Աստուծոյ Խօսքը Առաջնորդութիւն Կը Հայթայթէ
1 «Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր շա՜տ խնդիրներ կան, բայց շատ քիչ՝ լուծումներ։ Միլիոնաւորներու համար անօթութիւնը առօրեայ հարց է։ Թմրեցուցիչի մոլիները օրէ օր կ’աւելնան։ Երթալով աւելի շատ ընտանիքներ կը քայքայուին։ Ազգապղծութիւնը եւ ընտանեկան բռնութիւնները յաճախ լուրերուն մաս կը կազմեն։ Մեր շնչած օդը եւ խմած ջուրը աստիճանաբար կը թունաւորուին։ Այս բոլորին հետ մէկտեղ, երթալով աւելի շատ անհատներ ոճիրի զոհ կը դառնան»։
2 Այսպէս կը սկսի Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը։ Անոր յառաջաբանը ա՛լ աւելի պատշաճ է ներկայիս քան՝ երբ գիրքը հրատարակուեցաւ եօթը տարիներ առաջ։ Մարդիկ պէտք ունին գիտնալու որ Աստուծոյ Խօսքը առաջնորդութիւն կու տայ ու զիրենք հարուածող բոլոր խնդիրներուն լուծումներ կը հայթայթէ։ Պիտի ջանանք Դեկտեմբերի ընթացքին մարդոց օգնել անոնց ներկայացնելով Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը ու Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը։ Անշուշտ, անհատի մը քով պարզապէս գրականութիւն մը ձգելը երաշխիք մը չէ որ ան Աստուծոյ առաջնորդութիւնը պիտի ընդունի։ Պէտք է վերայցելութիւններ ընենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտով։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ օգնութիւն պիտի ստանանք եթէ այսպիսի ջանք թափենք։ (Մատթ. 28։19, 20) Ահաւասիկ կարգ մը թելադրուած ներկայացումներ.
3 Եթէ տարեց անհատի մը հանդիպիք, թերեւս այս մօտեցումը կրնաք փորձել.
◼ «Կ’ուզէի հարցնել թէ երբ աւելի երիտասարդ էիք, համայնքին մէջ մարդիկ իրար հետ ի՞նչպէս կը վարուէին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ներկայիս վիճակները շատ տարբեր են, այնպէս չէ՞։ Ըստ ձեզի, այս փոփոխութեան պատճառը ի՞նչ է արդեօք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Արդարեւ, մենք Աստուածաշունչի մարգարէութեան մը կատարումը կը տեսնենք։ [Կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1–5։] Ճշգրտօրէն նկարագրելէ զատ թէ երկիրը ինչպէս է ներկայիս, Աստուածաշունչը կը խոստանայ աւելի լաւ աշխարհ մը մօտ ապագային։ Այս պատճառով ալ բոլորին կը քաջալերենք որ Աստուածաշունչը կարդան։ Նկատի առի՞ք որ այս Աստուածաշունչը՝ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը՝ որմէ կ’ընթերցէի, որքան յստակ լեզու մը կը գործածէ»։ Բացատրեցէք թէ անիկա գրուած է արդի Անգլերէնով, որ Աստուածաշունչը աւելի հասկնալի կը դարձնէ։ Ցոյց տուէք Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը, ու 10–րդ գլուխին մատնանշեցէք, ուր կը բացատրէ ուրիշ մարգարէութիւն մը որու կատարումը տեսանք։ Ներկայացուցէք Աստուածաշունչը եւ գիրքը։ Եթէ զանոնք ընդունի, յիշեցէք նուիրատուութեան կարգադրութիւնը որ կը նպաստէ մեր աշխարհածաւալ գործին։
4 Երբ վերայցելէք տարեց անհատի մը, որու քով Աստուածաշունչը եւ գիրքը ձգեցիք, կրնաք ըսել.
◼ «Վերջին անգամ երբ միասին կը խօսակցէինք, համաձայնեցանք որ մարդկային արդի ընկերութիւնը բազմաթիւ կերպերով աւելի գէշ դարձած է, երբ բաղդատենք քանի մը տարի առաջուան հետ։ Սակայն, հիմա եկայ ձեզի ցոյց տալու թէ Աստուածաշունչը ապագայի նկատմամբ մեր առջեւ աւելի լաւ աշխարհի մը հեռանկարը կը դնէ։ [Կարդացէք Յայտնութիւն 21։3, 4։] Հիմա որ գիտցանք թէ ասիկա Աստուծոյ Խօսքն է, ասիկա պէտք է մեզ քաջալերէ փնտռելու որ Աստուածաշունչը ուրիշ ի՛նչ ունի ըսելիք»։ Բացէք՝ Աստուծո՞յ Խօսք գրքին 14–րդ գլուխը, ու կարդացէք 3–4–րդ պարբերութիւնները։ Տան մէջ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։
5 Եթէ պատանիի մը հետ կը խօսակցիք, կրնաք ըսել.
◼ «Կը փափաքիմ քեզի հարցում մը հարցնել. Որպէս պատանի մը, կը խորհի՞ս որ ապագայի նկատմամբ լաւատես ըլլալու պատճառ մը ունիս։ Ապագան ի՞նչպէս կը թուի քեզի համար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Բարեբախտաբար, ապագայի նկատմամբ լաւատես ըլլալու իսկական պատճառ մը ունինք։ [Կարդացէք Սաղմոս 37։10, 11։] Քանի որ մարդիկ Աստուածաշունչին ու անոր բովանդակութեան նկատմամբ այլազան տեսակէտներ ունին, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը հրատարակեցինք։ Նկատի առ Աստուածաշունչը կարդալու պատճառները, որ այս գիրքը կու տայ։ [Կարդացէք էջ 10–11–ի վրայ եղող 16–17–րդ պարբերութիւնները։] Անգամ մը որ համոզուինք թէ ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ ճշմարիտ է, ապագայի նկատմամբ վստահ յոյս մը կրնանք ունենալ։ Եթէ կը փափաքիս այս գիրքը կարդալ, ուրախութեամբ օրինակ մը կրնամ ձգել քեզի»։
6 Երբ վերադառնաք այցելելու այն պատանին որ «Աստուծո՞յ Խօսք» գիրքը ընդունեց, թերեւս կրնաք սկսիլ, ըսելով.
◼ «Գնահատեցի լսելով թէ որքա՛ն մտահոգ ես ապագայի նկատմամբ։ Յիշէ որ քեզի Աստուածաշունչէն համար մը ցոյց տուի, ուր մեզի համար ուրախ եւ ապահով ապագայի մը խոստումը կար։ Ահաւասիկ ուրիշ համար մը։ [Կարդացէք Յայտնութիւն 21։3, 4։] Այդ գիրքը որ քեզի ձգեցի համոզիչ ապացոյց կու տայ որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։ Այս իրողութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի։ Նկատի առ թէ ինչ է այդ։ [Կարդացէք 184–5 էջերուն վրայի, 1–2–րդ պարբերութիւնները։] Եթէ կը փափաքիս, ուրախութեամբ Աստուածաշունչը քեզի հետ ձրիօրէն կ’ուսումնասիրեմ»։ Եթէ ուսումնասիրութիւնը ընդունուի, հարցուցէք թէ անհատը Աստուածաշունչ մը ունի՞։ Եթէ չունի, անոր Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը ներկայացուցէք։ Նուիրատուութիւն ընելու պատեհութիւնը տուէք անհատին։
7 Անհատ մը որ կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար չի գիտեր առաջնորդութեան համար ուր դիմել, թերեւս այս մօտեցումին ընդառաջէ.
◼ «Կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ երբ գրեթէ ամէն ոք լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ։ Շատեր առաջնորդութեան համար կը դիմեն ամէն տեսակ խրատատուներու։ Ոմանք օգնութեան համար ոգեհարցներու կը դիմեն։ Ըստ ձեզի, ո՞ւր կրնանք իրապէս օգտակար եղող խրատներ գտնել։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը յիշէ կարեւոր իրողութիւն մը, որ բոլորս ալ պէտք է գնահատենք»։ Կարդացէք Երեմեայ 10։23։ Բացէք Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքին 187–րդ էջը, ու կարդացէք 9–րդ պարբերութիւնը։ «Այս գիրքը պիտի օգնէ ձեզի որ գնահատէք թէ ինչպէս, Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, մեր բոլոր խնդիրները վերջ պիտի գտնեն։ Կը փափաքի՞ք զայն կարդալ»։ Եթէ ընդունի, անոր բացատրեցէք նուիրատուութեան կարգադրութիւնը։
8 Եթէ առաջին այցելութեան մարդուն առաջնորդութեան կարիքին մասին խօսեցաք, կրնաք վերայցելութեան ատեն խօսակցութիւնը շարունակել, ըսելով.
◼ «Երբ առաջին անգամ հանդիպեցանք, համաձայնեցանք որ Աստուծոյ առաջնորդութեան կարիքը ունինք, կեանքի դժուարութիւններուն հետ յաջողութեամբ գլուխ ելլելու համար։ Այս առնչութեամբ կը խորհիմ որ պիտի գնահատէք ձեզի տուածս գրքին եզրափակութեան խօսքերը։ [Կարդացէք Աստուծո՞յ Խօսք գրքին էջ 189–ի, 12–13–րդ պարբերութիւնները։] Ես ուրախութեամբ ձեզի կ’առաջարկեմ տան մէջ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը, եւ եթէ կ’ուզէք հիմա իսկ կրնամ ձեզի ցոյց տալ»։
9 Եհովա մեր ջանքերը պիտի օրհնէ, մինչ կ’օգնենք թէ՛ տարեցներուն եւ թէ պատանիներուն որ գնահատեն Աստուծոյ Խօսքին արժէքը ու մեր կեանքին մէջ անոր առաջնորդութիւնը։—Սաղմ. 119։105