Բոլոր Լեզուներու եւ Կրօնքներու Պատկանող Մարդոց Վկայենք
1 Առաջին դարու Քրիստոնեաները նախանձախնդրօրէն վկայեցին զանազան լեզուներ խօսող ու տարբեր կրօնքներու պատկանող մարդոց։ Ասոր արդիւնքն էր՝ «հաւանաբար, 100 թուականին, Միջերկրականին շուրջը գտնուող ամէն նահանգ իր մէջ քրիստոնէական համայնք ունէր»։—Միջին Դարերու Պատմութիւն։
2 Միացեալ Նահանգներուն մէջ, շատեր Անգլերէնէ զատ ուրիշ լեզուներ կը խօսին։ Ներկայիս, գաղթականութեան պատճառաւ, մեծ ու պզտիկ քաղաքներ ուշագրաւ թիւով օտար համայնքներ ունին։ Ոչ–Քրիստոնեայ կրօնքներու պատկանող բազմաթիւ անհատներ այս երկիրը գաղթած են, ի ներառեալ հարիւր հազարաւոր Պուտտայականներ, Պրահմանականներ, Հրեաներ ու Իսլամներ։ Լեզուներու եւ կրօնքներու այս հսկայ այլազանութեան պատճառաւ, լուրջ մարտահրաւէր մըն է գիտնալ ի՛նչպէս խօսակցիլ ու վկայել բոլոր այսպիսի անհատներու, որոնց կը հանդիպինք։ Իրականութեան մէջ, մեր շրջանին մէջ իսկ կրնանք միսիոնարական թաղամաս մը ունենալ։ Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի պատուէրին հետեւիլ՝ «որ ժողովուրդին քարոզենք ու [«լիակատար», ՆԱ] վկայութիւն տանք» բոլոր լեզուներու եւ կրօնքներու պատկանող մարդոց։—Գործք 10։42
Տարբեր Լեզու Խօսող Անհատներու Վկայել
3 Մեր մասնաճիւղի թաղամասին 48 նահանգներուն մէջ, հրատարակիչներու մեծ յաւելում մը տեղի կ’ունենայ օտարախօս բնակչութեան մէջ։ 17 օտար լեզուներով ժողովքներ հաստատուած են, իսկ ուրիշ 7 լեզուներով՝ խումբեր։ Սակայն, կարելի է աւելին իրագործել այն թաղամասին մէջ, ուր օտարախօս ժողովքներ չկան։
4 Լեզուական Խոչընդոտը Յաղթահարել. Կասկած չկայ որ շատեր աւելի արագ կը սորվին ու խոր հասկացողութիւն ձեռք կը ձգեն, երբ իրենց մայրենի լեզուով ուսուցուին։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր «աւետարանին համար» օտար լեզու մը սորված են, ‘որպէսզի անոր կցորդ ըլլան’։ (Ա. Կորն. 9։23) Թէեւ Չինարէն խօսող կին մը տարիներէ ի վեր կանոնաւորաբար պարբերաթերթ կը ստանար Անգլերէն խօսող քրոջմէ մը, բայց ան մերժած էր Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու բազմաթիւ առաջարկներ, մինչեւ որ Չինարէն սորվող քոյր մը իր լեզուով գիրք մը ներկայացուց։ Կինը յօժարութեամբ թէ՛ գիրքը եւ թէ ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Պատճառը այն էր որ երկրորդ քոյրը ջանք ըրած էր քանի մը բառ խօսիլ կնոջ լեզուով։—Բաղդատել՝ Գործք 22։2։
5 Դիտարան 1 Փետրուար 1993 լաւ պատճառով մը հետեւեալ մեկնաբանութիւնը ըրաւ. «Օտար լեզու մը սորվիլը, ոչ միայն պիտի զարգացնէ երիտասարդներուն մտային կարողութիւնը, այլ նաեւ զիրենք աւելի պիտանի պիտի դարձնէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ»։ Պէթէլի ընտանիքի անդամներէն շատեր նոր լեզու մը սորվելու մարտահրաւէրը ընդունած են։ Այս կերպով, մասնաւորաբար եղբայրները, կարգ մը ժողովքներու մէջ առաջնորդութիւնը առնելու կարիքը լեցուցած են։ Եթէ օտար լեզու մը կը խօսիք կամ յօժարակամ էք սորվելու, թերեւս դուք ալ կրնաք օտարախօս ժողովքի կամ խումբի մը օգնութեան ձեռք երկարել։—Մատթ. 9։37, 38
6 Ֆլորիտայի մէջ եղբայր մը, որ ճշմարտութեան չեկած Վիեթնամերէն սորված էր, ներկայիս մեծ ուրախութիւն կը զգայ բարի լուրը Վիեթնամերէն խօսող անհատներու հետ բաժնելով։ Այդ լեզուով վկայելու աւելի մեծ պատեհութիւն մը ունենալու համար, ան իր ընտանիքը ուրիշ շրջան մը փոխադրեց, ուր մեծ կարիք կար Վիեթնամերէն դաշտին մէջ։ Իր փոխադրուելէն ետք, ան մեծ յաջողութիւն կը գտնէ Վիեթնամցիներու հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու մէջ։
7 Գալիֆորնիոյ մէջ, ռահվիրայ քոյր մը համր անհատներու հանդիպեցաւ իր թաղամասին մէջ։ Ան Եհովայի աղօթեց, խնդրելով որ համրերու լեզուն սորվեցնող անհատ մը գտնէ, որպէսզի կարենայ ճշմարտութիւնը սորվեցնել անոնց։ Օր մը, մինչ մօտակայ մեծ վաճառատան մը մէջ գնում կ’ընէր, համր երիտասարդուհի մը իրեն մօտենալով, թուղթի վրայ գրութիւն մը ցոյց տուաւ, խնդրելով որ մէկը իրեն օգնէր որոշ առարկայ մը գտնելու։ Անոր օգնելէ ետք, ռահվիրայ քոյրը թուղթին վրայ գրեց թէ ինք կը փափաքի համրերու լեզուն սորվիլ, որպէսզի իր շրջանին մէջ եղող համրերուն օգնէ։ Համր երիտասարդուհին գրելով հարցուց. «Ինչո՞ւ կ’ուզես համրերուն օգնել»։ Քոյրը գրելով պատասխանեց. «Եհովայի Վկայ մըն եմ ու կ’ուզեմ համրերուն օգնել որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Եթէ ինծի համրերու լեզուն սորվեցնես, ուրախ պիտի ըլլամ քեզի Աստուածաշունչը սորվեցնելով»։ Քոյրը կ’ըսէ. «Չէք կրնար երեւակայել ուրախութիւնս, երբ ան ըսաւ՝ ‘համաձայն եմ’»։ Քոյրը վեց շաբաթ, ամէն երեկոյ այս երիտասարդուհիին տունը գնաց։ Ան համրերու լեզուն սորվեցաւ, իսկ համր երիտասարդուհին ալ ճշմարտութիւնը սորվեցաւ ու մկրտուեցաւ։ Ասիկա տեղի ունեցաւ աւելի քան 30 տարի առաջ, եւ ռահվիրայ քոյրը տակաւին համրերու կը քարոզէ, իսկ ներկայիս համրերու ժողովքի մը կ’ընկերակցի։
8 Եթէ տարբեր լեզուի մը մէջ հմուտ էք ու կը փափաքիք փոխադրուիլ հո՛ն ուր աւելի մեծ կարիք կայ այդ լեզուն խօսող անհատներու, հարցը նկատի առէք ձեր ժողովքին երէցներուն հետ։ Եթէ անոնք զգան թէ այսպիսի քայլ մը առնելու որակելի էք, շրջանային տեսուչին հարցուցէք թէ ձեր մօտակայքը շրջան մը կա՞յ, ուր կրնաք ծառայել։ Եթէ չկայ, կրնաք Ընկերութեան գրել, պարփակելով երէցներուն կողմէ գրուած նամակ մը, որ կը բովանդակէ իրենց դիտողութիւնները ձեր որակումներուն ու լեզուական հմտութիւններուն մասին։—Տես՝ Դիտարան 15 Օգոստոս 1988 (Անգլ.), էջ 21-23։
9 Հայթայթուած Գործիքները Գործածել. Մեր գրականութիւնները բազմաթիւ օտար լեզուներով մատչելի են։ Օգտակար կ’ըլլայ եթէ մեր թաղամասին մէջ խօսուող լեզուներով թերթիկներ կրենք, կամ՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, եթէ միեւնոյն թաղամասին մէջ օտարախօս ժողովք մը չ’աշխատիր։ Եթէ բացայայտ է որ անհատի մը մայրենի լեզուն Անգլերէն չէ, անոր հարցուցէք թէ ո՛ր լեզուներով կարդալ գիտէ։ Ասիկա ձեր ներկայացնելիք գրականութիւններուն ընտրութիւնը կ’աւելցնէ։ Օրինակի համար, Ուրտույերէն խօսող անհատ մը կրնայ Արաբերէն ալ կարդալ։
10 Քարոզչութեան ընթացքին նոյնիսկ երբ հանդիպիք անհատի մը, որու լեզուով չէք կրնար խօսիլ, տակաւին կարող էք բարի լուրը անոր ներկայացնել։ Ի՞նչպէս։ Գործածելով՝ Բարի Լուր Բոլոր Ազգերուն Համար գրքոյկը։ Անիկա 59 լեզուներով հակիրճ պատգամ մը կը բովանդակէ։ Ինչպէս որ գրքոյկին 2–րդ էջին վրայ գտնուող ցուցմունքները կը բացատրեն, տանտիրոջ լեզուն բնորոշելէն ետք, թոյլ տուէք որ իր լեզուով գրքոյկին մէջ գտնուած տեղեկութիւնը կարդայ։ Զայն կարդալէն ետք, իր լեզուով գրականութիւն մը ցոյց տուէք։ Եթէ ձեր հետ օրինակ մը չկայ, Անգլերէն օրինակը ցոյց տուէք։ Բացատրեցէք թէ պիտի փորձէք վերադառնալ, ձեր հետ իր լեզուով օրինակ մը բերելով։ Անոր անունն ու հասցէն հարցուցէք եւ ձեր քով արձանագրեցէք։ Թերեւս այս տեղեկութիւնները կրնաք փոխանցել, այդ լեզուն խօսող ամենամօտ ժողովքին կամ խումբին, գործածելով այս նպատակին համար պատրաստուած պատճեն՝ (S-70a)։ Այսպիսի տեղեկութիւններ ի՛նչպէս յարմար եղբայրներուն ղրկելու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար, տես՝ Հոկտեմբեր 1993 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 7։ Եթէ այդ լեզուն խօսող անհատ մը չկայ որ այցելութիւնը ստանձնէ, թերեւս դո՛ւք կրնաք այս մարտահրաւէրը ընդունիլ, անհատին հետ նոյնիսկ ուսումնասիրութիւն մը վարելով, գործածելով գրականութիւն մը ձեր լեզուով, իսկ ան՝ իր լեզուով։—Ա. Կորն. 9։19-23
Ոչ–Քրիստոնեայ Կրօնքներու Պատկանող Անհատներու Վկայել
11 Անհատի մը կրօնական ենթահողին մասին որոշ գիտութիւն ունենալը մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ազդու վկայութիւն մը տալու։ Մարդկութիւնը Աստուած կը Փնտռէ գիրքը (Անգլերէն), աշխարհի գլխաւոր կրօնքներուն մասին մեզի ներատեսութիւն կու տայ, որպէսզի կարենանք մարդոց հաւատալիքներուն մասին բաւարար հասկացողութիւն ունենալով օգնել անոնց որ ճշմարտութիւնը ճանչնան։
12 Այս յաւելուածականին վերջին էջին մէջ գտնուող շրջագիծը, ոչ–Քրիստոնեայ մարդոց վկայելու համար գործածուող՝ Եհովայի կազմակերպութեան հայթայթած գրականութիւններուն ընթացիկ ցանկը կու տայ։ Այս գրականութիւնները ընթերցելով, կը հասկնանք ի՛նչպէս բարի լուրով մարդոց մօտենալ։ Պէտք չէ մոռնանք որ Պատճառաբանել գիրքն ալ օգտակար գործիք մըն է։ Այդ գրքին 21-24–րդ էջերը Պուտտայականներուն, Պրահմանականներուն, Հրեաներուն եւ Իսլամներուն ի՛նչպէս ընդառաջելու մասին գործնական թելադրութիւններ կը հայթայթեն։
13 Ձեր Ըսածին Ուշադիր Եղէք. Զգոյշ պէտք է ըլլանք որ նոյն կրօնքի պատկանողներուն հետ միեւնոյն կերպով չհակազդենք, եզրակացնելով որ մէկու մը անձնական հաւատալիքները անպայմանօրէն նման են իր կրօնակիցներուն հաւատալիքներուն։ Փոխարէն, ջանացէք հասկնալ թէ ձեր հանդիպած անհատը ի՛նչպէս կը խորհի։ (Գործք 10։24-35) Որպէս Իսլամ մը, Սալիմուն մեծցած էր այն հաւատքով թէ Գուրանը Աստուծոյ Խօսքն էր։ Սակայն ան երբեք չէր կրցած լիովին ընդունիլ իսլամական ուսուցումը թէ՝ ամենագութ Աստուածը կրակոտ դժոխքի մէջ մարդիկը պիտի չարչարէ։ Օր մը, Եհովայի Վկաները զինք ժողովի մը հրաւիրեցին։ Ճշմարտութիւնը անմիջապէս բնորոշելով, ան ներկայիս որպէս երէց մը ուրախութեամբ կը ծառայէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։
14 Երբ քրիստոնէական կրօնքին չպատկանող անհատներու կը վկայենք, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ մեր մօտեցումը պատճառ չըլլայ որ անոնց հետ բարի լուրի մասին խօսակցելու մեր պատեհութիւնը կորսնցնենք։ (Գործք 24։16) Կարգ մը կրօնքներու հետեւորդները անհանգիստ կը դառնան, եթէ իրենց հաւատքէն դարձնելու որեւէ փորձ նկատեն։ Ուստի, արթուն եղէք կէտեր գտնելու, որոնցմով հասարակաց գետին մը պատրաստելով, կարենաք զանոնք Աստուծոյ Խօսքին լման ճշմարտութեան հրապուրել։ Ոչխարանման անհատները ազնիւ մօտեցումին եւ ճշմարտութեան յստակ ներկայացումին պիտի ընդառաջեն։
15 Անհրաժեշտ է որ պատշաճ բառեր ընտրենք, որպէսզի մարդիկ մեր պատգամին ականջ տան։ Օրինակի համար, եթէ անմիջապէս դուք ձեզ ծանօթացնէք որպէս Քրիստոնեայ մը, ձեր ունկնդիրը ինքնաբերաբար կրնայ ձեզ առնչել Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն հետ, ինչ որ կրնայ խոչընդոտ մը յառաջ բերել։ Նաեւ, լաւ կ’ըլլայ որ Աստուածաշունչին ակնարկէք որպէս «Սուրբ Գրութիւնները»։—Մատթ. 21։42. Բ. Տիմ. 3։15
16 Երբ ոչ–Քրիստոնեայ անհատի մը հանդիպիք ու դուք ձեզ պատրաստ չզգաք տեղւոյն վրայ վկայութիւն մը տալու, անոր ծանօթացէք ու թերթիկ մը տուէք։ Մէկ կամ երկու օր ետք վերադարձէք, վկայելու համար բաւարար չափով պատրաստուած ըլլալով։—Ա. Տիմ. 4։16. Բ. Տիմ. 3։17
17 Պուտտայականներու Վկայել. (Տես՝ Մարդկութիւնը Աստուած կը Փնտռէ գրքին 6–րդ գլուխը։) Իւրաքանչիւր հաւատացեալ պուտտայական նոյն հաւատալիքները չի բաժներ։ Փոխանակ անձնական Ստեղծիչի մը գոյութիւնը ջատագովելու, Պուտտայականութիւնը որպէս կրօնական իտէալ կը նկատէ Պուտտա Կոթաման, Հնդիկ մը որ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն ապրած է։ Երբ Կոթաման առաջին անգամ ըլլալով տեսաւ հիւանդ մը, ծեր մը եւ մեռած մարդ մը, կեանքի իմաստին նկատմամբ դառնապէս նեղացաւ։ Ան հարց տուաւ. «Մարդիկ ծնած են պարզապէս չարչարուելու, ծերանալու ու մեռնելո՞ւ համար»։ Անշուշտ, կրնանք գոհացնել այդ հարցումներուն պատասխանը առնել փափաքող անկեղծ Պուտտայականներուն։
18 Երբ Պուտտայականի մը հետ կը խօսակցիք, միմիայն ներկայացուցէք բոլոր սուրբ գրքերուն մեծագոյնին՝ Աստուածաշունչին՝ բովանդակած դրական պատգամը ու յստակ ճշմարտութիւնները։ Մարդոց մեծամասնութեան նման, Պուտտայականները մեծապէս հետաքրքրուած են խաղաղութեամբ, բարոյականութեամբ ու ընտանեկան կեանքով, իսկ յաճախ կ’ողջունեն այսպիսի բնաբաններու մասին եղած խօսակցութիւնները։ Այսպիսով կրնաք անհատին ուշադրութիւնը դարձնել Թագաւորութեան, որ մարդկային խնդիրներուն իսկական լուծումը կը հայթայթէ։
19 Այս երկրին կարգ մը մեծ քաղաքներուն մէջ բազմաթիւ Չինացիներ կ’ապրին, որոնք Պուտտայականութեան եւ Արեւելեան ուրիշ փիլիսոփայութիւններու կը հաւատան։ Անոնցմէ շատեր Միացեալ Նահանգներուն մէջ համալսարաններ կը յաճախեն։ Մոնթանայի մէջ ապրող քոյր մը, երբ նպարավաճառի մը քով Չինացի մարդ մը տեսաւ, Չինարէն լեզուով թերթիկ մը տուաւ անոր ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեց։ Մարդը ըսաւ. «Սուրբ Աստուածաշո՞ւնչը ըսել կ’ուզես։ Ամբողջ կեանքիս տեւողութեան ասիկա կը փնտռէի»։ Ան նոյն շաբաթը սկսաւ ուսումնասիրել ու բոլոր ժողովներուն յաճախել։
20 Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, Նեւատայի մէջ ռահվիրայ քոյր մը ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ Չինացի աշակերտներու։ Անգամ մը երբ կը քարոզէր շէնքի մը մէջ, որու ութը յարկաբաժինները բնակուած էին Չինացի աշակերտներով, ան Եհովայի աղօթեց որ իրեն օգնէ իւրաքանչիւր յարկաբաժնին մէջ ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։ Երկու շաբթուան մէջ, ան իւրաքանչիւր յարկաբաժնին մէջ առնուազն մէկ աշակերտի հետ կ’ուսումնասիրէր։ Ան հետեւեալ յաջող մօտեցումը կը գործածէ, ըսելով՝ թէ աշակերտներուն մէջ հասարակաց հետաքրքրութիւն մը գտած է. բոլորն ալ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կ’ուզեն։ Ապա կը հարցնէ եթէ իրենք ալ հետաքրքրուած են այս հարցերով։ Անոնք միշտ կը համաձայնին։ Ետքը, ան իրենց ուշադրութիւնը կ’ուղղէ Չինացիներու համար պատրաստուած գրքոյկին՝ Ի՛նչպէս Գտնել Մնայուն Խաղաղութիւն ու Երջանկութիւն։ Աշակերտներէն մէկը, ուսումնասիրութեան միայն հինգ նիստեր ունենալէ ետք, քրոջ ըսաւ որ երկար ժամանակէ ի վեր ճշմարտութիւնը կը փնտռէր, իսկ հիմա գտած էր զայն։
21 Պրահմականներուն Վկայել. (Տես՝ Մարդկութիւնը Աստուած կը Փնտռէ գրքին 5–րդ գլուխը։) Պրահմականութիւնը հաստատ հանգանակ մը չունի։ Անոր փիլիսոփայութիւնը շատ խրթին է։ Պրահմանականները իրենց գլխաւոր աստուածը՝ Պրահման՝ երրորդութիւն մը կը նկատեն (Պրահմա Ստեղծիչը, Վիշնու Պահպանիչը եւ Սէվա Կործանիչը)։ Հոգիի անմահութեան հաւատալը անհրաժեշտ է հոգեփոխութեան իրենց ուսուցումին համար, որու համաձայն Պրահմանականները կեանքի հանդէպ ճակատագրական տեսակէտ մը ունին։ (Տես՝ Պատճառաբանել [Անգլ.], էջ 317-321, եւ Դիտարան 1 Օգոստոս 1997, էջ 3-7։) Պրահմանականութիւնը հանդուրժողութիւն կը սորվեցնէ, թէ՝ բոլոր կրօնքները միեւնոյն ճշմարտութեան կ’առաջնորդեն։
22 Պրահմանականի մը վկայելու կերպերէն մէկն է, անոր բացատրել՝ որպէս կատարեալ մարդկայիններ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու մեր սուրբ գրային յոյսը, ինչպէս նաեւ՝ ամբողջ մարդկութեան դիմագրաւած կարեւոր հարցումներուն Աստուածաշունչի տուած գոհացուցիչ պատասխանները։
23 Հրեաներուն Վկայել. (Տես՝ Մարդկութիւնը Աստուած կը Փնտռէ գրքին 9–րդ գլուխը։) Ոչ–Քրիստոնեայ միւս կրօնքներուն հակառակը, Յուդայականութիւնը արմատներ ունի պատմութեան մէջ եւ ոչ թէ՝ դիցաբանութեան։ Եբրայերէն ներշնչեալ Գրութիւնները կենսական դեր մը խաղցած են ճշմարիտ Աստուածը ճանչնալու մէջ։ Սակայն, Աստուծոյ Խօսքը հակասելով, արդի Յուդայականութեան հիմնական մէկ ուսուցումն է՝ թէ մարդը անմահ հոգի ունի։ Հասարակաց գետին մը կարելի է հաստատել, հաւաստիացնելով թէ մենք Աբրահամի Աստուածը կը պաշտենք, ինչպէս նաեւ ընդունելով որ ներկայ աշխարհին մէջ բոլորս ալ միեւնոյն խնդիրներէն կը տառապինք։
24 Եթէ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք չունեցող Հրեայի մը հանդիպիք, լաւ կ’ըլլայ որ իրեն հարցնէք թէ մի՛շտ այդ կեցուածքը ունեցած է թէ ոչ. ասիկա կրնայ օգնել ձեզի որ որոշէք խօսելիք յարմարագոյն նիւթը։ Օրինակի համար, թերեւս ան երբեք գոհացուցիչ բացատրութիւն մը չէ լսած, թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Անկեղծ Հրեաները կրնանք քաջալերել որ վերաքննութեան ենթարկեն Յիսուսի ինքնութիւնը որպէս Մեսիա, ո՛չ թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի խեղաթիւրուած բացատրութեան համաձայն, այլ՝ ինչպէս որ Հրեայ գրողները զայն կը ներկայացնեն Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։
25 Իսլամներուն Վկայել. (Տես՝ Մարդկութիւնը Աստուած կը Փնտռէ գրքին 12–րդ գլուխը։) Իսլամները կը հաւատան մէկ Աստուծոյ ու կը նկատեն Մուհամմէտը (Հ.Դ. 570-632) որպէս իր վերջին ու ամենակարեւոր մարգարէն։ Քանի որ չեն հաւատար թէ Աստուած որդի մը ունի, Իսլամները կ’ընդունին Յիսուս Քրիստոսը որպէս Աստուծոյ ստորադաս մարգարէ մը եւ ո՛չ աւելի։ Գուրանը, որ շուրջ 1,400 տարեկան է, Եբրայերէն ու Յունարէն Գրութիւններէն մէջբերումներ կ’ընէ։ Իսլամութեան եւ եւ Կաթողիկէութեան միջեւ զօրաւոր նմանութիւններ կան։ Երկու կրօնքներն ալ կը սորվեցնեն հոգիի անմահութեան, առժամեայ տանջանքի եւ հրեղէն դժոխքի մասին։
26 Հասարակաց գետին մըն է մեր համոզումը թէ միայն մէկ ճշմարիտ Աստուած կայ եւ թէ Աստուածաշունչը իր կողմէ ներշնչուած է։ Գուրանի ուշադիր ընթերցող մը նկատած ըլլալու է որ Թորան, Սաղմոսներն ու Աւետարանները Աստուծոյ Խօսքը կոչուած են, ինչպէս նաեւ կարդացած ըլլալու է որ պէտք է ընդունի զանոնք որպէս Աստուծոյ Խօսք ու հնազանդի անոնց։ Հետեւաբար, կրնաք անհատին առաջարկել որ իր հետ այս գիրքերը ուսումնասիրէք։
27 Այս ներկայացումը կրնայ յաջողիլ անհատի մը հետ, որ ինքզինք կը բնորոշէ որպէս Իսլամ. «Թէեւ շատ Իսլամներու հետ խօսակցութիւն չեմ ունեցած, բայց ձեր կրօնքին կարգ մը ուսուցումներուն մասին այս գրքին մէջ կարդացած եմ։ [Բացէք Պատճառաբանել գրքին 24–րդ էջը (Անգլ.)։] Անիկա կ’ըսէ որ դուք կը հաւատաք որ Յիսուս մարգարէ մըն էր, բայց վերջին ու ամենակարեւոր մարգարէն Մուհամմէտն էր։ Կը հաւատա՞ք որ Մովսէս ճշմարիտ մարգարէ մըն էր։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Կրնա՞մ ձեզի ցոյց տալ թէ Մովսէս Աստուծմէ ի՞նչ սորվեցաւ Իր անձնական անուան մասին»։ Ապա կարդացէք Ելից 6։2, 3։ Վերայցելութեան ատեն, կրնաք նկատի առնել «Մէկ Աստուած, Մէկ Կրօնք» ենթագլուխը, Աստուծոյ Իրապէս Ենթարկուելու Ժամանակը խորագրով գրքոյկին 13–րդ էջին վրայ (Անգլ.)։
28 Ներկայիս, շատեր Եսայեայ 55։6–ին խօսքերուն հետ ներդաշնակ կը գործեն, ուր կը կարդանք. «Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է»։ Այս համարը կը կիրարկուի բոլոր պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց լեզուն կամ կրօնական ենթահողը։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա մեր ջանքերը պիտի օրհնէ մինչ կ’երթանք ու ‘բոլոր ազգերէն անհատներ կ’աշակերտենք’։—Մատթ. 28։19, ՆԱ։
[Նկար՝ էջ 4]
ՈՉ–ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պուտտայականներուն Համար
«Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» (Գրքոյկ)
Հայր մը Փնտռել (Գրքոյկ)
Չինացիներուն Համար
Ի՛նչպէս Գտնել Մնայուն Խաղաղութիւն ու Երջանկութիւն (Գրքոյկ)
Պրահմանականներուն Համար
Աստուածային Ճշմարտութեան Ճամբան Ազատագրութեան կ’Առաջնորդէ (Գրքոյկ)
Գուրուգշեդրայէն Արմագեդոն եւ Ձեր Վերապրումը (Գրքոյկ)
Ինչո՞ւ Պէտք Է Սիրով ու Ճշմարտութեամբ Աստուած Պաշտենք (Գրքոյկ)
Մահուան Վրայ Յաղթանակ—Ձեզի Համար Կարելի՞ Է (Գրքոյկ)
Ո՞վ Պիտի Օգնէ Մեզի որ Մեր Խնդիրները Լուծենք (Գրքոյկ)
Հրեաներուն Համար
Ի՞նչ Են Եհովայի Վկաներուն Հաւատալիքները (Թերթիկ թիւ 18)
Խաղաղ Նոր Աշխարհ մը՝ Պիտի Գա՞յ (Թերթիկ թիւ 17)
Պատերազմէ Զերծ Աշխարհ մը Պիտի Ըլլա՞յ (Գրքոյկ)
Իսլամներուն Համար
Աստուծոյ Իրապէս Ենթարկուելու Ժամանակը (Գրքոյկ)
Ի՛նչպէս Դրախտին Ճամբան Գտնել (Թերթիկ)