Անձնական Ուսումնասիրութիւնը—Լուրջի Առնուելիք Հարց Մը
1 Ի՞նչ հարցեր պատճառ կ’ըլլան որ լրջօրէն հետաքրքրուինք։ Մենք պէտք է խորապէս հետաքրքրուած ըլլանք Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը կերտելով ու պահպանելով։ Անձնական ուսումնասիրութիւնը գլխաւոր դեր մը կը խաղայ այսպիսի մտերմութիւն մը զարգացնելու մէջ։ Այսօր, մեզմէ քիչեր այն պարագաները ունին որոնք թոյլ կու տան երկար ժամանակ յատկացնել խոկումին եւ անձնական ուսումնասիրութեան։ Սակայն, եթէ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար չկարդանք, կրնանք այնքան տկարանալ որ պէտք եղած ոյժը չենք ունենար աշխարհի հոգիին ու անոր մարմնային ցանկութիւններուն դէմ դնելու։
2 Խօսքին Փափաքեցէք. Երբ առաջին անգամ Աստուծոյ նպատակներուն մասին սորվեցանք, հաւանաբար նախանձախնդիր էինք որ աւելի գիտութիւն ձեռք ձգենք։ Սակայն, ժամանակին ընթացքին, հոգեւոր սնունդին հանդէպ մեր անօթութիւնը թերեւս նուազած է։ Թերեւս կարիքը կայ հոգեւոր սնունդին ‘փափաքելու’։ (Ա. Պետ. 2։2) Ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի փափաք մը զարգացնել։
3 Նախասիրուած ճաշի մը հոտը մեր ախորժակը կը գրգռէ հաճելի յիշատակներուն պատճառաւ։ Անձնական ուսումնասիրութեան կարճ ժամանակամիջոցները կրնան հոգեւոր գետնի վրայ նոյնանման կերպով մը մեզի ազդել։ Մի քանի համեղ հոգեւոր պատառներ վայելելը կրնայ մեր ախորժակը սրել աւելի խոր ճշմարտութիւններու հանդէպ։ Սորվելէն յառաջ եկած գոհունակութիւնը մեզ կը քաջալերէ որ Եհովայի Խօսքին աւելի խորը թափանցենք։
4 Զարգացուցէք Սովորութիւն մը որ Ձեզի Համար Մեծապէս Ազդեցիկ Է. Ոմանք ամբողջ երեկոյ մը կը յատկացնեն անձնական ուսումնասիրութեան, մինչ ուրիշներ կը նախընտրեն ուսումնասիրութեան աւելի կարճ ու յաճախադէպ ժամանակամիջոցներ։ Եթէ կը նկատէք որ կրնաք աւելի լաւ կեդրոնանալ առտուան կանուխ ժամերուն, թերեւս կ’որոշէք ուսումնասիրութիւն մը ընել նախաճաշէն առաջ։ Իսկ եթէ աւելի գերուշադիր էք վերջալոյսին, թերեւս կ’ընտրէք ձեր ուսումնասիրութիւնը ընել քնանալէ առաջ։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, կարեւոր բանն է կանոնաւոր ըլլալ ու այն սովորութեան կառչիլ որ լաւագոյն կերպով յարմարցուած է ձեր կարիքներուն։
5 Երբ մեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ աւելի անձնական ուսումնասիրութիւն ընենք, թերեւս շուտով կը մատնանշենք թէ արդէն լեցուն յայտագիր մը ունինք։ Սակայն, բոլորս ալ պէտք է անկեղծութեամբ քննենք թէ ինչպէ՛ս մեր ժամանակը կը վատնենք։ Արդեօք իւրաքանչիւր օր մի քանի ժամեր կը սպառուի՞ն հեռատեսիլի յայտագիրները դիտելով։ Կամեցողութիւնը ունի՞նք որոշ անձնական շահեր զոհելու։ Իրապաշտական քննութիւնը թէ ինչպէ՛ս մեր ժամանակը կը գործածենք, հաւանաբար պիտի յայտնէ առօրեայ ժամանակամիջոցներ զորս կարելի է աւելի օգտակար կերպով գործածել անձնական ուսումնասիրութեան համար։—Եփ. 5։15, 16
6 Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը մեր լման ուշադրութեան արժանի է։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին ուրիշ բան մը ընելը կը նուազեցնէ օգուտները։ Եթէ հակումը ունինք ուսումնասիրելու մինչ կ’ուտենք, ձայնասփիւռին ականջ կու տանք կամ հեռատեսիլը կը դիտենք, հաւանաբար պիտի չիւրացնենք ինչ որ կը փորձենք սորվիլ։ (Ա. Տիմ. 4։15) Հետեւաբար պէտք է զբաղումներէ ձերբազատուիլ։—Տեսէք Դպրոցի Դասագիրքը, էջ 33-4։
7 Առօրեայ ուսումնասիրութիւնը եւ Աստուածաշունչի խրատին կիրարկումը կարեւոր են, քանի որ այդ կերպով է որ Եհովայէ առաջնորդութիւն կը ստանանք։ Ձեր նպատակակէտը ըրէք թոյլ տալ տպուած տեղեկութիւններուն որ ձեր սրտին ազդեն։ Ամէն պատեհութիւն օգտագործեցէք, որքան ալ կարճ ըլլայ, հոգեւոր բաներ կարդալու, վերաքաղ ընելու կամ խոկալու։—Բ. Օր. 6։6-8. Կող. 1։9, 10