Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/01 էջ 3-4
  • Եհովայի Անունը եւ Գործերը Ճանչցնենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի Անունը եւ Գործերը Ճանչցնենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • ‘Բարի լուրին մասին լիակատար վկայութիւն տուր’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Շարունակեցէք Եհովայի Սքանչելիքներուն Մասին Պատմել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Եհովայի առաքինութիւնները հռչակէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 2/01 էջ 3-4

Եհովայի Անունը եւ Գործերը Ճանչցնենք

1 «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք, անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։ . . . Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ»։ (Սաղմ. 105։1, 3) Այս խօսքերը գրող սաղմոսերգուն Եհովայի եւ իր «գործերուն» մասին ուրիշներուն պատմելու մէջ մեծ ուրախութիւն գտաւ։ Ի՞նչ գործեր։ Անկասկած, Աստուծոյ փառաւոր թագաւորութեան եւ «անոր փրկութեան բարի լուրին» հետ առնչուող գործեր։—Սաղմ. 96։2, 3. 145։11, 12

2 Մինչ 2001–ի Յիշատակատօնին կը մօտենանք, մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած գործերուն համար ուրախ ըլլալու շատ պատճառներ ունինք։ Ի՞նչպէս։ Անկասկած, բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար Տէրունական Ընթրիքը տարուան ամենամեծ տօնակատարութիւնն է։ Կարեւորութեան, նպատակին եւ գործելակերպին ի տես, ոչ մէկ առիթ անոր նման է։ Անիկա ժամանակ մըն է, որ բոլորս յիշենք, թէ Եհովա եւ Յիսուս մեզի փրկութեան միջոց մը հայթայթելու համար ի՛նչ ըրած են։ Զարմանալի չէ որ Յիշատակատօնի շրջանին, մինչ ‘փրկութեան բարի լուրը’ կը ճանչցնենք, բնականաբար կ’ակնկալենք որ դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը աւելնայ։

3 Օժանդակ Ռահվիրայ մը Պիտի Ըլլա՞ք. Անցեալ Ապրիլին՝ 153,774 հոգի օժանդակ ռահվիրաներ եղան։ Այս տարի, կրնա՞նք Մարտն ու Ապրիլը ծառայութեան յաւելեալ գործունէութեան մասնայատուկ ամիսներ դարձնել։ Մարտը՝ հինգ Շաբաթ օրեր ունի, իսկ Ապրիլը՝ հինգ Կիրակիներ։ Շաբաթավերջերը բոլորովին ծառայութեան տրամադրելով, լիաժամ աշխատող հրատարակիչներէն շատեր նկատած են որ օժանդակ ռահվիրայութիւնը իրենց կարելիութեան սահմանին մէջ կ’իյնայ։ Ամիսը 50 ժամ պահանջին գոհացում տալու համար, օժանդակ ռահվիրայ մը շաբաթը միջին հաշուով 12 ժամ պէտք է ծառայէ։ Ուշադրութեամբ նկատի առէք էջ 4–ի շրջագծին մէջ թելադրուած յայտագիրները։ Ասոնցմէ մէկը ձեր պարագաներուն կը յարմարի՞։ Եթէ ոչ, թերեւս կրնաք ձեր անձնական յայտագիրը պատրաստել, որպէսզի այս Մարտին ու Ապրիլին ընթացքին օժանդակ ռահվիրայութիւն ընէք։

4 Երէցները հիմակուընէ պէտք է սկսին ծառայութեան յաւելեալ գործունէութեան հանդէպ խանդավառութիւն կերտել եւ անոր նեցուկ կանգնիլ։ Անցեալ տարի, ժողովքի մը մէջ ուր բոլոր երէցներն ու օգնական ծառաները օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկեցին, 121 հրատարակիչներէն 64–ը Ապրիլի ընթացքին ռահվիրաներ եղան։ Ժողովքը նաեւ ուրախացաւ երբ Մարտին եւ Ապրիլին վեց նոր հրատարակիչներ սկսան տեղեկագրել։ Արդարեւ, չկայ ասկէ աւելի յարմար ժամանակ, որպէսզի երախաներ եւ նորեկներ երէցներուն հարցնեն թէ հանրային վկայութեան գործունէութեան մասնակցելու որակելի՞ են։

5 Յաւելեալ Ջանքը Օրհնութիւններ կը Բերէ. Մասնայատուկ նպատակակէտեր դնող եւ յաւելեալ ջանքեր թափող ժողովքներ, բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելեն։ Կարգ մը ժողովքներ մասնայատուկ ուշադրութիւն կրնան ընծայել՝ հազուադէպօրէն աշխատցուած թաղամասեր աշխատելու, վկայութեան տարբեր երեսակներու վրայ կեդրոնանալու, կամ ալ հեռաձայնով վկայելը աչքառու կը դարձնեն՝ որպէս ազդու միջոց մը շփման մէջ գալու տունը չեղողներուն եւ անհասանելի վայրեր բնակողներուն հետ։

6 Վատառողջութիւնը կամ ծերութիւնը պէ՞տք է արգելք հանդիսանայ որ անհատ մը ծառայութեան մէջ կարելի եղածին չափ շատ բաժին բերէ։ Ո՛չ ամէն պարագաներու։ Օրինակի համար, խլիրդէ տառապող 86 տարեկան քոյր մը, հակառակ իր ուռած ոտքերուն, Ապրիլին օժանդակ ռահվիրայ եղաւ։ Հեռաձայնով վկայելը կարելի դարձուց որ ան ծառայութեան մէջ լիարժէք մասնակցութիւն բերէ, Եհովայի մատուցած իր փառաբանութիւնը աւելցնելով։ Ասիկա թէ՛ իր եւ թէ ժողովքին վրայ խթանիչ ազդեցութիւն մը ունեցաւ։

7 Յիշատակատօնին Համար Լա՛ւ Պատրաստուեցէք. Այս տարի Յիշատակատօնը Ապրիլ 8–ին է։ Քանի որ անիկա Կիրակի օր է, ասիկա կարելի պէտք է դարձնէ որ աւելի շատ անհատներ ներկայ գտնուին։ Ցարդ ներկաներու մեծագոյն թիւը կրնանք ունենալ, եթէ՛ մեր բաժինը բերենք (1) անձնապէս ներկայ գտնուելով եւ (2) ուրիշները հրաւիրելով որ Յիշատակատօնին մեզի միանան։ Որո՞նց պէտք է հրաւիրենք։

8 Դաշտի ծառայութեան ձեր արձանագրութիւնները վերաքաղ ըրէք, փնտռելով անհատներ որոնք ճշմարտութեան հանդէպ որոշ չափով հետաքրքրութիւն ցոյց տուած են, եւ ներկայիս անոնց կանոնաւորաբար չէք այցելեր։ Յիշատակատօնէն երկու կամ երեք շաբաթ առաջ, այս բոլոր անհատներուն այցելեցէք, Յիշատակատօնի հրաւիրագիր մը տալու համար։ Եթէ ձեր պարագաները ներեն, ներկայ գտնուիլ փափաքողներուն փոխադրութեան միջոց մը ապահովեցէք։

9 Կարգ մը ժողովքներ, Յիշատակատօնի հրաւիրագիրներուն բոլորը չեն գործածեր։ Ժողովքի քարտուղարը վստահ պէտք է ըլլայ որ հրաւիրագիրները ժամանակէն բաւական առաջ բոլորին մատչելի են, որպէսզի բաժնուին։ Թերեւս փափաքիք հրաւիրագրին տակը Յիշատակատօնի ժամն ու վայրը մեքենագրել կամ կոկիկ կերպով տպել։ Կամ կրնաք Թագաւորութեան Սրահին հասցէն ցոյց տուող յայտաթերթիկ մըն ալ տալ, եթէ ձեր Յիշատակատօնը հոն տեղի պիտի ունենայ։ Առ ի վերյիշեցում, շատ մը պարագաներուն Յիշատակատօնի հրաւիրագիրները տանտէրներուն անձնապէս պէտք է տրուին։

10 Յիշեցէ՛ք Անգործունեայ Անհատները. Ուրախութեան պատճառ մըն է երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը իր անձը Եհովայի կը նուիրէ եւ զայն ջուրի մկրտութեամբ կը խորհրդանշէ։ Սակայն, ամէն տարի, մեզմէ ոմանք մեր հետ ընկերակցելէ եւ Եհովայի ու իր գործերուն մասին ուրիշներու խօսելէ կը դադրին։ Ասիկա մտահոգուելու վաւերական պատճառ մըն է։ Թէեւ անգործունեայ անհատներու մեծամասնութիւնը ճշմարտութիւնը չէ լքած, սակայն, վհատութեան, անձնական խնդիրներու կամ կեանքի այլ մտահոգութիւններու պատճառաւ թերեւս քարոզելէ դադրած են։ (Մատթ. 13։20-22) Հոգեւորապէս տկար անհատներ ժողովքին վերադառնալու համար օգնութեան կարիքը ունին, Սատանայի դրութիւնը զանոնք լափելէ առաջ։ (Ա. Պետ. 5։8) Այս Յիշատակատօնին կ’ուզենք մասնայատուկ ջանք թափել, որպէսզի որակելի եղող բոլոր անգործունեայ անհատները բարի լուրի քարոզչութեան մէջ դարձեալ բաժին բերեն։

11 Ժողովքին քարտուղարը պէտք է գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները տեղեակ պահէ, եթէ իրենց խումբին մէջ անգործունեայ անհատ մը կայ։ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը նախաքայլը պիտի առնէ կարգադրութիւններ ընելու, որ անգործունեայ բոլոր անհատներուն հովուական այցելութիւններ տրուին։ Եթէ տեսնուի թէ անհատը կրնայ օգտուիլ եթէ իր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարուի, ծառայութեան տեսուչը օգնութեան համար կարգադրութիւն պիտի ընէ, ծառայութեան յանձնախումբի միւս անդամներուն կարծիքը առնելէ ետք, թէ այս ուսումնասիրութիւնը վարելու համար յարմարագոյն անհատը ո՛վ է։ Թէեւ անհրաժեշտ կրնայ չըլլալ որ ուսումնասիրութիւնը երկար ատեն վարուի, բայց զայն վարելու համար նշանակուած անհատը կրնայ տեղեկագրել ժամանակը, վերայցելութիւնները եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը։

12 Անցեալ Ապրիլին, տունէ տուն քարոզող քոյր մը, պարբերաթերթերը ներկայացուց փողոցը գտնուող երիտասարդի մը։ Ան յայտնեց թէ իր կինը անգործունեայ Վկայ մըն էր։ Թագաւորութեան Սրահին հասցէն ուզեց եւ զինք հրաւիրեց որ իրենց այցելէ։ Հետեւանքը եղաւ որ այս զոյգը յաջորդ ժողովին ներկայ գտնուեցաւ եւ համաձայնեցաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ։

13 Պատրաստուեցէ՛ք Յաւելեալ Գործունէութեան Համար. Այն սաղմոսերգուն որ ըսաւ թէ Եհովայի անունն ու գործերը պէտք է պատմենք, աւելցուց. «Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր, պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։ Անոր սուրբ անունովը՝ հպարտացէ՛ք»։ (Սաղմ. 105։2, 3) Եհովայի մեծ անուան եւ «հրաշքներ»ուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տանք, ծառայութեան մէջ մեր ջանքերը աւելցնելով, եւ այս Յիշատակատօնը ցարդ մեծագոյնը դարձնելով։

[Շրջանակ՝ էջ 4]

Օժանդակ Ռահվիրայութեան Համար Շաբաթը 12 Ժամ Յայտագրելու Զանազան Կերպեր

Օր Ժամեր

Երկուշաբթի 1 2 − −

Երեքշաբթի 1 − 3 −

Չորեքշաբթի 1 2 − 5

Հինգշաբթի 1 − 3 −

Ուրբաթ 1 2 − −

Շաբաթ 5 4 3 5

Կիրակի 2 2 3 2

Ընդհանուր Գումարը: 12 12 12 12

Այս յայտագիրներէն մէկը ձեզի կը յարմարի՞։ Եթէ ոչ, ինչո՞ւ ձեր անձնական յայտագիրը չպատրաստէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել