Հովիւներ եւ ոչխարներ աստուածպետութեան մէջ
«Մեր Դատաւորը Եհովան է, մեր Օրէնսդիրը Եհովան է, մեր Թագաւորը Եհովան է. ան պիտի ազատէ մեզ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 33։22, ՆԱ
1. Ինչպէ՞ս կրնայ ըսուիլ որ առաջին դարու Քրիստոնեաները եւ արդի Քրիստոնեաները աստուածպետութիւն մըն են։
ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏՈՒԹԻՒՆ կը նշանակէ Աստուծոյ իշխանութիւն։ Անիկա կը բովանդակէ Եհովայի հեղինակութիւնը ընդունիլ եւ իր ուղեգծերուն եւ հրահանգներուն հետեւիլ կեանքի մէջ մեզի վերաբերող մեծ կամ փոքր որոշումներու մէջ։ Առաջին դարու ժողովքը իրապէս աստուածպետութիւն մըն էր։ Քրիստոնեաները այն ատեն կրնային անկեղծօրէն ըսել. «Մեր Դատաւորը Եհովան է, մեր Օրէնսդիրը Եհովան է, մեր Թագաւորը Եհովան է»։ (Եսայեայ 33։22, ՆԱ։) Այսօր ալ Եհովա Աստուծոյ կազմակերպութիւնը իրապէս աստուածպետութիւն մըն է, օծեալ մնացորդը անոր կորիզը կազմելով։
Մենք Ներկայիս Ի՞նչ Կերպերով Աստուածպետական Ենք
2. Եհովայի Վկաները Եհովայի իշխանութեան ենթարկուելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։
2 Ինչպէ՞ս կրնանք ըսել որ Եհովայի երկրային կազմակերպութիւնը աստուածպետութիւն մըն է։ Քանի որ անոնք, որոնք անոր կը պատկանին, արդարեւ կ’ենթարկուին Եհովայի իշխանութեան։ Անոնք կը հետեւին Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեան, որու Եհովա գահակալած է որպէս Թագաւոր։ Օրինակի համար, վերջին ժամանակին, Մեծ Աստուածպետը իր հրամանը ուղղակի կը հաղորդէ Յիսուսի. «Երկնցո՛ւր քու մանգաղդ ու հնձէ. վասնզի հնձելու ժամանակը եկաւ վասնզի երկրի հունձքը հասունցած է»։ (Յայտնութիւն 14։15) Յիսուս կը հնազանդի եւ երկրի հունձքին կը ձեռնարկէ։ Քրիստոնեաները այս մեծ գործին մէջ թիկունք կը կանգնին իրենց Թագաւորին, բարի լուրը ժրաջանութեամբ քարոզելով եւ աշակերտելով։ (Մատթէոս 28։19. Մարկոս 13։10. Գործք 1։8) Այսպէս ընելով, անոնք ալ Եհովայի՝ Մեծ Աստուածպետին՝ գործակիցները կ’ըլլան։—Ա. Կորնթացիս 3։9
3. Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս աստուածպետութեան կ’ենթարկուին բարոյական հարցերու մէջ։
3 Քրիստոնեաները իրենց վարմունքով ալ Աստուծոյ իշխանութեան կ’ենթարկուին։ Յիսուս ըսաւ. «Ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։ (Յովհաննու 3։21) Այսօր, բարոյական չափանիշներու վրայ անվերջ բանավէճեր կան, բայց այդ վէճերը տեղ չունին Քրիստոնեաներուն մէջ։ Անոնք անբարոյ կը նկատեն ի՛նչ որ Եհովա անբարոյ կը սեպէ եւ անկէ կը խուսափին պատուհասի մը պէս։ Անոնք նաեւ իրենց ընտանիքներուն հոգ կը տանին, իրենց ծնողներուն կը հնազանդին եւ վերին իշխանութիւններուն կ’ենթարկուին։ (Եփեսացիս 5։3–5, 22–33. 6։1–4. Ա. Տիմոթէոս 5։8. Տիտոս 3։1) Այս կերպով, անոնք աստուածպետականօրէն՝ Աստուծոյ հետ ներդաշնակօրէն՝ կը վարուին։
4. Ադամ, Եւա եւ Սաւուղ ի՞նչ սխալ կեցուածք մը ունեցան, իսկ Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս տարբեր կեցուածք մը ունին։
4 Ադամն ու Եւան Դրախտը կորսնցուցին, քանի որ անոնք ուզեցին անձնապէս որոշել թէ ի՛նչ բան շիտակ էր եւ ինչը՝ սխալ։ Յիսուս բոլորովին հակառակը փափաքեցաւ։ Ան ըսաւ. «Ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց»։ Քրիստոնեաներն ալ նոյնը կը փնտռեն։ (Յովհաննու 5։30. Ղուկաս 22։42. Հռովմայեցիս 12։2. Եբրայեցիս 10։7) Իսրայէլի առաջին թագաւորը՝ Սաւուղ՝ Եհովայի հնազանդեցաւ, բայց ոչ՝ լիովին։ Անոր համար, ան մերժուեցաւ։ Սամուէլ իրեն ըսաւ. «Հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է»։ (Ա. Թագաւորաց 15։22) Աստուածպետակա՞ն է որոշ չափով Եհովայի կամքին հետեւիլ, թերեւս քարոզչութեան կամ ժողովքներու յաճախելու մէջ կանոնաւոր ըլլալ, ապա բարոյական եւ ուրիշ հարցերու մէջ համակերպումներ ընել։ Անշուշտ ո՛չ։ Մենք ճիգ կը թափենք «սրտանց Աստուծոյ կամքը ընել»ու համար։ (Եփեսացիս 6։6. Ա. Պետրոս 4։1, 2) Սաւուղին հակառակը, մենք ամբողջովին կ’ենթարկուինք Աստուծոյ իշխանութեան։
Արդի Աստուածպետութիւն մը
5, 6. Եհովա ներկայիս մարդոց հետ ինչպէ՞ս կը վարուի, եւ այս կարգադրութեան հետ համագործակցելուն արդիւնքը ի՞նչ է։
5 Անցեալին, Եհովա իշխեց ու ճշմարտութիւններ յայտնեց անհատներու՝ մարգարէներու, թագաւորներու եւ առաքեալներու՝ միջոցով։ Այսօր պարագան նոյնը չէ. ներշնչուած մարգարէներ եւ առաքեալներ չկան։ Փոխարէն, Յիսուս ըսաւ որ իր արքայական ներկայութեան ընթացքին, իր հետեւորդներէն բաղկացած հաւատարիմ անձնակազմ մը՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»՝ պիտի բնորոշէր եւ զայն իր ամբողջ ունեցածին վրայ պիտի նշանակէր։ (Մատթէոս 24։45–47. Եսայեայ 43։10) 1919–ին, այդ ծառան բնորոշուեցաւ որպէս օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդը։ Անկէ ի վեր, անիկա Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինով ներկայացուած է եւ երկրի վրայ աստուածպետութեան կորիզը եղած է։ Համայն աշխարհի մէջ, Կառավարիչ Մարմինը ներկայացուած է Մասնաճիւղի Յանձնախումբերով, ճամբորդող տեսուչներով եւ ժողովքի երէցներով։
6 Աստուածպետական կազմակերպութեան հետ համագործակցիլը կենսական է աստուածպետութեան ենթարկուելու համար։ Այսպիսի համագործակցութիւն ‘եղբայրներու ամբողջ ընկերակցութեան’ մէջ միութեան եւ կարգապահութեան կը նպաստէ։ (Ա. Պետրոս 2։17, ՆԱ։) Իր կարգին, ասիկա կը հաճեցնէ Եհովան որ «խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան»։—Ա. Կորնթացիս 14։33
Երէցներ՝ Աստուածպետութեան մը մէջ
7. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ Քրիստոնեայ երէցները աստուածպետականօրէն կը նշանակուին։
7 Նշանակուած բոլոր երէցներն ալ տեսուչի կամ երէցի պաշտօնի վերաբերեալ Աստուածաշունչին մէջ ուրուագծուած որակումները կը լեցնեն, ինչ որ ալ ըլլայ իրենց հեղինակութեան դիրքը։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1–7. Տիտոս 1։5–9) Եփեսացի երէցներուն ուղղած Պօղոսի խօսքերը բոլոր երէցներուն ալ կիրարկելի են։ Ան ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ սուրբ հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու»։ (Գործք 20։28) Այո, երէցները նշանակուած են սուրբ հոգիին կողմէ, որ Եհովա Աստուծմէ կու գայ։ (Յովհաննու 14։26) Անոնց նշանակումը աստուածպետական է։ Ասկէ զատ, անոնք Աստուծոյ հօտը կը հովուեն։ Հօտը կը պատկանի Եհովային եւ ոչ թէ երէցներուն։ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը աստուածպետութիւն մըն է։
8. Ներկայիս երէցներուն ընդհանուր պատասխանատուութիւնները ի՞նչ են։
8 Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ երէցներուն ընդհանուր պատասխանատուութիւնները ուրուագծեց, ըսելով. «Ինք մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու, մէկ քանին՝ մարգարէներ, մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու վարդապետներ. սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար»։ (Եփեսացիս 4։11, 12) Առաքեալները եւ մարգարէները վերջ գտան «Քրիստոսին մարմնին» տղայութեան ժամանակը անցնելէ ետք։ (Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 13։8։) Սակայն, երէցները տակաւին շատ զբաղած են աւետարանելով, հովուելով եւ սորվեցնելով։—Բ. Տիմոթէոս 4։2. Տիտոս 1։9
9. Երէցները ի՞նչ պատրաստութիւն պէտք է տեսնեն, որպէսզի Աստուծոյ կամքը ներկայացնեն ժողովքին։
9 Քանի որ աստուածպետութիւն կը նշանակէ Աստուծոյ իշխանութիւն, ձեռնհաս երէցները լիովին ընտելացած են Աստուծոյ կամքին։ Յեսուի պատուէր տրուած էր որ ամէն օր Օրէնքը կարդար։ Երէցներն ալ կանոնաւորաբար պէտք է ուսումնասիրեն ու քննեն Սուրբ Գրութիւնները եւ շատ լաւ տեղեակ ըլլան հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ հրատարակուած գրականութիւններէն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Անոնք կը ներփակեն Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը եւ ուրիշ հրատարակութիւններ որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՛նչպէս կը կիրարկուին մասնայատուկ պարագաներու։a Սակայն, մինչ կարեւոր է որ երէց մը Դիտարանի Ընկերութեան գրականութիւններուն մէջ հրատարակուած ուղեգծերը գիտնայ եւ անոնց հետեւի, ան նաեւ անոնց թիկունք կանգնող սուրբ գրային սկզբունքներուն լիովին ծանօթ պէտք է ըլլայ։ Այդ պարագային, ան սուրբ գրային ուղեգծերը հասկացողութեամբ եւ կարեկցութեամբ կիրարկելու ի վիճակի պիտի ըլլայ։—Բաղդատել Միքիա 6։8։
Քրիստոնէական Հոգիով Ծառայել
10. Երէցները ո՞ր սխալ ընթացքէն պէտք է զգուշանան եւ ինչպէ՞ս։
10 Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի ժողովքին յղած իր առաջին նամակը գրեց Հ.Դ. 55–ի ատենները։ Անոր շօշափած խնդիրներէն մէկն էր ժողովքին մէջ կարկառուն ըլլալ փափաքող կարգ մը անհատներու պարագան։ Պօղոս գրեց. «Արդէն կշտացաք, արդէն հարստացաք, առանց մեզի թագաւորեցիք եւ երանի՜ թէ թագաւորէիք, որպէսզի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք»։ (Ա. Կորնթացիս 4։8) Առաջին դարուն, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ Յիսուսի հետ իշխելու յոյսը ունէին որպէս երկնային թագաւորներ եւ քահանաներ։ (Յայտնութիւն 20։4, 6) Բացայայտօրէն սակայն, Կորնթոսի մէջ ոմանք մոռցան որ երկրի վրայ թագաւորներ ըլլալը Քրիստոնէական աստուածպետութեան մէջ տեղ չունի։ Փոխանակ այս աշխարհին թագաւորներուն նման, վարուելու, Քրիստոնեայ հովիւները խոնարհութիւն կը մշակեն, յատկութիւն մը՝ որ Եհովայի հաճելի է։—Սաղմոս 138։6. Ղուկաս 22։25–27
11. (ա) Խոնարհութեան կարգ մը աչքառու օրինակներ թուեցէք։ (բ) Երէցները եւ միւս բոլոր Քրիստոնեաները իրենց անձին մասին ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենան։
11 Խոնարհութիւնը տկարութի՞ւն մըն է։ Բնա՛ւ։ Եհովան ինք նկարագրուած է որպէս խոնարհ։ (Սաղմոս 18։35) Իսրայէլի թագաւորները իրենց բանակները պատերազմի առաջնորդեցին եւ Եհովայի հովանաւորութեան ներքեւ ազգին տիրեցին։ Սակայն, անոնք ուշադիր պէտք էր ըլլային որ ‘իրենց սիրտը իրենց եղբայրներուն վրայ չհպարտանար’։ (Բ. Օրինաց 17։20) Յարուցեալ Յիսուս երկնաւոր Թագաւոր մըն է։ Բայց երբ երկրի վրայ էր, ան իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց։ Ի՜նչ խոնարհութիւն։ Իսկ ցոյց տալով որ ինք կ’ուզէր որ իր առաքեալներն ալ խոնարհ ըլլային, ան ըսաւ. «Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք»։ (Յովհաննու 13։14. Փիլիպպեցիս 2։5–8) Բոլոր փառքը եւ փառաբանութիւնը Եհովայի պէտք է երթան եւ ոչ թէ անհատի մը։ (Յայտնութիւն 4։10) Երէցներ ըլլան կամ ո՛չ, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ իրենք իրենց մասին պէտք է մտածեն Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն լոյսին տակ. «Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք»։ (Ղուկաս 17։10) Ուրիշ որեւէ տեսակէտ ոչ–աստուածպետական է։
12. Սէրը ինչո՞ւ կենսական յատկութիւն մըն է, զոր երէցները պէտք է մշակեն։
12 Քրիստոնեայ երէցները խոնարհութեան հետ սէր ալ կը մշակեն։ Յովհաննէս առաքեալ սիրոյ կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ ըսաւ. «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասնզի Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Սիրալիր չեղող անհատներ աստուածպետական չեն։ Անոնք Եհովան չեն ճանչնար։ Աստուծոյ Որդւոյն մասին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիսուս ... սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»։ (Յովհաննու 13։1) Յիսուս իր խօսքը ուղղելով այն 11 մարդոց, որոնք Քրիստոնէական ժողովքին կառավարիչ մարմինին մաս պիտի կազմէին, ըսաւ. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։ (Յովհաննու 15։12) Սէրը ճշմարիտ Քրիստոնեաները բնորոշող նշանն է։ Անիկա կը հրապուրէ կոտրած սիրտ ունեցողները, սգաւորները եւ ազատութեան տենչացող հոգեւոր գերիները։ (Եսայեայ 61։1, 2. Յովհաննու 13։35) Երէցները սէր ցուցաբերելու մէջ օրինակելի պէտք է ըլլան։
13. Թէեւ ներկայիս խնդիրները կրնան դժուար ըլլալ, երէց մը ինչպէ՞ս կրնայ ամէն պարագայի լաւ ազդեցութիւն մը ունենալ։
13 Ներկայիս, երէցներէն օգնութիւն կը հայցուի յաճախ խրթին խնդիրներ լուծելու համար։ Ամուսնական դժուարութիւնները կրնան խոր արմատ կապած ըլլալ եւ յարատեւել։ Երիտասարդները կրնան խնդիրներ ունենալ, զորս չափահասները չեն կրնար կռահել։ Յաճախ դիւրին չէ զգացական հիւանդութիւնները հասկնալ։ Այսպիսի բաներու դիմաց գտնուող երէց մը թերեւս չգիտնայ ի՛նչ ընել։ Բայց ան կրնայ վստահ ըլլալ որ եթէ աղօթքով Եհովայի իմաստութեան ապաւինի, եթէ Աստուածաշունչին եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուքներ ընէ եւ եթէ ոչխարներուն հետ խոնարհութեամբ ու սիրալիր կերպով վարուի, ան լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենայ, նոյնիսկ ամենէն դժուար պարագաներուն։
14, 15. Թուեցէք կարգ մը արտայայտութիւններ որոնք ցոյց կու տան որ Եհովա այսօր իր ժողովուրդը օրհնած է բազմաթիւ լաւ երէցներ տալով։
14 Եհովա մեծապէս օրհնած է իր կազմակերպութիւնը «մարդոց ձեւով պարգեւներ» տալով։ (Եփեսացիս 4։8, ՆԱ։) Դիտարանի Ընկերութիւնը երբեմն սիրտ տոգորող նամակներ կը ստանայ, որոնք կը վկայեն Աստուծոյ ոչխարները կարեկցութեամբ հովուող, խոնարհ երէցներու ցուցաբերած սիրոյն։ Օրինակի համար, ժողովքի երէց մը կը գրէ. «Չեմ կրնար յիշել շրջանային տեսուչի մը այցելութիւնը որ ա՛յսքան ազդած ըլլայ ինծի կամ ժողովքին, որու մասին տակաւին կը խօսուի։ Շրջանային տեսուչը ինծի օգնեց որ եղբայրներուն հետ դրական կեցուածք ունենալու կարեւորութիւնը տեսնեմ, գովելու վրայ շեշտ դնելով»։
15 Քոյր մը, որ դարմանուելու համար հեռու հիւանդանոց մը պէտք էր երթար, կը գրէ. «Որքա՜ն կազդուրիչ է տունէս շատ հեռու հիւանդանոցի մը մէջ առաջին սրտնեղիչ գիշերը երէցի մը հանդիպիլ։ Ան եւ ուրիշ եղբայրներ շատ ժամանակ անցուցին ինծի հետ։ Նոյնիսկ աշխարհայիններ, որոնք գիտէին թէ ի՛նչ պիտի դիմագրաւէի, զգացին որ բնաւ պիտի չվերապրէի առանց այս սիրալիր եւ անձնազոհ եղբայրներուն մխիթարութեան, հոգածութեան եւ աղօթքներուն»։ Ուրիշ քոյր մը կը գրէ. «Այսօր ողջ եմ, քանի որ երէցներու մարմինը համբերութեամբ ինծի առաջնորդեց շատ մեծ յուսալքումի պայքարիս մէջ։ ... Եղբայր մը եւ իր կինը չէին գիտեր թէ ի՛նչ ըսեն ինծի։ ... Բայց ինծի ամենէն շատ ազդողը այն եղաւ որ թէեւ անոնք լիովին չէին հասկնար ինծի պատահածը, բայց սիրալիր կերպով հոգ տարին ինծի»։
16. Պետրոս ի՞նչ յորդոր կու տայ երէցներուն։
16 Այո, շատ մը երէցներ կը կիրարկեն Պետրոս առաքեալի սա յորդորը. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով»։ (Ա. Պետրոս 5։1–3) Այսպիսի աստուածպետական երէցներ ի՜նչ օրհնութիւն մըն են։
Ոչխարները Աստուածպետութեան մէջ
17. Թուեցէք կարգ մը յատկութիւններ զորս ժողովքի բոլոր անդամները պէտք է մշակեն։
17 Սակայն, աստուածպետութիւնը միայն երէցներով չէ կազմուած։ Եթէ հովիւները աստուածպետական պէտք է ըլլան, նոյնն է պարագան ոչխարներուն։ Ի՞նչ կերպերով։ Հովիւները ի՛նչ սկզբունքով որ կ’առաջնորդուին, ոչխարներն ալ նոյնով պէտք է առաջնորդուին։ Եհովայի օրհնութիւնները ստանալու համար, ոչ միայն երէցները, այլ նաեւ բոլոր Քրիստոնեաները խոնարհ պէտք է ըլլան։ (Յակոբու 4։6) Բոլորն ալ սէր պէտք է մշակեն, քանի որ առանց անոր, մեր զոհերը ընդունելի չեն իրեն։ (Ա. Կորնթացիս 13։1–3) Նաեւ, ո՛չ միայն երէցները, այլ բոլորս ալ պէտք է ‘լեցուինք անոր [Եհովայի] կամքին գիտութիւնով, իմաստութիւնով եւ հոգեւոր հանճարով’։—Կողոսացիս 1։9
18. (ա) Ճշմարտութեան մակերեսային գիտութիւն ունենալը ինչո՞ւ բաւարար չէ։ (բ) Բոլորս ալ ինչպէ՞ս կրնանք ճշգրիտ գիտութեամբ լեցուիլ։
18 Երիտասարդներ թէ տարեցներ, բոլորն ալ անդադար դժուար որոշումներու դիմաց կը գտնուին, մինչ կը ջանան հաւատարիմ մնալ Սատանայի աշխարհին մէջ ապրելով հանդերձ։ Հագուածքի, երաժշտութեան, շարժապատկերներու եւ գրականութեան մարզերու մէջ աշխարհի հակումը ոմանց հոգեւորականութեան կը սպառնայ։ Մեր հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, չի բաւեր ճշմարտութեան մասին մակերեսային գիտութիւն ունենալ։ Իրապէս հաւատարիմ մնալու համար, ճըշգրիտ գիտութեամբ պէտք է լեցուինք։ Ներատեսութեան եւ իմաստութեան կարիքը ունինք, զորս միայն Աստուծոյ Խօսքը կրնայ տալ մեզի։ (Առակաց 2։1–5) Ասիկա կը նշանակէ ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ մշակել, մեր սորված բաներուն մասին խոկալ եւ զանոնք գործադրել։ (Սաղմոս 1։1–3. Յայտնութիւն 1։3) Պօղոս բոլոր Քրիստոնեաներուն կը գրէր, ոչ թէ՝ միայն երէցներուն, երբ ըսաւ. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։—Եբրայեցիս 5։14
Հովիւներ եւ Ոչխարներ Միասնաբար կ’Աշխատին
19, 20. Երէցներուն հետ բոլոր համագործակցողներուն ի՞նչ յորդոր տրուած է եւ ինչո՞ւ։
19 Վերջապէս, պէտք է ըսուի որ անոնք որոնք երէցներուն հետ կը համագործակցին իրապէս աստուածպետական հոգի մը կը ցուցաբերեն։ Պօղոս Տիմոթէոսին գրեց. «Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։17. Ա. Պետրոս 5։5, 6) Երիցութիւնը հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է, բայց երէցներէն շատեր ընտանիքի տէր են, աշխարհային գործ, կին ու երախաներ ունին։ Թէեւ անոնք ուրախութեամբ կը ծառայեն, բայց իրենց ծառայութիւնը աւելի դիւրին եւ աւելի վարձահատոյց կ’ըլլայ, երբ ժողովքը նեցուկ կանգնի անոնց, առանց չափազանց քննադատող եւ պահանջկոտ ըլլալու։—Եբրայեցիս 13։17
20 Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ձեզի խօսեցան եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք»։ (Եբրայեցիս 13։7) Պօղոս եղբայրները չքաջալերեց, որ երէցներուն հետեւին։ (Ա. Կորնթացիս 1։12) Մարդու մը հետեւիլը աստուածպետական չէ։ Բայց վստահաբար իմաստութիւն է աւետարանելու գործին մէջ աշխոյժ, ժողովներու կանոնաւոր եղող եւ ժողովքին հետ խոնարհութեամբ եւ սիրալիր կերպով վարուող աստուածպետական երէցի մը փաստուած հաւատքը ընդօրինակել։
Հաւատքի Վկայութիւն մը
21. Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս Մովսէսի նման հաւատք կը ցուցաբերեն։
21 Մարդկային ընկերութեան պատմութեան այս չափազանց այլասերած ժամանակին, աստուածպետական կազմակերպութեան մը գոյութիւնը ի՛րապէս կը վկայէ Մեծագոյն Աստուածպետին զօրութեան։ (Եսայեայ 2։2–5) Անիկա նաեւ շուրջ հինգ միլիոն Քրիստոնեայ այրերու, կիներու եւ երախաներու հաւատքը կ’ապացուցանէ, որոնք կեանքի առօրեայ հարցերուն հետ կը մարտնչին, բայց բնաւ չեն մոռնար որ Եհովա իրենց Կառավարիչն է։ Ինչպէս Մովսէս «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր», նոյնպէս ներկայ Քրիստոնեաները զօրաւոր հաւատք ունին։ (Եբրայեցիս 11։27) Անոնք աստուածպետութեան մէջ ապրելու առանձնաշնորհումը ունին եւ անոր համար ամէն օր Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնեն։ (Սաղմոս 100։4, 5) Մինչ Եհովայի փրկարար զօրութեան փորձառութիւնը կ’ունենան, անոնք ուրախութեամբ կը բացագանչեն. «Մեր Դատաւորը Եհովան է, մեր Օրէնսդիրը Եհովան է, մեր Թագաւորը Եհովան է. ան պիտի ազատէ մեզ»։—Եսայեայ 33։22, ՆԱ։
[Ստորանիշ էջ 29]
a Այդ հրատարակութիւններուն մաս կը կազմէ՝ «Զգուշացէ՛ք Ձեր Անձերուն եւ Բոլոր Հօտին» գիրքը որ ժողովքի նշանակուած տեսուչներուն, կամ երէցներուն, համար սուրբ գրային ուղեգծեր կը բովանդակէ։
Աստուածաշունչը Ի՞նչ Ցոյց Կու Տայ
◻ Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով կ’ենթարկուին աստուածպետութեան։
◻ Այսօր աստուածպետութիւնը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է։
◻ Երէցները ինչպէ՞ս պէտք է պատրաստուին իրենց պատասխանատըւութիւնները կատարելու համար։
◻ Կենսական է որ երէցները ո՞ր Քրիստոնէական յատկութիւնները մշակեն եւ ցուցաբերեն։
◻ Աստուածպետութեան մէջ, ի՞նչ յարաբերութիւն պէտք է գոյացուի ոչխարներուն եւ հովիւներուն միջեւ։
[Նկար՝ էջ 28]
Ադամ եւ Եւա Դրախտը կորսնցուցին, քանի որ ուզեցին անձնապէս որոշել շիտակը եւ սխալը
[Նկար՝ էջ 30]
Եթէ երէց մը ոչխարներուն հետ խոնարհաբար եւ սիրալիր կերպով վարուի, ան միշտ բարի ազդեցութիւն մը պիտի ունենայ