Յայտնութեան Խայտալի Պատգամը Յայտարարենք
1 Յայտնութեան Յանգումը գիրքը մեզի օգնած է որ հասկնանք Յայտնութեան գրքին մէջ արձանագրուած խայտալի պատգամը։ Անոր մարգարէական պատգամը աչքառու դարձնելով ծառայութեան մէջ Մարտ ամսուան ընթացքին, օգնեցէք ուրիշներու որ գնահատեն ինչպէս այդ պատգամը իրենց կ’ազդէ։ Հետեւեալ առաջարկները կրնան օգտակար ըլլալ ձեր ներկայացումը պատրաստելու։
2 Յարմար բարեւ մը տալէ ետք, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Լսա՞ծ էք Յայտնութեան չորս հեծեալներուն մասին։ [Առիթ տուէք որ պատասխանէ։] Զանազան բացատրութիւններ տրուած են թէ այս հեծեալները ի՛նչ կը ներկայացնեն։ Բայց գիտէի՞ք որ անոնց խորհրդանշական արշաւը Աստուածաշունչի մարգարէութեան մը մէկ մասն է որ դէպքեր կը նախագուշակէ որոնք մեր օրերուն տեղի ունեցած են եւ թէ բոլորս ալ կերպով մը պարփակուած ենք։ [Կարդացէք Յայտնութիւն 6։2-5։] Կ’ուզէ՞ք հասկնալ այս մարգարէութիւնը եւ անոր կատարումը ինչ կը նշանակէ մեզի»։ Փորձեցէք մի քանի համարներ մէջբերել, ինչպէս՝ Դանիէլ 7։13, 14, որպէսզի ցոյց տաք հեծեալին ինքնութիւնը թէ Յիսուս Քրիստոսն է։ Եթէ հարազատ հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կարգադրեցէք ձեր վերադառնալը որպէսզի տեսիլքն ու անոր նշանակութիւնը աւելի նկատի առնէք։ Խոստացէք Յայտնութեան Յանգումը գիրքը բերել, եւ այդ ատեն ուշադրութեան յանձնեցէք 16–րդ գլուխը։
3 Կամ թերեւս կը փափաքիք ասոր նման մօտեցում մը փորձել.
◼ «Լսա՞ծ էք ‘Արմագեդոն’ բառը։ [Առիթ տուէք որ պատասխանէ։] Անունը ուղղակի Աստուածաշունչէն առնուած է, Յայտնութիւն 16։16–էն։ Շատեր խորհած են թէ ան կ’ակնարկէ կործանիչ կորիզային պատերազմի մը մեր օրերուն։ Իրականութեան մէջ, Արմագեդոնը բոլորովին տարբեր բան մըն է։ Ըստ Աստուածաշունչին, ան պիտի նշանակէ մեծ բարեփոխումներ, պատճառելով մնայուն խաղաղութեան աշխարհ մը»։ Մատնանշեցէք ու կարդացէք Սաղմոս 37։10, 11–ը։ Եթէ անկեղծ հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կրնաք խոստանալ գիրքը բերել եւ այդ ատեն ուշադրութեան յանձնեցէք գրքին 39–րդ գլուխը։
4 Թերեւս հետաքրքրութիւն շարժէք գործածելով այս առաջարկը.
◼ «Տարուան այս ժամանակին, շատեր համայն աշխարհի մէջ կը մտածեն Յիսուս Քրիստոսի մահուան ու յարութեան մասին։ [Կարդացէք Յովհաննու 3։16։] Հարց տուա՞ծ էք թէ ան ի՛նչ ըրած է իր յարութենէն ի վեր։ Մեր օրերուն շատ մը խայտալի դէպքեր կապ ունին Յիսուսի ներկայ դերին հետ Աստուծոյ նպատակին մէջ։ Անոնցմէ ոմանք նկարագրուած են Յայտնութեան գրքին մէջ։ Կը փափաքի՞ք աւելի սորվիլ թէ ինչ նպատակով Աստուած իր Որդին երկիր ղրկեց եւ անիկա ինչ կը նշանակէ ձեզի եւ ձեր սիրելիներուն համար»։ Կրնաք ուշադրութեան յանձնել Յայտնութիւն 20։11–ը։ Ապա վերայցելութեան մը համար ճամբան հարթեցէք խոստանալով Յայտնութեան Յանգումը գիրքը բերել։ Նախապատրաստուեցէք 41–րդ գլուխը գործածելու։ Կամ ցցուն ըրէք յարմար կէտեր Դիտարանի կամ Զարթի՛րի ընթացիկ թիւերէն։
5 Վստահ եղէք հրաւիրելու ոեւէ անհատ որ կը հետաքրքրուի որ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուի։ Եհովայի օրհնութեամբ, թերեւս կարենաք մէկու մը օգնել որ ‘լսէ այս մարգարէութեան խօսքերը եւ պահէ ինչ որ անոր մէջ գրուած է’։—Յայտ. 1։3