Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 7/15 էջ 32
  • «Ի՜նչ գեղեցիկ պատկերներ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ի՜նչ գեղեցիկ պատկերներ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Առաջնորդութիւն Առնող Տեսուչներ—Դիտարանի Ուսումնասիրութեան Վարիչը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Ժողովքի Գրի Ուսումնասիրութիւնը Դաստիարակչական Գործունէութիւններ Յառաջ Կը Մղէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Անխախտ Պահենք Մեր Յոյսին Դաւանութիւնը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 7/15 էջ 32
[Նկար՝ էջ 32]

«Ի՜նչ գեղեցիկ պատկերներ»

Այս պարբերաթերթին նոր թիւ մը բանալով, քանի՞ անգամ դուն քեզի կամ ուրիշներուն այս խօսքը ըսած ես։ Մեծ խնամքով պատրաստուած գեղեցիկ պատկերներն ու նկարները նպատակ ունին։ Ատոնք ուսուցումի մեթոտներ են, որոնք մեզ կը մղեն մտածելու եւ զգալու։ Անոնք մասնաւորաբար օգտակար կրնան ըլլալ, երբ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կը պատրաստենք եւ մեկնաբանութիւններ կը ներկայացնենք։

Օրինակի համար, պահ մը մտածէ թէ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան յօդուածի առաջին պատկերը ինչո՛ւ ընտրուած էր այդ յօդուածին համար։ Ատիկա ի՞նչ կը պատկերացնէ եւ ինչպէ՞ս առնչուած է յօդուածին վերնագրին կամ գլխաւոր համարին։ Իւրաքանչիւր պատկերի նկատմամբ, մտածէ թէ ատիկա ի՛նչ կապ ունի քննարկուած նիւթին եւ քու կեանքիդ հետ։

[Նկար՝ էջ 32]

Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան վարիչը պիտի ուզէ ներկաներուն պատեհութիւն տալ, որ իւրաքանչիւր պատկերի շուրջ մեկնաբանեն, ըսեն թէ ինչպէ՛ս կը կիրարկուի ուսումնասիրութեան կամ ի՛նչ տպաւորութիւն կը ձգէ իրենց վրայ։ Կարգ մը պարագաներուն, պատկերի խորագրին մէջ կը նշուի թէ պատկերը ո՛ր մասնայատուկ պարբերութեան կը վերաբերի։ Այլապէս, վարիչը կ’որոշէ ո՛ր պարբերութեան հետ պատկերը քննարկել։ Այսպիսով, բոլորը լիովին պիտի օգտուին տարուած աշխատանքէն, որուն նպատակն է՝ օգնել ընթերցողին որ Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած դասերը պատկերացնէ։

Եղբայր մը ըսաւ. «Հոյակապ կերպով շարադրուած յօդուած մը կարդալէ ետք, պատկերները զայն աւելի հրապուրիչ կը դարձնեն»։

[Նկար՝ էջ 32]
    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել