Ազատագրում Բերող Նշան Դնելը
1 Իր արդար դատաստանները գործադրելէ առաջ, Եհովա միշտ ազդարարութիւն կու տայ եւ ազատելու միջոց մը կը հայթայթէ հեզերուն։ Եզեկիէլի օրերուն, կային անոնք որոնք տեղի ունեցած բոլոր պղծութիւններուն համար կը հառաչէին ու կ’ողբային։ Եհովա պատճառ եղաւ որ այդպիսի արժանիներ նշան ստանան ազատագրուելու համար։ (Եզեկ. 9։4–6) Այսօր մեր քարոզչական գործը նոյն նպատակը կ’իրագործէ։ Կրնանք կարեւոր դեր մը խաղալ։
2 Անկեղծ անհատներ գտնելը միայն առաջին քայլն է։ Կը կարգադրենք վերայցելութիւն մը։ Վերայցելութեան պատրաստուիլը կը սկսի առաջին հանդիպումին, նոթագրելով տեղաւորումը եւ նկատի առնուած նիւթը։ Վերայցելութեան յաջողութիւնը մեծապէս կախեալ է մեր նախապատրաստութենէն թէ ի՛նչ պիտի ըսենք ու ընենք երբ վերադառնանք։
3 «Դիտարան»ի տեղաւորումը հետապնդելու համար, կրնաս կեդրոնանալ անոր գլխաւոր բնաբանին վրայ.
◼ «Նկատէ թէ Դիտարանի կողքին վրայ կ’երեւի սա արտայայտութիւնը՝ ‘Կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը’։ Այս պարբերաթերթը անզուգական դարձնողը այն է թէ կը ջատագովէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որպէս միակ լուծումը աշխարհի խնդիրներուն։ Ան կը բացատրէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի իրագործէ երբ Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ։ Ասիկա է Յիսուսի ըսած այն բարի լուրը որ պիտի յայտարարուէր համայն աշխարհի մէջ»։ Կարդա Մատթէոս 24։14–ը եւ բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է Դիտարանը կանոնաւորաբար ստանալ եւ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան համար գործածել։
4 Թերեւս կը նախընտրես պարզապէս կեդրոնանալ Աստուածաշունչին վրայ եւ շեշտել կանոնաւորապէս զանիկա կարդալու կարիքը։ Կրնաս ըսել.
◼ «Գրեթէ ամէն անհատ զոր կը ճանչնանք կը գնահատէ գործնական խրատը թէ ինչպէ՛ս կրնայ կեանքի ամէնօրեայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել։ Ո՞ւր կը խորհիս որ կրնանք վստահելի խրատ գտնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր որոնք իրենց ընկերներու խրատին վստահած են կամ մասնագէտներու խրատին համար վճարած են, մեծապէս յուսախաբ եղած են։ Միւս կողմէն, միլիոնաւոր մարդիկ Աստուածաշունչը գտած են որպէս խրատի միակ աղբիւրը որու կրնան իրապէս վստահիլ։ Աստուածաշունչը ուղղութիւն կը հայթայթէ թէ ինչպէ՛ս գլուխ ելլենք մեր դիմագրաւած որեւէ խնդրի հետ։ [Կարդա Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17։] Թէեւ կրնայ ըլլալ որ Աստուածաշունչը հասկնալը դժուար գտած ես, թոյլ տուր որ քեզի ցոյց տամ թէ ինչպէ՛ս կրնաս զանիկա գործածել իմաստուն խրատի գանձատուն մը բանալու համար»։ Շարունակէ, բանալով «Սէր» բառը որ կը գտնուի Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան ետեւը գտնուող «Աստուածաշունչի Բառերու Ցանկ» բաժինին մէջ, եւ մատնանշէ կարգ մը ակնարկումներ որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս սէրը կրնայ մեզի օգնել որ ուրիշներու հետ մեր խնդիրները լուծենք։
5 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով, կրնաս գործածել «Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ» գիրքը, սա բացումը գործածելով.
◼ «Մենք մեր ընտանիքները կը սիրենք եւ լաւագոյնը կ’ուզենք իրենց համար։ Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ ասոր նման աշխարհի մը մէջ ապրելով»։ Ցոյց տուր էջ 156–7–ի պատկերները։ Կարդա այդ էջերուն մէջ մէջբերուած համարներէն մէկ կամ երկու համարներ, եւ բացատրէ թէ ասոնք խոստումներ են Եհովա Աստուծոյ կողմէ, որ չի կրնար ստել։ Ակնարկէ նիւթերու ցանկին որ էջ 5–6–ի մէջ է, եւ տանտիրոջ հարցուր թէ ո՛ր նիւթը զինք ամենէն շատ կը հետաքրքրէ. բա՛ց անոր ընտրած գլուխը եւ նկատի առ մէկ կամ երկու պարբերութիւններ։
6 Կը փափաքի՞ս ուրիշ անհատի մը օգնել որ ազատագրումի համար նշան ստանայ։ Յաջողութիւնը կը կայանայ ‘քու ծառայութիւնդ լիովին կատարելուն’ մէջ, լաւ նախապատրաստուելով եւ արագօրէն հետապնդելով ամէն հետաքրքրութիւն զոր կը գտնես։—Բ. Տիմ. 4։5