Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/95 էջ 1
  • Միշտ՝ Ընելիք Շատ Բան Կայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Միշտ՝ Ընելիք Շատ Բան Կայ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Շատ Զբաղա՞ծ Էք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Շատ ընելիք ունենալով կրնա՞ք ուրախ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Անիկա Քարոզչութեան Խոչընդո՞տ Մըն Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Ետ մի՛ քաշուիր. խճողուած յայտագրի մը հետ գլուխ ելիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 1/95 էջ 1

Միշտ՝ Ընելիք Շատ Բան Կայ

1 Եհովայի ժողովուրդը զբաղած ժողովուրդ է։ Մեր ընտանիքին, գործին եւ դպրոցին առնչութեամբ շատ պարտաւորութիւններ ունինք։ Իսկ ամէն բանէ առաջ, «Տէրոջը գործին մէջ» միշտ ընելիք շատ բան կայ։ (Ա. Կորն. 15։58) Ժողովքային շաբաթական հանդիպումներուն պէտք է պատրաստուինք ու ներկայ ըլլանք։ Մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ ամէն շաբաթ որոշ բաժին մը բերենք դաշտի ծառայութեան մէջ։ Կանոնաւորաբար բաւարար ժամանակ պէտք է յատկացնենք Աստուածաշունչի անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան։ Երէցներն ու օգնական ծառաները ժողովքային շատ մը նշանակումներ ունին։ Երբեմն մեզմէ կը խնդրուի որ ձեռք տանք արժանի եղողներու որոնք կարիք ունին։

2 Ատեն–ատեն մեզմէ ոմանք կը զգան թէ ճնշուած են այն ամէն բաներով զորս պէտք է ընենք։ Այսուհանդերձ, ամենաշատ զբաղած անհատները կրնան ամենէն ուրախ անհատներէն ըլլալ եթէ հաւասարակշռութիւնը եւ պատշաճ հեռանկարը պահպանուին։—Ժող. 3։12, 13

3 Պօղոս առաքեալ մէկն էր որ ընելիք շատ բան ունէր։ Մինչ հոգ կը տանէր իր անձնական կարիքներուն աշխատելով որպէս վրանագործ մը, ան միւս առաքեալներէն աւելի գործամուխ եղաւ։ Ան անխոնջ կերպով աշխատեցաւ որպէս աւետարանիչ մը, հրապարակաւ եւ տունէ տուն քարոզելով, առանց անտեսելով իր պատասխանատուութիւնները որպէս հօտին մէկ հովիւը։ (Գործք 20։20, 21, 31, 34, 35) Հակառակ իր խճողուած յայտագրին, Պօղոս միշտ կը ջանար աւելին ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ։—Բաղդատել Հռովմայեցիս 1։13-15։

4 Պօղոս իր հաւասարակշռութիւնը եւ ուրախ սիրտ մը պահպանեց, զօրութեան համար Եհովային ապաւինելով։ Ան իր ծառայութիւնը վարձահատոյց ու գոհացուցիչ գտաւ։ (Փիլ. 4։13) Ան գիտէր որ Աստուած իր գործը պիտի չմոռնար։ (Եբր. 6։10) Ուրիշներու օգնելու ուրախութիւնը որ Եհովան ճանչնան, իրեն կորով տուաւ։ (Ա. Թես. 2։19, 20) Աստուածաշունչի հիման վրայ եղած իր յոյսին կատարման երաշխիքը մղեց զինք որ ժրաջան մնայ։—Եբր. 6։11

5 Մենք ալ պէտք է նկատի առնենք այն բարիքը որ մեր աշխատանքէն յառաջ կու գայ։ Շաբաթական ժողովներուն մեր ներկայ ըլլալը եւ մասնակցիլը կը կերտեն ու կը քաջալերեն ուրիշները։ (Եբր. 10։24, 25) Մեր լուրջ ջանքերը որպէսզի բարի լուրը բոլորին քարոզենք, կը նպաստեն ժողովքին յառաջդիմութեան մինչ գտնուած հետաքրքրութիւնը կը մշակենք եւ նորեկներ մեր հետ կ’ընկերակցին։ (Յովհ. 15։8) Կարիք ունեցողներուն օգնելը յառաջ կը մղէ մտերմութեան, ընտանեկան հոգի մը ժողովքին մէջ։ (Յակ. 1։27) Ասկէ զատ, Պօղոսի նման, երբեք պէտք չէ մոռնանք թէ օգտակար գործերով զբաղած ըլլալը Եհովա Աստուծոյ հաճելի է։ Իրեն ծառայելը մեծ առանձնաշնորհում մը կը նկատենք։ Մեզի համար ապրելու աւելի լաւ կերպ մը չկայ։

6 Ընելիք շատ բան ունենալուն մէջ յաւելեալ օգուտ մը կայ։ Երբ բազմազբաղ ենք հետապնդելով առողջ հոգեւոր սովորութիւն մը, ժամանակը կը թուի թէ շատ աւելի արագ կ’անցնի։ Գիտակցելով թէ իւրաքանչիւր օր որ կ’անցնի մեզ աւելի կը մօտեցնէ նոր աշխարհին, ուրախութեամբ կ’ընդունինք այժմ մեր վայելած զբաղուն կեանքը։ Նաեւ կը գիտակցինք զբաղած մնալու իմաստութեան, նկատելով որ նուազ ժամանակ կ’ունենանք աշխարհային ունայն հետապնդումներուն միջամուխ ըլլալու։—Եփ. 5։15, 16

7 Վստահաբար ընելիք շատ բան կայ Տիրոջը գործին մէջ։ Բայց կրնանք ուրախ մնալ եթէ շարունակենք Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսին ապաւինիլ, որոնք մեր ծառայութիւնը սփոփիչ ու վարձահատոյց կը դարձնեն։—Մատթ. 11։28-30. Ա. Յովհ. 5։3

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել