Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. վերայցելութեան ճամբան հարթել
Ինչո՛ւ կարեւոր է։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անհատ մը գտնենք, կ’ուզենք անոր վերայցելել՝ ջրելու համար ճշմարտութեան այն սերմերը որոնք ցանեցինք (Ա. Կոր. 3։6)։ Ասիկա յաճախ կը պահանջէ, որ մեկնելէ առաջ վերայցելութեան ճամբան հարթենք՝ տեսնելու համար թէ ե՛րբ կրնանք վերադառնալ։ Նաեւ, լաւ է որ մեկնելէ առաջ հարցում մը ուղղենք, որպէսզի յաջորդ անգամին զայն քննարկենք։ Այսպիսով տանտէրը այցելութեանդ ակնկառոյց պիտի սպասէ. իսկ եթէ հարցումը պատասխանուած է այն հրատարակութեան մէջ որ իրեն տուիր, աւելի հաւանականութիւն կայ որ զայն կարդայ։ Նաեւ, յաջորդ խօսակցութեան հիմը դնելը վերայցելութիւնը կը դիւրացնէ, քանի որ քննարկութեան նիւթը արդէն որոշուած է եւ տանտէրը պիտի գիտնայ ի՛նչ ակնկալել։ Երբ զինք դարձեալ տեսնենք, կրնանք բացատրել թէ մենք վերադարձանք՝ պատասխանելու համար այն հարցումին, որ առաջին հանդիպումին իրեն հարցուցինք եւ ապա նիւթը շարունակել։
Ինչպէ՛ս ճամբան հարթել.
• Երբ տունէ տուն ծառայութեան ներկայացումդ կը պատրաստես, նաեւ պատրաստէ հարցում մը, որուն պիտի պատասխանես վերայցելութեան ատեն։ Անիկա կրնայ հիմնուած ըլլալ նիւթի մը վրայ, որ քննարկուած է այն հրատարակութեան մէջ, որ այդ օր կը ներկայացնես, կամ կրնայ ըլլալ հարցում մը, որուն պատասխանը կը գտնուի մեր ուսումնասիրութեան հրատարակութիւններէն մէկուն մէջ, որ կրնաս անհատին ներկայացնել երբ իրեն վերայցելես։
• Երբ հետաքրքրուած անհատի մը հետ խօսակցութիւնդ կ’եզրափակես, անոր գիտցուր թէ կը փափաքիս դարձեալ իրեն հետ խօսիլ, եւ ապա իրեն ուղղէ այն հարցումը որ պատրաստած ես վերայցելութեան ատեն պատասխանելու համար։ Կարգ մը թաղամասերու մէջ, մարդիկ շատ զբաղած կ’ըլլան եւ կը վարանին ժամադրութիւն տալու, որ իրենց դարձեալ այցելես։ Այս պարագային կրնաս ըսել. «Ընդհանրապէս ձեզի այս ժամուն տունը կը գտնե՞մ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Գալ շաբաթ, կ’ուզեմ ձեզի կարճ այցելութիւն մը տալ, այս հարցումին պատասխանելու համար. . .։ Իսկ եթէ այդ օր շատ զբաղած ըլլաք, կրնաք պարզապէս ինծի ըսել»։
• Եթէ տանտիրոջ ըսես որ որոշ ժամու մը պիտի վերայցելես, ժամադրութիւնդ յարգէ (Մատ. 5։37)։ Վերայցելութեան վերջաւորութեան, յաջորդ այցելութեան ճամբան հարթէ։
Այս ամսուան ընթացքին, հետեւեալը փորձէ.
• Երբ ներկայացումդ կը պատրաստես, նաեւ վերայցելութեան ճամբայ հարթող հարցում մըն ալ պատրաստէ։ Զայն փոխանցէ այն հրատարակիչներուն, որոնց հետ կը ծառայես։