Բարիք ըրէ եւ ուրիշներուն օգնէ
1 Այծեմնիկ «լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով»։ (Գործք 9։36, 39) Իր առատաձեռնութեան շնորհիւ սիրուած էր թէ՛ զինք ճանչցողներուն եւ թէ Եհովա Աստուծոյ կողմէ։ Եբրայեցիս 13։16 կ’ըսէ (Անթիլիաս). «Մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը»։ Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք բարեգործութիւն ընել եւ ուրիշներուն օգնել։
2 Ուրիշներուն օգտակար ըլլալու կերպերէն մէկն է՝ մեր «ստացուածք»ը անոնց հետ բաժնել։ (Առ. 3։9) Համաշխարհային գործին ի նպաստ մեր ըրած նուիրատուութիւնները, կարելի կը դարձնեն որ աշխարհի չորս կողմը Թագաւորութեան Սրահներ, Համաժողովի Սրահներ եւ մասնաճիւղի շէնքեր կառուցուին։ Մեր առատաձեռնութիւնը կարելի դարձուցած է որ աստուածպետական կրթութենէն եւ հոգեւոր շինիչ ընկերակցութենէն միլիոնաւորներ օգտուին։
3 Մխիթարութիւն տալ. Երբ աղէտ մը հարուածէ, Եհովայի ժողովուրդը պատրաստ է ‘բարիք ընելու’ թէ՛ հաւատակիցներու եւ թէ մեր հաւատքը չբաժնողներու։ (Գաղ. 6։10) Ֆրանսայի մէջ, քիմիական գործարանի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք, գործարանին մօտ բնակող ամոլ մը ըսաւ. «Մեր Քրիստոնեայ եղբայրները անմիջապէս օգնութեան փութացին։ Անոնք մեր յարկաբաժինը եւ շէնքին միւս մասերը մաքրեցին։ Դրացիները շատ զարմացան օգնող եղբայրներուն մեծ թիւը տեսնելով»։ Ուրիշ քոյր մը աւելցուց. «Երէցները շուտով մեզի այցելեցին։ Անոնք մեզ քաջալերելու եկան։ Իրականութեան մէջ, մենք նիւթական օգնութենէն աւելի, ասոր կարիք ունէինք»։
4 Թէեւ մեր դրացիներուն բարիք ընելու բազմաթիւ կերպեր կան, սակայն ամենէն օգտակար կերպն է՝ ճշմարտութեան թանկագին գիտութիւնը անոնց հետ բաժնել, որ կը պարփակէ Եհովայի խոստացած «յաւիտենական կեանքի յոյս»ը։ (Տիտ. 1։1, 2) Աստուածաշունչի պատգամը իսկական մխիթարութիւն կը հայթայթէ անոնց, որ աշխարհի վիճակներուն եւ իրենց մեղաւոր վիճակին վրայ կ’ողբան։ (Մատթ. 5։4) Մեր կրցածին չափ բարիք ընենք եւ ուրիշներուն օգնենք։—Առ. 3։27