Աստուածաշունչը ո՛չ մէկ մանրամասնութիւն կու տայ զարդարանքի մասին. ոչ ալ գեղագիտական որոշ սովորութիւններու հաւանութիւն կու տայ, իսկ կը դատապարտէ ուրիշներ։ Ան միայն տրամաբանական ուղղեգծեր կու տայ։ Զանոնք նկատի առնենք եւ տեսնենք թէ անոնք ի՛նչպէս կը կիրառուին ներկայիս։
Պօղոս առաքեալ հետեւեալ ներշընչեալ ուղղութիւնը տուաւ. «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9) Նոյնպէս Պետրոս գրեց. «Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով եւ ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, հապա սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է»։—Ա. Պետրոս 3։3, 4
Այս համարներուն մէջ գործածուած «զարդարեն», «վայելուչ», «զարդարանք» Յունարէն բառերը, գոսմէթիգ բառին արմատը եղող գոսմոս բառին տարբեր տեսակներն են, որ կը նշանակէ «գեղեցկացնել՝ մանաւանդ դէմքի գոյնը»։ Ուստի, այս համարները մեզի կ’օգնեն պատասխանելու, գեղադեղեր կամ շպարում, գոհարեղէն եւ իգական որեւէ զարդարանք գործածելու մասին հարցումներու։
Պօղոս եւ Պետրոս այդ գաղափարը տուի՞ն որ Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին իրենց մազերը ներկելէ, մարգարիտէ կամ ոսկիէ գոհարեղէններ հագնելէ, կամ, նոյնիսկ գեղադեղեր գործածելէ։ Ո՛չ. Իրենց խօսքերուն այդ իմաստը տալը պիտի պահանջէր որ Քրիստոնեայ քոյրեր խուսափին նաեւ ‘հանդերձներ’ հագնելէ։ Սակայն, Այծեմնիկ՝ որու յարուցանեց Պետրոս՝ շատ սիրուած էր, քանի որ ուրիշ քոյրերու «հանդերձներ» կը շինէր։ (Գործք 9։39) Հետեւաբար, Ա. Տիմոթէոս 2։9 եւ Ա. Պետրոս 3։3, 4–ը չեն նշանակեր թէ քոյրերը պէտք է խուսափին մազ ներկելէ, մարգարիտներէ, հանդերձներէ եւայլն։ Այլ, Պօղոս շեշտ կը դնէր իգական շպարումին պարկեշտութեամբ եւ խոհեմութեամբ ըլլալուն վրայ։ Պետրոս իր կարգին ցոյց տուաւ թէ իրենց անհաւատ ամուսինները շահելու համար, կիները աւելի ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն իրենց ներքին անձնաւորութեան եւ ոչ թէ շեշտեց դրսերեւոյթը կամ շպարումը։
Պարզօրէն կրնանք ըսել թէ Աստուածաշունչը չ’արգիլեր որ անհատ մը իր երեւոյթը բարելաւէ կամ գեղեցկացնէ։ Աստուծոյ կարգ մը ծառաներ՝ այր թէ կին՝ գոհարեղէն գործածեցին։ (Ծննդոց 41։42. Ելից 32։2, 3. Դանիէլ 5։29) Հաւատարիմ Եսթեր համաձայնեցաւ որ գեղագիտական իւղերով, անուշահոտերով եւ մարձումներով առողջապահական երկար կանոնի մը հետեւի։ (Եսթերայ 2։7, 12, 15. բաղդատել Դանիէլ 1։3–8)։ Աստուած ըսաւ որ ինք Իսրայէլը այլաբանօրէն զարդարեց ապարանջաներով, մանեակով, քթի ու ականջի օղերով եւ ասիկա իր ‘խիստ շատ գեղեցկանալուն’ նպաստեց։—Եզեկիէլ 16։11–13
Եզեկիէլի պատմութիւնը սակայն, մեզի դաս մը կու տայ մեր ուշադրութիւնը միայն երեւոյթին վրայ կեդրոնացնելու դէմ։ Աստուած ըսաւ. «Քու գեղեցկութեանդ ապաւինելով՝ շնութիւն ըրիր։ Քու պոռնկութիւնդ ամէն անցողի առջեւ թափեցիր եւ ինքզինքդ անոր յանձնեցիր»։ (Եզեկիէլ 16։15. Եսայեայ 3։16, 19) Ուստի, Եզեկիէլ 16։11–15 համարները կը շեշտեն դրսերեւոյթին շատ կարեւորութիւն չտալու Պօղոսի եւ Պետրոսի հետագայ խրատը։ Եթէ կին մը ուզէ գոհարեղէնով զարդարուիլ, անոր չափը եւ ոճը պէտք է չափաւոր ըլլայ եւ ոչ չափազանց, ցուցասէր, պճնասէր։—Յակոբու 2։2
Ի՞նչ կրնանք ըսել Քրիստոնեայ կնոջ մը գեղադեղեր գործածելու մասին, ինչպէս շրթունքի, այտի, կոպի եւ աչքի ներկերը։ Հնախոյզներ շպարումի ամաններ, ինչպէս նաեւ զայն կիրառելու գործիքներ եւ հայելիներ գտած են Իսրայէլի եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ։ Այո, վաղեմի Արեւելքի մէջ կիները գեղադեղեր կը գործածէին, որոնք կը կանխէին ներկայ շատ մը արտադրութիւնները։ Յոբի աղջկան անունը՝ Կերենհապուք, հաւանաբար կը նշանակէր «Սեւ (Աչքի) Ներկի Եղջիւր», կամ աչքի շպարումի աման։—Յոբայ 42։13–15
Կարգ մը գեղադեղեր կը գործածուէին Իսրայէլի մէջ, սակայն Աստուածաշունչի օրինակները ցոյց կու տան թէ չափազանցութեան պարագային, անոնք վտանգաւոր կրնան ըլլալ։ Իսրայէլի թագուհի ըլլալէն տարիներ ետք, Յեզաբէլ «իր աչքերուն ծարոյր դրաւ եւ իր գլուխը զարդարեց»։ (Դ. Թագաւորաց 9։30) Հետագային, երբ կը նկարագրէր թէ Իսրայէլ ի՛նչպէս հեթանոս ազգերուն անբարոյ ուշադրութիւնը փնտռեց, Աստուած ըսաւ որ ան ‘ոսկիով զարդարուեցաւ, աչքերը ծարոյրով մեծցուց եւ ինքզինք գեղեցկացուց’։ (Երեմեայ 4։30. Եզեկիէլ 23։40) Ո՛չ այս համարները, ոչ ալ ուրիշ համարներ կ’ըսեն թէ սխալ է արուեստական միջոցներով բարելաւել մէկու մը դրսերեւոյթը։ Իսկ Յեզաբէլի պատմութիւնը այդ գաղափարը կու տայ թէ ան այդքան սեւ ներկեց իր աչքերը որ հեռուէն՝ նոյնիսկ պալատէն դուրս գտնուող Յէուն նշմարէր։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Շատ ծանր եւ չափազանցութեամբ չշպարուիլ։b
Անշուշտ, ոչ մէկ կին պիտի ըսէ թէ իր գործածած գոհարեղէններու կամ շպարումի չափը կամ կերպը անպատշաճ է։ Սակայն, խօսք չի վերցներ որ անապահովութեան, կամ շահագործող ծանուցումներու պատճառով, կին մը կրնայ շատ շպարուելու սովորութիւն մը զարգացնել։ Ան կրնայ այնքան վարժուած ըլլալ իր երեւոյթին որ չանդրադառնար իսկ թէ ան հակառակ է շատ մը Քրիստոնեայ կիներուն ‘ամօթխած եւ պարկեշտ’ երեւոյթին։—Յակոբու 1։23, 24
Ճիշդ է որ ճաշակները կը տարբերին. կարգ մը կիներ շատ քիչ կը շպարուին կամ գոհարեղէն կը գործածեն, կամ բնաւ չեն գործածեր, իսկ ուրիշներ՝ աւելի։ Ուստի, իմաստութիւն է դատողական չըլլալ երբ մէկը ձեզմէ տարբեր չափով կը շպարուի, կամ գոհարեղէն կը գործածէ։ Նկատի առնելիք ուրիշ ազդակ մըն է տեղական սովորութիւնը։ Ուրիշ երկրի մը մէջ (կամ անցեալին սովորական եղող) կարգ մը ոճերուն ընդունելի ըլլալը, չի նշանակեր թէ այսօր ալ անիկա յանձնարարելի է ձեր շրջանին մէջ։
Իմաստուն Քրիստոնեայ կին մը երբեմն կը վերանկատէ իր շպարումը, ինքն իրեն հետեւեալ պարկեշտ հարցումը հարցնելով. ‘Ես իմ շրջանիս մէջ գտնուող շատ մը կիներէն աւելի՞ գոհարեղէն կը դնեմ եւ կը շպարուիմ։ Զարդարանքի մէջ ինքնասիրահարներու կամ շարժապատկերի անարժէք դերասաններո՞ւ կը հետեւիմ, թէ ոչ գլխաւորաբար Ա. Տիմոթէոս 2։9–ի եւ Ա. Պետրոս 3։3, 4–ի խրատով կ’առաջնորդուիմ։ Այո, արդեօք իմ զարդարանքս իրապէս պարկե՞շտ է եւ անկեղծ յարգանք ցոյց կու տա՞յ ուրիշներուն գաղափարներուն եւ զգացումներուն հանդէպ։—Առակաց 31։30
Քրիստոնեայ ամուսիններ ունեցող կիներն ալ կրնան անոնցմէ գաղափար կամ խրատ հարցնել։ Նաեւ, ուրիշ քոյրերէն ալ կրնաք օգտակար խրատներ ստանալ, երբ անկեղծօրէն փնտռէք։ Սակայն փոխանակ ձեր ճաշակը ունեցող բարեկամի մը դիմելու, նախընտրելի է աւելի տարեց քոյրերուն խօսիլ, որոնց հաւասարակշռութիւնը եւ իմաստութիւնը յարգուած է։ (Բաղդատել Գ. Թագաւորաց 12։6–8)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ յարգալից տարեց կիները «խրատեն նորահասակ կիները ... խոհեմ, ողջախոհ [ըլլալու], որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի»։ (Տիտոս 2։2–5) Ոչ մէկ հասուն Քրիստոնեայ պիտի ուզէ որ իր անպարկեշտ զարդարանքին կամ շպարումին պատճառաւ Աստուծոյ Խօսքին կամ ժողովուրդին «հայհոյուի»։
Աստուածաշունչին մէջ Թամարի պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ կնոջ մը յարդարանքը կրնայ որոշ դասակարգի մը մէջ դասել զինք եւ սխալ պատգամ մը հաղորդել։ (Ծննդոց 38։14, 15) Քրիստոնեայ կնոջ մը մազերուն յարդարանքը եւ գոյնը (եթէ ներկուած է), կամ իր գոհարեղէն եւ գեղադեղեր գործածելը ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ։ Արդեօք՝ մաքուր, պարկեշտ եւ հաւասարակշռուած Աստուծոյ ծառայի մը պատգամը կը հաղորդէ՞։
Երբ անհատ մը դաշտի ծառայութեան մէջ Քրիստոնեաներ տեսնէ, կամ մեր ժողովներուն գայ, պէտք է լաւ տպաւորուի եւ ընդհանրապէս այս է պարագան։ Շատ մը Քրիստոնեայ կիներ առիթ չեն տար դրսեցիներուն եզրակացնելու, թէ իրենք կա՛մ թափթփած են եւ կամ չափազանց զարդարուած. այլ, անոնք կը յարդարուին «ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն»։—Ա. Տիմոթէոս 2։10
[Ստորանիշ էջ 30]
a Հ.Դ. չորրորդ դարուն, Տերտուղիանոս դաւանեցաւ թէ այն կիները «որոնք դեղերով իրենց մորթը կը շփեն, իրենց այտերը կարմիր կը ներկեն, իրենց աչքերը ցցուն կ’ընեն [սեւ] ծարիրով, Իրեն դէմ կը մեղանչեն»։ Ան նաեւ քննադատեց իրենց մազերը ներկողները։ Սխալ կերպով կիրառելով Մատթէոս 5։36–ի Յիսուսի խօսքերը, Տերտուղիանոս դատապարտեց. «Անոնք Տէրը կը մերժեն ու կ’ըսեն, ‘Ահա, փոխանակ ճերմակ կամ սեւի, [մեր մազերը] դեղին կը ներկենք’»։ Ան աւելցուց. «Կան նոյնիսկ անհատներ որոնք կ’ամըչնան որ ծեր են եւ իրենց ճերմակ մազերը սեւի կը փոխեն»։ Ատիկա Տերտուղիանոսի անձնական կարծիքն էր։ Բայց ինք կը խեղաթիւրէր հարցը, քանի որ իր ամէն պատճառաբանութիւն հիմնած էր անձնական այն տեսակէտին վրայ թէ մարդկային անէծքին պատճառը կիներն են, ուստի անոնք ‘առաջին մեղքին անպատւութեան վրայ Եւայի նման պէտք է ողբալով եւ զղջալով պտըտին’։ Աստուածաշունչը այսպիսի բան մը չ’ըսեր։ Մարդկութեան մեղաւոր ըլլալուն համար Աստուած Ադամը պատասխանատու բռնեց։—Հռովմայեցիս 5։12–14. Ա. Տիմոթէոս 2։13, 14
[Ստորանիշ էջ 31]
b Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մամուլը շատ մեծ աղմուկ հանեց հեռատեսիլի աւետարանիչի մը մասին, քանի որ իր համագործակից դերասանը՝ իր կինը՝ նոյնքան ուշադրութիւն կը հրաւիրէր։ Ըստ լրագրական տեղեկագրութիւններու, ան մեծցած էր հաւատալով թէ «շպարը եւ շարժապատկերները» մեղք նկատուած են, բայց հետագային ան իր գաղափարը փոխեց եւ աչքառու եղաւ «այնքան հաստ շպարումով որ կարծէք քանդակուած էր»։
[Նկար՝ էջ 31]
Միջին Արեւելքի մէջ հնախուզական պեղումներ. Փղոսկրեայ գեղադեղի տուփ, հայելի, ոսկիէ մանեակ եւ սարդիոն
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
All three։ Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.