Մեր Հին Գրքերը Օգտագործենք
1 Եհովա մեզի հայթայթած է ճոխ հոգեւոր սնունդի առատութիւն մը։ Այս նիւթերէն շատեր 192–էջնոց գրքերու ձեւով եղած են, որոնք վերջին տարիներուն հրատարակուած են։ Յունուար ամսուան ընթացքին պիտի ներկայացնենք 1982–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192–էջնոց գիրք։ Անոնցմէ մի քանի հատը ունի՞ք ձեր տան մէջ, որոնք տակաւին լաւ վիճակի մէջ են։ Ժողովքը անոնցմէ քանակ մը ունի՞։ Եթէ այո, լաւ է որ անոնց բովանդակութիւնը վերաքաղ ընէք ու կարգ մը խօսակցական կէտեր ընտրէք զորս կրնաք գործածել ձեր ներկայացումին մէջ։
2 Եթէ կը գործածէք «‘Քու Թագաւորութիւնդ Գայ’» գիրքը, կրնաք հետեւեալ կերպով սկսիլ.
◼ «Քրիստոնեաները գրեթէ 2,000 տարի աղօթած են Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար։ Ի՞նչ կը խորհիք որ Թագաւորութիւնը պիտի ընէ մարդկութեան համար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Նկատի առէք էջ 25–ի շրջագիծը եւ ցոյց տուէք այն օրհնութիւններէն ոմանք որոնք պիտի իրագործուին Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։] Այս գիրքը նկատի կ’առնէ այն բաները զորս Թագաւորութիւնը պիտի իրագործէ եւ կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս դուք եւ ձեր սիրելիները կրնաք օգտուիլ։ Եթէ կը փափաքիք կարդալ զայն, ուրախ պիտի ըլլամ ձեզի հետ օրինակ մը ձգելով»։
3 Եթէ կ’առաջարկէք «Ուրախութիւն—Ինչպէ՞ս Գտնել Զայն» գիրքը, կրնաք այս մօտեցումը փորձել.
◼ «Մարդոց մեծամասնութեան համար դժուար է որ ուրախութիւն գտնեն այս աշխարհին մէջ, քանի որ շատ խնդիրներ կան։ Կը խորհի՞ք որ կարելի է ուրախ ըլլալ ներկայ վիճակներուն ներքեւ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Բացէք 41–րդ էջը եւ ցոյց տուէք կարգ մը սովորական խնդիրներ որոնք մտահոգութիւն կը պատճառեն։] Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք գլուխ ելլել այս խնդիրներուն հետ եւ վերջապէս մնայուն ուրախութիւնը վայելել խաղաղ նոր աշխարհի մը մէջ։ [Բացէք էջ 190 եւ կարդացէք Եսայեայ 32։17, 18։] Աստուածաշունչը մասնայատուկ խրատներ կու տայ որոնք կրնան մեզի օգնել որ աւելի մեծ ուրախութիւն գտնենք կեանքին մէջ։ Այս գիրքը վերաքաղ կ’ընէ այդ խրատները եւ կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք կիրարկել»։
4 Եթէ կը գործածէք «Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է» գիրքը, թերեւս կը փափաքիք ասիկա փորձել.
◼ «Ամէն անհատ կը փափաքի ապրիլ աշխարհի մը մէջ ուր խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն կայ։ Դժբախտաբար, անոր փորձառութիւնը չենք ունեցած մեր կեանքի տեւողութեան։ Ի՞նչ կը խորհիք որ պէտք է ընենք որպէսզի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը իրականութիւն մը ըլլայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուած զօրութիւնը ունի այս երկրագունդին խաղաղութիւն բերելու, եւ ան խոստացած է ասիկա ընել»։ Նկատի առէք էջ 98–ի պատկերը եւ ապա կարդացէք Միքիա 4։3, 4։ Եթէ լաւ ընդառաջում կայ, Թագաւորութեան յոյսին մասին աւելի բացատրեցէք, գիրքը ներկայացուցէք եւ վերայցելութեան մը համար կարգադրութիւններ ըրէք։
5 Թերեւս կ’ընտրէք «Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի» գրքոյկը գործածել, ուստի կրնաք հետեւեալը ըսել.
◼ «Շատ մը մարդիկ հարց կու տան թէ ինչո՛ւ Աստուած կը թոյլատրէ որ այսքան տառապանք տեղի ունենայ աշխարհի մէջ։ Քանի որ ան ամենակալ է, ինչո՞ւ բան մը չ’ըներ մեր նեղութեան վերջ մը դնելու համար։ Ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ Աստուած մեզ չէ լքած»։ Նկատի առէք 22–րդ պարբերութիւնը էջ 27–ին մէջ, եւ կարդացէք Սաղմոս 37։11, 29։ Ցոյց տուէք կոչ ընող պատկերը որ կը նկարագրէ ինչ որ կրնանք յուսալ։ Եթէ գրքոյկը ընդունուի, առաջարկեցէք վերադառնալ որպէսզի ցոյց տաք թէ ինչպէ՛ս կարելի է զայն գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար։
6 Մեր գրականութիւնները հազարաւոր մարդիկ մղած են որ Աստուածաշունչը աւելի մօտէն քննեն։ Անոնց սորվածը իրենց յոյս բերած է ուրախ ապագայի մը համար։ (Սաղմ. 146։5) Մեր առանձնաշնորհումն է որ անոնց օգնենք։