Թերթիկներ գործածէ, բարի լուրը տարածելու համար
1. Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս թերթիկներ գործածած է։
1 Տարիներէ ի վեր, Եհովայի ժողովուրդը աստուածաշնչական թերթիկներ գործածած է, բարի լուրը տարածելու համար։ 1880–ին, Չ. Թ. Ռասըլն ու իր ընկերակիցները սկսան հրատարակել Աստուածաշունչի Աշակերտներու թերթիկներ, եւ զանոնք տուին Դիտարան–ի ընթերցողներուն, որ հանրութեան բաշխեն։ Թերթիկներն այնքա՛ն կարեւորութիւն ունեցան, որ 1884–ին, երբ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու նպատակով Չ. Թ. Ռասըլը անշահախնդիր օրինական հիմնարկ մը գրանցեց, «թերթիկ» բառը հիմնարկի անուանումին մէջ նշուեցաւ՝ Սիօնի Դիտարանի եւ թերթիկի ընկերութիւն, որ այժմ կը կոչուի՝ Փէնսիլվանիոյ դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութիւն։ Մինչեւ 1918 թուականը, Աստուածաշունչի Աշակերտները աւելի քան 300 միլիոն թերթիկներ բաշխեցին։ Թերթիկները տակաւի՛ն ազդու գործիքներ են վկայութեան մէջ։
2. Թերթիկներն ինչո՞ւ ազդու են։
2 Ինչո՛ւ ազդու են։ Թերթիկները աչքառու եւ գունաւոր են։ Իրենց բովանդակած հակիրճ պատգամը հմայիչ եւ տեղեկատու է։ Թերթիկները աւելի գրաւիչ են անո՛նց, որոնք կը վարանին պարբերաթերթ մը կամ գիրք մը առնելու։ Թերթիկներ առաջարկելը դիւրին է, նոյնիսկ նորեկ հրատարակիչներուն եւ երեխաներուն համար։ Աւելին, անոնք պզտիկ եւ դիւրին են կրելու համար։
3. Պատմէ՛ անձնական կամ հրատարակուած փորձառութիւն մը, որ կը լուսաբանէ թերթիկներուն արժէքը։
3 Շատեր առաջին անգամ ճշմարտութիւնը կը լսեն թերթիկի մը միջոցով։ Օրինակի համար, Հայիթիի մէջ, կին մը մեր թերթիկներէն հատ մը գտաւ փողոցին մէջ, զայն վերցուց, կարդաց եւ բացագանչեց. «Գտա՛յ ճշմարտութիւնը»։ Ի վերջոյ, ան Թագաւորութեան սրահ գնաց, սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ մկրտուեցաւ,– այս բոլորը եղաւ՝ թերթիկի մը բովանդակած Աստուծոյ Խօսքին զօրութեան շնորհիւ։
4. Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր նպատակը, երբ ամսուան ներկայացուելիք հրատարակութիւնները թերթիկներ ըլլան։
4 Տունէ տուն։ Որո՛վհետեւ թերթիկները վկայելու ազդու գործիքներ են, նոյեմբերէն սկսեալ, ատեն–ատեն, անոնք ամսուան ներկայացուելիք հրատարակութիւնները պիտի ըլլան։ Մեր նպատակը չէ պարզապէս թերթիկներ տեղաւորել, այլ՝ խօսակցութիւններ սկսիլ անոնցմով։ Եթէ առաջին կամ երկրորդ այցելութեան ատեն հետաքրքրութիւն նշմարենք, կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրել՝ գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, կամ որեւէ ա՛յլ ուսումնասիրութեան հրատարակութիւն։ Ինչպէ՞ս կրնանք թերթիկները առաջարկել, երբ տունէ տուն կը ծառայենք։ Ամէն մէկ թերթիկ իր նիւթը ունի, ուստի հարկ է որ քաջածանօթ ըլլանք մեր առաջարկած թերթիկներուն։
5. Ինչպէ՞ս կրնանք թերթիկներ առաջարկել, երբ տունէ տուն կը ծառայենք։
5 Մեր ներկայացումը պէտք է յարմարցնենք թէ՛ թաղամասին եւ թէ մեր գործածած թերթիկին։ Կրնանք խօսակցութեան դուռ բանալ՝ տանտիրոջ տալով թերթիկը, որուն կողքը շատ հաւանաբար իր հետաքրքրութիւնը պիտի արթնցնէ։ Կամ ալ կրնանք զանազան թերթիկներ ցոյց տալ եւ իրմէ խնդրել որ զինք հետաքրքրող նիւթ մը ընտրէ։ Երբ կ’աշխատինք թաղամասի մը մէջ ուր մարդիկ կը վարանին դուռը բանալու, կրնանք թերթիկը բռնել այնպէս մը որ տանտէրը կարենայ կողքը տեսնել։ Կամ ալ, կրնանք իր արտօնութիւնը խնդրել, որ դուռին տակէն սահեցնենք թերթիկ մը, որուն շուրջ կ’ուզենք իր կարծիքը գիտնալ։ Եթէ թերթիկին վերնագիրը հարցում է, կրնանք անոր մասին տանտիրոջ կարծիքը հարցնել։ Կամ ալ կրնանք մեր բառերով, հետաքրքրաշարժ եւ խօսակցութեան դուռ բացող հարցում մը գործածել։ Ետքը, կրնանք տանտիրոջ հետ թերթիկէն մաս մը կարդալ, հարցումներուն վրայ կենալ ու հարցնել իր գաղափարը։ Գլխաւոր համարները կարելի է Աստուածաշունչէն կարդալ։ Նիւթէն մաս մը ծածկելէ ետք, կրնանք քննարկութիւնը եզրափակել եւ վերադառնալու ստոյգ կարգադրութիւն ընել։ Եթէ ժողովքը սովորութիւն ունի տունը չեղողներուն հրատարակութիւններ թողուլ, կրնանք թերթիկը դնել տեղ մը ուր ամէն մարդու նկատելի չէ։
6. Ինչպէ՞ս կրնանք թերթիկներ գործածել, փողոցի վկայութեան ատեն։
6 Փողոցի վկայութիւն։ Փողոցի վկայութեան ատեն թերթիկներ գործածա՞ծ ես։ Անցորդներէն ոմանք աճապարանօք կ’ըլլան եւ չեն ուզեր մեզի հետ զրուցել։ Թերեւս դժուար ըլլայ զատորոշել իրենց որքանո՛վ հետաքրքրուած ըլլալը։ Քանի որ վստահ չենք թէ պիտի կարդան կամ ոչ, ինչո՞ւ այդպիսիներուն վերջին պարբերաթերթերը տալու փոխարէն, թերթիկ մը չտանք։ Կողքին գրաւչութեան եւ պատգամին հակիրճ ըլլալուն պատճառով, թերեւս իրենց հետաքրքրութիւնը զիրենք մղէ թերթիկը կարդալու, երբ քանի մը վայրկեան ունենան։ Անշուշտ, եթէ աճապարանօք չեն, կրնանք անոնց հետ թերթիկէն մաս մը քննարկել։
7. Փորձառութիւններ պատմէ, ցոյց տալով թէ ինչպէ՛ս կարելի է թերթիկներ գործածել անպաշտօն վկայութեան ատեն։
7 Անպաշտօն վկայութիւն։ Թերթիկներու օգնութեամբ անպաշտօն վկայելը դիւրին է։ Եղբայր մը, տունէն դուրս ելլելու ատեն, իր գրպանին մէջ քանի մը թերթիկ կը դնէ։ Երբ մէկու մը հանդիպի, զոր օրինակ խանութպանի մը, պարզապէս կ’առաջարկէ կարդալու համար բան մը տալ, այսպէս՝ թերթիկ մը կը տեղաւորէ։ Զոյգ մը, երբ Նիւ Եորք Սիթի գնաց տեսարժան վայրեր դիտելու, անդրադարձաւ թէ տարբեր երկիրներէ եկած մարդոց պիտի հանդիպէր հոն։ Ուստի իրենց հետ առին Ազգեր գրքոյկը, ինչպէս նաեւ բազմալեզու թերթիկներ։ Ետքը, անոնք ուր որ օտարալեզու անհատներ գտան, ըլլա՛ն մայթին վրայ վաճառողներ կամ զբօսավայրի եւ ճաշարանի մէջ իրենց քով նստող անհատներ, թերթիկներ առաջարկեցին անոնց մայրենի լեզուով։
8. Թերթիկները ի՞նչ առումով նման են սերմերու։
8 «Քու սերմդ ցանէ»։ Թերթիկները կարելի է նմանցնել սերմերու։ Հողագործը իր սերմերը առատապէս կը ցրուէ, քանի որ չի գիտեր թէ որո՛նք պիտի ծլին ու աճին։ Ժողովող 11։6–ը կ’ըսէ. «Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ ա՞յս թէ այն, կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան»։ Ուստի շարունակե՛նք ‘գիտութիւն տարածել’, վկայութեան այս շատ ազդու գործիքին միջոցով (Առ. 15։7)։
[Մէջբերում՝ էջ 3]
Որո՛վհետեւ թերթիկները վկայելու ազդու գործիքներ են, նոյեմբերէն սկսեալ, ատեն–ատեն, անոնք ամսուան ներկայացուելիք հրատարակութիւնները պիտի ըլլան