Հմտութեամբ սորվեցնելու համար նախապատրաստուէ՛
Առնուազն երկու առիթներով Յիսուսի նոյն հարցումը ուղղուեցաւ, բայց ամէն անգամ ան իր պատասխանը հարցում հարցնողին կարիքներուն կը յարմարցնէր (Ղուկ. 10։25-28. 18։18-20)։ Ուստի, թէեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան նիւթին կրնանք քաջատեղեակ ըլլալ, բայց պէտք է զայն նախապատրաստենք՝ ի մտի ունենալով աշակերտը։ Արդեօք ի՞նչ կէտեր թերեւս ան դժուար հասկնայ կամ ընդունի։ Ո՞ր համարները պէտք է կարդանք։ Որքա՞ն նիւթ պէտք է ջանանք ծածկել։ Թերեւս պէտք ունենանք օրինակ մը, բացատրութիւն մը կամ շարք մը հարցումներ պատրաստելու՝ աշակերտին օգնելու համար որ տեղեկութիւնը ըմբռնէ։ Ասկէ զատ, քանի որ Եհովան է որ ճշմարտութեան սերմը անհատի մը սրտին մէջ կ’աճեցնէ, պէտք է Եհովայէն խնդրենք որ օրհնէ ուսումնասիրութեան մեր նախապատրաստութիւնը, մեր աշակերտը եւ իրեն հոգեւորապէս օգնելու մեր ջանքերը (Ա. Կոր. 3։6. Յակ. 1։5)։