Բոլոր Սուրբ Գրութիւնները Օգտակար Են Սորվեցնելու Համար
1 Աստուածաշունչին արժէքին նկատմամբ կարծիքները շատ եւ այլազան են։ Սակայն, մենք համոզուած ենք որ անոր էջերուն մէջ կը կայանան մարդկութեան շփոթեցուցիչ խնդիրներուն լուծումները ինչպէս նաեւ վստահելի առաջնորդութիւն՝ մեր անձնական կենցաղին։ (Առ. 3։5, 6) Անոր խրատին իմաստութիւնը անզուգական է։ Անոր պաշտպանած բարոյական չափանիշները անգերազանցելի են։ Անոր պատգամը զօրեղ է, «կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբր. 4։12) Ուրիշներու ի՞նչպէս կրնանք օգնել որ այս գիրքը դարակէն առնելու եւ զայն ուշադրութեամբ հետազօտելու կարիքը տեսնեն։ Կրնաք հետեւեալ առաջարկներէն ոմանք փորձել երբ կը ներկայացնէք Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը եւ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը, Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին։
2 Որովհետեւ շատ մը մարդիկ կը մտահոգուին իրենց հիմնական կարիքներուն գոհացում տալու նկատմամբ, թերեւս այս մօտեցումը կրնայ իրենց ուշադրութիւնը գրաւել.
◼ «Շատ մը մարդիկ որոնց հետ խօսած եմ այս օրերուն, մտահոգ են իրենց նիւթական պարտաւորութիւններուն գոհացում տալու նկատմամբ։ Ոմանք նիւթական բաներ հետապնդելու որոգայթէն բռնուած են եւ ասիկա ճնշումի կ’առաջնորդէ։ Այսպիսի հարցերու նկատմամբ խրատ առնելու լաւագոյն աղբիւրը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ես գտած եմ որ Աստուածաշունչը գործնական խրատներ կը մատուցանէ որոնք կրնան մեզի օգնել որ անտեղի խնդիրներէ խուսափինք։ Թոյլ տուր որ քեզի օրինակ մը ցոյց տամ»։ Բաց Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գրքին 163–րդ էջը եւ կարդա Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10–ը, որ մէջբերուած է 3–րդ պարբերութեան մէջ։ Յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ըրէ 4–րդ պարբերութեան մասին եւ ետքը գիրքը ներկայացուր։
3 Ահաւասիկ ուրիշ առաջարկ մը զոր կրնաս նկատի առնել.
◼ «Ամէն անգամ որ թերթ մը կը կարդանք կամ լուրերուն մտիկ կ’ընենք, կը լսենք յաւելեալ նեղիչ խնդրի մը մասին որ մեզ կը մտահոգէ։ [Յիշէ լուրերուն մէջ վերջերս տեղեկագրուած խռովիչ դէպք մը։] Այս տեսակ խնդիրներու հետ ի՞նչպէս կրնանք գլուխ ելլել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] 1983–ին, Միացեալ Նահանգներուն այն ատենուան նախագահը [Ռոնալտ Ռիկըն] ըսաւ որ Աստուածաշունչը ցարդ գրուած մեծագոյն պատգամը ունի եւ ‘անոր էջերուն մէջ կը կայանան մարդուն դիմագրաւած բոլոր խնդիրներուն բոլոր լուծումները’։ Անոր ըսածը կը վերյիշեցնէ ինչ որ Աստուածաշունչը ինք կը նշէ։ [Կարդա Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17։] Թոյլ տուր որ քեզի ցոյց տամ թէ ի՛նչու կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ»։ Ի՛նչու Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ թերթիկէն մի քանի կէտեր յիշէ։ Առաջարկէ վերադառնալ նկատի առնելու համար թէ որքա՜ն յատկանշական է որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը կատարուին աշխարհի ընթացիկ դէպքերով։
4 Եթէ թաղամասիդ մէջ շատ մը ոչ–կրօնասէր մարդիկ կան, կրնաս այս մօտեցումը փորձել.
◼ «Այս շրջանին մէջ շատեր կը նկատեն կարգ մը սուրբ գրքերը որպէս հակասական եւ միմիայն առասպելներ։ Անոնք կրօնքի անունով կատարուած այնքան գէշ բաներ տեսած են որ նոյնիսկ Աստուածաշունչին չեն վստահիր։ Իրականութեան մէջ, երթալով աւելի մարդիկ հարց կու տան թէ Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ Խօսքն է, թէ՝ մարդոց։ Ի՞նչ է քու կարծիքդ»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Տանտիրոջ ընդառաջումին համաձայն, նկատի առ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գրքէն այն մասը որ կապ ունի տանտիրոջ առարկութեան կամ տեսակէտին հետ եւ բացատրէ մէկ կամ երկու կէտեր։ Օրինակի համար, թերեւս պատեհութիւն ունենաս գործածելու «Յիսուս—Պատմական Անձնաւորութիւն մը» ենթագլուխին ներքեւ եղած 27–29 պարբերութիւնները, էջ 66–էն սկսեալ։
5 Մեր Մեծ Ուսուցիչը վստահ եղած է որ իր կամքին գիտութիւնը հասանելի է բոլոր անոնց որոնք կ’ուզեն սորվիլ։ Ուրիշներու օգնելը որ Աստուածաշունչի իրական արժէքը գնահատեն լաւագոյն բաներէն մէկն է զոր կրնանք ընել անոնց օժանդակելու համար. անիկա կրնայ իրենց կեանքը փրկել։—Առ. 1։32, 33