Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւններ սկսիլ
Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատել, որպէսզի զայն վարելով ուրախանանք։ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ խորագրով նոր գիրքը կրնայ մեզի օգնել։ Էջ 3-7–ի վրայ գտնուող յառաջաբանին միջոցով կրնանք տանտիրոջ հետ աստուածաշնչական խօսակցութիւն ունենալ։ Նոյնիսկ ծառայութեան մէջ սահմանափակ փորձառութիւն ունեցողները զայն դիւրաւ պիտի գործածեն՝ ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։
◼ Էջ 3–ը գործածելով՝ կրնաս սա մօտեցումը փորձել.
Թաղամասիդ մէջ գտնուող մարդոց միտքը զբաղեցնող լուր մը կամ խնդիր մը նշելէ ետք, տանտիրոջ ուշադրութեան յանձնէ 3–րդ էջի սեւատիպ հարցումները, եւ խնդրէ որ մեկնաբանէ։ Ապա բաց 4-5–րդ էջերը։
◼ Կամ թերեւս նախընտրես սկսիլ՝ 4-5–րդ էջերը ուշագրաւ դարձնելով.
Կրնաս ըսել. «Հոյակապ չէ՞ր ըլլար եթէ այս նկարագրուած փոփոխութիւնները իրապէս տեղի ունենային»։ Կամ՝ թերեւս հարցնես. «Այս խոստումներէն ո՞ր մէկը կը փափաքիս որ կատարուի»։ Ուշի–ուշով անոր պատասխանը մտիկ ըրէ։
Եթէ տանտէրը յատկապէս հետաքրքրուի համարով մը, անոր ցոյց տուր թէ Աստուածաշունչը այդ նիւթին մասին ի՛նչ կը սորվեցնէ, նկատի առնելով գիրքին այն պարբերութիւնները որ համարը կը քննարկեն։ (Տես այս էջին շրջանակը։) Նիւթը նկատի առ ճիշդ ինչպէս պիտի ընէիր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ընթացքին։ Ասիկա կարելի է ընել դրան առջեւ՝ առաջին հանդիպումին, 5-10 վայրկեան տրամադրելով։
◼ Ուրիշ մօտեցում մըն է՝ 6–րդ էջը գործածելով անհատին կարծիքը առնել.
Տանտիրոջ ուշադրութիւնը հրաւիրէ էջին վարը գտնուող հարցումներուն վրայ եւ հարցուր. «Բնաւ մտածա՞ծ ես այս հարցումներէն մէկուն մասին»։ Եթէ ան որոշ հարցումով հետաքրքրուի, բաց գիրքին այն պարբերութիւնները որ հարցումին կը պատասխանեն։ (Տես այս էջին շրջանակը։) Մինչ միասնաբար տեղեկութիւնները նկատի կ’առնէք, արդէն սկսած ես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։
◼ Էջ 7–ն գործածելով կրնաս ճամբան հարթել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ցուցադրութեան.
Կարդա՛ էջին առաջին երեք նախադասութիւնները, ապա 3–րդ գլուխը բաց եւ ուսումնասիրութիւնը ցուցադրէ, գործածելով 1-3–րդ պարբերութիւնները։ Կարգադրէ վերադառնալ, 3–րդ պարբերութեան հարցումներուն պատասխանները նկատի առնելու համար։
◼ Ի՛նչպէս վերայցելելը կարգադրել.
Երբ առաջին ուսումնասիրութիւնը պիտի եզրափակես, կարգադրէ որ քննարկումը շարունակես։ Պարզապէս կրնաս ըսել. «Միայն քանի մը վայրկեան յատկացնելով, տեղեկացանք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ կարեւոր նիւթի մը շուրջ։ Յաջորդ անգամ, կրնանք նկատի առնել [նշէ հարցում մը]։ Կրնա՞մ յառաջիկայ շաբաթ նոյն ժամուն այցելել»։
Մինչ Եհովայի որոշած ժամանակին աւելի կը մօտենանք, ան կը շարունակէ մեզ զինել կատարուելիք գործին համար։ (Մատթ. 28։19, 20. Բ. Տիմ. 3։17) Թող այս սքանչելի նոր գործիքը ազդուօրէն գործածենք՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Էջ 4-5–ի վրայ նշուած համարներուն քննարկումը
◻ Յայտնութիւն 21։4 (էջ 27-28, պարբ. 1-3)
◻ Եսայեայ 33։24. 35։5, 6 (էջ 36, պարբ. 22)
◻ Յովհաննու 5։28, 29 (էջ 72-73, պարբ. 17-19)
◻ Սաղմոս 72։16 (էջ 34, պարբ. 19)
Էջ 6–ի վրայ նշուած հարցումներուն պատասխանները
◻ Ինչո՞ւ կը տառապինք։ (էջ 108-109, պարբ. 6-8)
◻ Ի՞նչպէս կրնանք կեանքի մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլել։ (էջ 184-185, պարբ. 1-3)
◻ Ի՞նչպէս կրնանք մեր ընտանեկան կեանքը աւելի երջանիկ դարձնել։ (էջ 143, պարբ. 20)
◻ Ի՞նչ կը պատահի մեզի՝ երբ կը մեռնինք։ (էջ 58-59, պարբ. 5-6)
◻ Մեր սիրելի ննջեցեալները դարձեալ պիտի տեսնե՞նք։ (էջ 72-73, պարբ. 17-19)
◻ Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած ապագայի նկատմամբ իր խոստումները պիտի կատարէ։ (էջ 25, պարբ. 17)