ԴԻՏԱՐԱՆԸ—ԱՏԵՆԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵՐԱԿՈՒՐ Է
1 Շուրջ 114 տարի, Դիտարանը իր ընթերցողները կը յորդորէ որ հոգեւորապէս արթուն մնան։ Անոր ընկերակից պարբերաթերթը՝ Զարթի՛րը, վստահութիւն կը կերտէ Ստեղծիչին խոստումին հանդէպ թէ մեր սերունդին ընթացքին խաղաղ եւ ապահով նոր աշխարհ մը պիտի ըլլայ։ Այս երկու հրատարակութիւնները հաւատարիմ գործիքներ եղած են մեր ճամբան լուսաւորելու խաւար աշխարհի մը մէջ։ (Եսայ. 60։2) Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը երբեք չի փոխուիր, բայց զանիկա հասկնալը աւելի յստակ կ’ըլլայ մինչ Եհովա կը գործածէ այս եւ ուրիշ գործիքներ որպէսզի ‘ատենին մեզի հոգեւոր կերակուր տայ’։—Մատթ. 24։45. Առ. 4։18
2 Պարբերաթերթերը Լաւագոյն Կերպով Գործածեցէք. Մեր ստացած հոգեւոր լուսաւորումին համար մեր երախտագիտութիւնը կրնանք ապացուցանել ուրիշները խանդավառօրէն քաջալերելով որ Դիտարանը եւ Զարթի՛րը կարդան։ Սովորաբար, բաժանորդագրութիւն մը պիտի չառաջարկենք երբ սկզբնական այցելութիւն մը կ’ընենք տունէ–տուն գործունէութեան ընթացքին։ Շատ մը անհատներ պարբերաթերթերէն մէկական օրինակներ կը ստանան գրեթէ կանոնաւոր կերպով եւ ակներեւաբար հաճոյք կը զգան զանոնք կարդալով։ Այս անհատները կրնան գնահատել վեց ամսուայ բաժանորդագրութիւն մը ստանալու պատեհութիւնը։ Սակայն, լաւագոյն բանն է պարբերաթերթերէն մէկական օրինակներ մատուցանել այն տանուտէրներուն որոնք մեր գրականութիւններուն հետ քաջածանօթ չեն եւ անոնց արժէքը սահմանափակ կերպով կը գնահատեն։
3 Ինչպէ՞ս կրնաք զատորոշել թէ հարազատ հետաքրքրութիւն կայ։ Երբ պարբերաթերթէ մը, թերթիկէ մը կամ գրքոյկէ մը մէկ կամ երկու կէտեր ցցուն կ’ընէք, տանուտիրոջ հակազդեցութիւնը նկատեցէք։ Ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ՞։ Աստուածաշունչը կը յարգէ՞ եւ Աստուածաշունչի համարներու ընթերցանութեան կը հետեւի՞։ Տեսակէտ ցոյց տուող հարցումներու կը պատասխանէ՞։ Եթէ պարագան այդպէս է, կարգադրեցէք վերայցելութիւն մը մէկ շաբթուայ ընթացքին եւ յաւելեալ խօսակցութիւն մը վայելեցէք այդ ժամանակ։ Եթէ յստակ է թէ տանուտէրը կը կարդայ իրեն մատուցուած գրականութիւնը եւ կը գնահատէ հոգեւոր բաներու մասին խօսիլը, կրնաք իրեն հարցնել եթէ կ’ուզէ պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար ստանալ։
4 Պարբերաթերթերէն մէկական օրինակներ կարելի է ներկայացնել գործակիցներու, դասընկերներու եւ ազգականներու։ Պարբերաթերթերը կարելի է նաեւ ներկայացնել գործով ծանօթ եղողներուն եւ անպաշտօն վկայութեան ատեն։
5 Նոր պարբերաթերթերը պէտք է հրատարակիչներուն մատչելի ըլլան, անմիջապէս որ ժողովքին հասնին։ Երբ նոր թիւ մը ստանաք, անոր կատարելապէս քաջածանօթ եղէք։ Ի՞նչ նիւթեր խորապէս հետաքրքրական են ձեր շրջանին մէջ եղող մարդոց։ Համաշխարհային խաղաղութիւնն ու ապահովութի՞ւնը։ Տնտեսական վիճա՞կը։ Լաւ կառավարութի՞ւնը։ Միջավա՞յրը։ Ուշագրաւ կերպով, Դիտարանը մարդոց կ’առաջնորդէ մնայուն միակ լուծումին՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան։ (Դան. 2։44. Մատթ. 6։10) Ան իրապէս անգին պարգեւ մըն է մեր «Մեծ Ուսուցիչ»էն։—Եսայ. 30։20, ՆԱ
6 Ապրիլ եւ Մայիս ամիսները հոյակապ առիթներ կը հայթայթեն աւելի ժամանակ տրամադրելու դաշտի ծառայութեան։ Քանի որ Մայիս ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, շատեր օժանդակ ռահվիրայութեան պիտի մասնակցին։ Բոլորս ալ կրնանք հիմա անձնական նպատակակէտեր դնել մեր դաշտի ծառայութիւնը աւելցնելու այս երկու ամիսներուն ընթացքին եւ խանդավառօրէն քաջալերել ամէն անհատ, որու կը հանդիպինք, որ Դիտարանը եւ Զարթի՛րը կարդայ։